Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը յայտնած է, որ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովներու ներկայացուցիչները հանդիպած են։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանին համաձայն, քննարկումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են հակամարտութեան ընթացքին անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրի պարզաբանումին առնչուող մարդասիրական հարցերուն։
Հաղորդագրութեան համաձայն, դիտարկուած են տեղեկատուութեան փոխանակումի, ինչպէս նաեւ որոնողական աշխատանքներու կազմակերպումի համակարգման կարելիութիւնները։
«Կողմերը շեշտած են մարդասիրական ոլորտի մէջ շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու շփումները՝ ի շահ անյայտ կորսուած անձերու ընտանիքներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։