Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւնները նոր էջ բացին արտաքին յարաբերութիւններու իրենց մատեանին մէջ։ Այս էջին ամէնէն ակնառու կողմը, մինչեւօրս, ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններն են, զորս կարելի է բնութագրել որպէս տասնամեակներ շարունակ բացակայող մերձեցում, որ երկխօսութեան արագ զարգացող դաշտ կը ստեղծէ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահին եւ ծոցի երկիրներու առաջնորդներուն միջեւ: Այս «նոր էջ»-ը, ըստ յայտարարուող հաղորդագրութիւններու, կ’ընդգծէ քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ արաբական մերձեցման առանցքները։
Յարաբերութիւններու այս վերածնունդը Սուրիան կը դնէ նոր ուղիի մը վրայ։
Ակներեւ է, որ վերջին շրջանին, կողմերու միջեւ աշխոյժ հանդիպումները չսահմանափակուեցան միայն առաջնորդներով, այլեւ ընդլայնեցան՝ ներառելով արտաքին գործոց նախարարներու եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններ Սուրիոյ եւ ծոցի երկիրներու մեծ մասին, մասնաւորաբար՝ Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի, ԱՄԷ-ու, Քաթարի եւ Քուէյթի միջեւ։
Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, այցելութիւնները կը ներառեն տարածաշրջանային քաղաքական զարգացումներու եւ ապահովութեան առնչուող քննարկումներ։
Անկախ արաբական միացեալ մտահոգութիւններէն, Սուրիոյ ներկայ կառավարութեան եւ ծոցի երկիրներու արագ կշռոյթով զարգացող յարաբերութիւնները հիմնուած են առաւելաբար ռազմավարական փոխադարձ շահերու վրայ։
Ծոցի երկիրները Սուրիոյ կայունութիւնը տարածաշրջանային ապահովութեան համար կարեւոր երաշխիք կը համարեն։ Ու թէեւ ժողովուրդներու միջեւ պատմական, եղբայրական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին, այդուհանդերձ երբ Սուրիա կը նախաձեռնէ քաղաքական համարձակ ու թափանցիկ յարաբերութիւններու ու այդ յարաբերութիւնները կը համընկնին ապահովութեան երաշխիքներուն, համագործակցութիւնը կը դառնայ կայունութիւնը խթանող տարածաշրջանային ազդակ։
Երկրի իշխանութիւններու բոլոր կողմերուն հետ թափանցիկ յարաբերութիւններ մշակելու քաղաքականութիւնը կ’ամրապնդէ դրացի երկիրներու վստահութիւնը եւ կը խթանէ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ ներկայ փուլը վերածելով ռազմավարական վերածաղկումի սկզբնական քայլի, որ կրնայ գերազանցել դիւանագիտական փաղաքշանքը։
Բնականաբար ծոցի երկիրներու աջակցութիւնը Սուրիոյ վերակառուցման եւ երկրէն ներս մեծ ներդրումներու իրականացման կախեալ է տարածաշրջանային եւ Սուրիոյ ներքին կայունութենէն։ Այս կայունութեան հաստատման եւ տարածաշրջանային ուժերու ազդեցութեան հաւասարակշռութեան պահպանման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի յատկապէս Սէուտական Արաբիան։
Այս բոլորին լոյսին տակ Սուրիա կը ջանայ լուսարձակի տակ պահել որպէս արաբական երկիր տարածաշրջանի կայունութեան նպաստելու իր կարեւոր դերը։ Նախագահը յստակօրէն կը յայտարարէ, որ չի ձգտիր որեւէ օրակարգ Սուրիայէն դուրս արտահանել, հետեւաբար ծոցի երկիրներու աջակցութիւնը քաղաքական ներդրում կը համարէ՝ ի նպաստ երկարաժամկէտ տարածաշրջանային կայունութեան եւ Սուրիոյ արաբական դերի վերականգնումին։
Սուրիոյ եւ ծոցի երկիրներու յարաբերութիւնները նոր փուլ կը թեւակոխեն, ու թէեւ այս փուլը տակաւին իր վերջնական ձեւաւորումը չէ ստացած, սակայն անդրանցած է յարաբերութիւններու սառեցման շրջանը՝ յատկապէս ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներու չեղարկումէն ետք։
Քաղաքական այն նոր դիպաշարին վրայ ողջագուրումները կը փոխարինեն օտարացման տեսարանները՝ արձանագրելով «զգուշաւոր», բայց ուշագրաւ քայլեր տարածաշրջանային ապահովութեան, ուժերու ազդեցութեանց հաւասարակշռութեան եւ տնտեսական անկաշկանդ գործակցութեան ճանապարհին։