Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Ալի Եահիա Արաբական Ծոցի գործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ճասեմ Պտէուիին հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Խորհուրդը ողջունեց Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները, ապա վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ:
Նախարարը շեշտեց, որ Արաբական Ծոցի պետութիւնները համաձայնաբար կը ծրագրեն Սուրիոյ օգնութեան ձեռք երկարել, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակները բարելաւող աշխատանքներուն:

Եահիա յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաայի Քուէյթ այցելութեան արդիւնքները դրական էին, աւելցնելով, որ կը նախատեսուի մօտ օրէն Քուէյթի մէջ սուրիական դեսպանատունը բանալ։