Եգիպտահայ նկարիչ Օննիկ Աւետիսեան, հակառակ որ արժէքաւոր վաստակ մը գումարած է հայ նկարչութեան գանձարանին մէջ, կը մնայ քիչ ծանօթ մեր արուեստագէտներէն մէկը։
Նկարազարդած է Երուսաղէմի Ս. Յարութիւն տաճարը, որուն համար Հայոց պատրիարքարանի հրաւէրով գացած է Երուսաղէմ եւ մնացած 1941-1943 տարիներուն: Կեանքին վերջին շրջանին նկարազարդած է Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցին:
Ծնած է 20 Նոյեմբեր, 1898-ին, Պրուսայի մէջ (Թուրքիա)։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Կ.Պոլսոյ մէջ։ 1921-1925-ին ուսանած է Վիեննայի կրաֆիք արուեստի դպրոցին մէջ, իսկ յետոյ ուսումը շարունակած է Հռոմի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ, զոր աւարտած է 1927-ին։ Այնուհետեւ փոխադրուած է Գահիրէ, ուր 1929-1934-ին դասաւանդած է Նուպարեան ազգային եւ Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ։ 1936-1941-ին Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ դասաւանդելէ ետք, վերադարձած է Գահիրէ։
Նամակ մը, գրուած եւ ուղղուած ՏՏ Մեսրոպ Պտր. Նշանեանին, Շ.(ահան) Ռ.(Էթէոս) Պէրպէրեանի կարծիքն է՝ Օ. Աւետիսեանի այդ նկարներուն մասին:
Դժբախտաբար այս նամակը անթուակիր է, բայց հետեւցնելով Աւետիսեանի աշխատանքէն, կ’ենթադրենք թէ 1942-1943-ի միջեւ պէտք է գրուած ըլլայ:
Կը մէջբերենք ամբողջութեամբ:
«Մեծապատիւ ՏՏ Մեսրոպ Ս. Արքեպ. Նշանեան
Պատրիարք Ս. Եր.ի եւ նախագահ Տնօրէն Ժողովոյ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան
Աստ
Մեծապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր.-
Յանուն Ձերդ  Ամենապատւութեան,
Միաբանութեանդ Տնօրէն ժողովը պատիւը ըրած էր ինձ՝ զիս անդամ նշանակելու այն մարմնին որ պաշտօն ունէր իր դատաստանը բերելու՝ վերանորոգուած Ս. Գրիգոր Լուս.ի եկեղեցւոյ համար նկարիչ Պրն. Օ. Աւետիսեանի պատրաստած առաջին՝ «Մկրտութիւն Քրիստոսի» նկարի մասին»:
«Ինձմէ խնդրուած ըլլալով գրաւոր ներկայացնել իմ նկատողութիւններս, կը փութամ տալ զանոնք յետագայ տողերով»:
«1.- Գործի ընդհանուր նկարագիրը.- Ս. Գրիգոր Լուս. Եկեղեցւոյ վերանորոգման մէջ գլխաւորաբար ջանք տարուած ըլլալով եկեղեցւոյն կառոյցին վերադարձնելու իր նախնի ճարտարապետական նկարագիրը որ Ռօման-Հայկական է, անհրաժեշտ է որ անոր ի նորոյ նկարազարդումը տեղի ունենար համապատասխան նկարչական ոճով մը՝ ապահովելու համար այդպէս եկեղեցւոյ յետագային ներգործելիք ընդհ. տպաւորութեան միութիւնը.- այսպէս, օրինակ, բաղձալի պիտի չըլլար որ Ռաֆայէլեան կամ յետ Ռաֆայէլեան իտալական ոճով նկարներ դրուէին հոն: Միեւնոյն ատեն, սակայն, նկարներու ոճը պէտք էր ըլլար նաեւ մեր ժամանակի ճաշակին մէջ, որպէսզի պարզ pastiche-ի մը – հին ոճի մը կեղծ նմանեցմանը տպաւորութիւնը չընէր նկարազարդումը: Այս կրկին պայմաններուն հետ ու երկրորդին իրագործմանը համար իսկ՝ անհրաժեշտ էր որ նկարիչը կատարէր ճշմարիտ ստեղծում մը, այսինքն անձնական յղացում ու զգացում բերէր իր գործին մէջ: Ըստ իս՝ նկարիչը յաջողած է այդ երեք պայմաններուն հաշտեցման դժուարին ձեռնարկին մէջ, մասնաւորաբար օգտագործելով այն պարագան որ արդէն մեր օրերուն զարդանկարչութիւնը մասնաւորաբար կրօնականը՝ Puvis de Chavanne[s] 1 էն ի վեր, վերադարձ մը ըրած է դէպի նախա-Ռաֆայէլեան-միջնադարեան արուեստը: Յամենայն դէպս, ներկայացած «Քրիստոսի Մկրտութիւն» նկարը կը յայտնաբերէ
Ա) Հայ մանրանկարչական ոճի ներշնչում մը:
Բ) Եւրոպական ճաշակով մեծութիւն մը այդ ոճին:
Գ) Անձնական յղացման եւ արուեստագիտական զգացման դրոշմ մը»:
«2.- Գործին նիւթը եւ յօրինուածքը.- Նիւթին եւ անկէ պահանջուած անձնաւորութիւններուն շարադասութիւնը եղած է նկարին մէջ՝ ըստ հայ մանրանկարչութեան մէջ նոյն նիւթին համար տեսնուածին: Քրիստոս մէջտեղն է իբր աւագ անձնաւորութիւն՝ հոգեկան կեդրոնացման եւ վերին ներշնչման մը ենթակայութեան դիրքով մը եւ արտայայտութեամբ: Ձախին՝ Յովհաննէս Մկրտիչ՝ բարոյական կորովի եւ համոզման ուժեղ կեցուածքով մը, իսկ անդին՝ երեք հրեշտակները իրապէս «զուարթուններ»-ին ingenuite-ի եւ փութկոտ սպասարկութեան երջանիկ խմբում մը ներկայացնելով: Նկարին գլխաւոր զանգուածներուն եւ գիծերուն յօրինուածքը յաջող կառոյց մըն է՝ թաքուն կերպով Հայ Տաճարի «մեծ ձեւը» թելադրող»:
«3.- Թէքնիքը եւ Ոճը.- Նկարին մէջ գործ դրուած է թէ միջնադարեան եւ թէ արդիական զարդանկարչութեան յատկանշական «հարթերանգային» (ton plat) թեքնիքը: Գոյները կենդանի են ու թարմ, առանց պոռոտ ըլլալու, ինչպէս հայ մանրանկարչութեան մէջ, եւ ընդհանուր ներդաշնակութիւնը հանդարտ, խաղաղ պայծառութեան մը եւ կրօնական հրճուանքի զգացում մը կը թելադրէ, արտայայտիչ՝ պատկերացուած պահուն ոգիին – պահ՝ հոգեկան, աստուածային ներշնչումին ուրախութեանը:- Գիծերը առհասարակ, ու մասնաւորաբար geste-երու գիծերը կը յայտնաբերեն արուեստագիտական կենդանի տուչութեան (rendu) դրոշմ մը»:
«Աւելորդ չեմ գտներ ստորեւ տալ նոյնպէս՝ իմ կարծիքը, քննիչ մարմնի նիստի ընթացքին անդամներէ ոմանց կողմէ արտայայտուած ինչ ինչ նկատողութիւններու եւ կանխահոգութիւններու մասին:
Ա) Քննիչ մարմնի ճարտարապետ անդամը փափաք յայտնեց որ նկարները ընդգրկեն տաճարին ճարտարապետական գիծերը ու առ այդ նոյն գիծերու պատկերաւորմամբ գլխաւոր նկարներու մէջ ընդհանուր ուրուագիծը պատրաստուի կանխաւ: Ըստ իս, երբ ծրագրուած ձեւը պատրաստուի, այսինքն երկու գլխաւոր որմերուն կեդրոնական նկարները կամարներուն գիծը ընդգրկեն, այդ հարկ եղած արդիւնքը պիտի ունենանք արդէն:
Բ) Պրն. Ռապան այն կարծիքը յայտնեց թէ նկարին մէջ միշտ նոյն թեքնիքը գործածուած չէ. մեծաւ մասամբ հարթերանգային է ան, ըսաւ, բայց տեղ տեղ ալ ցցազանգուած (en relief):  Ըստ իս այս դիտողութիւնը չափազանց դրութենական մտայնութենէ մը կու գայ: Նոյնիսկ հարթերանգութեան մեծագոյն վարպետները, ինչպէս Puvis de Chavannes, Gaugin եւ ուրիշներ իրենց գործերուն մէջ այս տեսակէտով բացարձակ systematique չեն եղած: Կը բաւէ որ նկարին մէջ ընտրուած ոճին ընդհանուր նկարագիրը պահուած ըլլայ, ինչ որ ներկայ գործին պարագան է յայտնապէս:
Գ) Վերջապէս, դարձեալ քննիչ մարմինի ճարտարապետ անդամը փափաք յայտնեց որ նկարազարդութիւնը իր ներկայացուցած figure-ներուն համեմատութիւններովը եւ երանգներու ընդհ. tonalite-ովը տաճարի ճարտարապետութեան բաղդատմամբ աչքառու չըլլայ: Ըստ իս, այս դիտողութիւնը արդիւնք է այն բանին որ՝ նկարը, հո՛տ արուեստանոցին մէջ կը տեսնուէր դիմացէն, մօտէն եւ մեծ լոյսի մը մէջ, մինչդեռ տաճարին մէջ իր բուն տեղը՝ պիտի տեսնուի քովէն, շատ բարձր դրուած՝ ինչ որ մեծապէս պիտի զեղչէ figure-ներուն համեմատութենէն. ու մեծ ստուերի մէջ՝ ինչ որ մեծապէս պիտի մեղմէ երանգները. մնաց որ արդէն այդ տեսակէտով ժամանակը պիտի ազդէ նոյն ուղղութեամբ, ինչ որ նկարիչին  պարտքն է նախատեսել: Այլապէս ալ, յառաջիկայ նկարներուն մէջ ալ նկարիչին  դիտումին մէջն է, կը կարծեմ, տաճարին մութ մասերէն դէպի լուսաւոր մասերը եկող նկարներուն  համար, առանց մարած գոյներու պաղ ոճի մը մէջ իյնալու, երանգներու աստիճանական մեղմացում մը  (decrescendo) մը ընել»:
«Կ’եզրակացնեմ յայտնելով իմ կարծիքը թէ՝ ներկայացուած գործը
1.- Իբր կրօնական արուեստի գործ արժէքաւոր է, իրական արուեստի տաղանդաւոր գործ մը:
2.- Թէ ան ամէն տեսակէտով յարմար է գրաւելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ այն տեղը որու համար պատրաստուած է»:
«Մնամ որդիական ակնածանքով
Եւ մատչելով ի համբոյր Ս. Աջոյդ
Շ. Ռ. Պէրպէրեան»
Հետաքրքրական այլ գրութիւն մը կը կրէ Արեգ Տիրազանի2  ստորագրութիւնը եւ կը նկարագրէ Օննիկ Աւետիսեանի մանկութիւնը, որուն հետ աշակերտած է Տիրազան Կ. Պոլսոյ Նոր Դպրոցին մէջ:
ՆԿԱՐԻՉ ՕՆՆԻԿ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Իր Պատանութեան Պատկերին Նման
Արեգ Տիրազան
Ես ճանչցայ Օննիկ Աւետիսեանը, երբ դեռ դպրոցական ընկերներ էինք կարճ տաբատով. միւս դասընկերներէն ալ չտարբերելու, բացառութիւն չկազմելու համար կը կրէր մութ ծովագոյն համազգեստ մը, իրերանցիկ ՆԴ նշանագրերով: Որովհետեւ երկուքս ալ կը յաճախէինք Նոր Դպրոց, որ այն օրերուն իր դաստիարակչական նախանձախնդրութեամբ ուշագրաւ, Պոլսոյ լաւագոյն ուսումնարաններէն մէկը կը նկատուէր:
Դասարանին մէջ թէ դուրսը՝ խանդավառ, յարաշարժ, իր պատեանին մէջ իսկ չզսպուող տղայ մըն էր անիկա: Հակառակ իր սրամտութիւններուն, որոնց պատճառով ուսուցիչները երբեմն ներողամիտ «չարաճճի» մակդիրով կը փաղաքշէին զինք, մենք, ընդհակառակն, կը սիրէինք իր վրայ տեսնել տարիքէն առաջ հասունցած մեծ հով մը, զոր այնքան լաւ  կը վայլեցնէր իրեն:
Մեր վարժարանը, այն տարին, Նշան Թաշի բարձունքը, կը գրաւէր երկու շքեղ ապարանքներ, որոնք շրջապատուած էին տարաշխարհիկ ծառերէ կազմուած պուրակով մը, արուեստական օձապտոյտ վտակներով եւ քարայրներու մէջ  կորսուած աւազաններով: Ապագայ փոքրիկ նկարիչը կը յամենար մասնաւորաբար թաւուտ խորշերու մօտ, հիանալով համաչափ տաշուած եղեւիններու սլացիկ հասակին եւ արբենալով հեշտագին բուրմունքով կաթնածաղիկ մանոլիաներուն:
Քմայք մըն էր անշուշտ իր ժամանակաւոր հեռացումը մեզմէ. որովհետեւ երբեք մենասէր մը չէր ան, նման այն ընկերներուն, որոնք իբրեւ բանաստեղծ ուշադրութիւն գրաւել կ’ուզէին: Արդարեւ, պահ մը ետք կ’երեւէր ճեմուղիին ծայրը, եւ արագօրէն, ուսերը շարժելէն դէպի մեզի կը մօտենար: Երբ կարեւոր ըսելիք մը ունենար, գիտէր ուշադրութիւն գրաւելուն կերպը:
Կը խօսէր աչքով-ունքով, երբեմն ալ մէկ ձեռքը փարտելէն: Այդ տարիքին իսկ, կատակ կամ լուրջ, իր արտայայտութեան ձեւերով շահեկան կը դարձնէր մեզի իր պատմածը:
Թէեւ Նոր Դպրոցի մէջ գեղագիտական ապրումի այլազան վայելքներ ալ կ’ունենայինք, սակայն դուրսի անցուդարձերուն արձագանգը մեզ անտարբեր չէր թողուր նոյնպէս: Արդարեւ Պոլիս, այն օրերուն, անօրինակ ոգեւորութեան շրջան մը կ’ապրէր: Արտասահմանէն թէ Հայաստանէն հետզհետէ կը ժամանէին ականաւոր արուեստագէտներ՝ դերասան, նկարիչ, երաժիշտ: Աբէլեան, Սեւումեան, հայ բեմին պարծանքները, մեզ կը հմայէին մասնաւորաբար: Ուսանող սերունդը, մեծ մտաւորականներու շունչով տոգորուն, իր ուշադրութիւնը կը լարէր դէպի իտէալի իր պանծալի կատարները: Ոմանք, նոյնիսկ, շքեղ անուններու վայելած համբաւէն հրապուրուած, արուեստի մը տիրանալը դիւրին յաղթանակ մը կը նկատէին:
Յաւակնոտներու այս խմբակին մէջ զարտուղութիւն մը կը կազմէր Աւետիսեան: Իր համեստութի՞ւնն էր արդեօք պատճառը, որ հակառակ իր անվերապահ եւ դիւրահաղորդ բնաւորութեան, տակաւին գուշակել չէր տար ապագայ նկարիչը: Մինչդեռ գեղեցկութեան եւ դաշնաւոր գոյներու սիրահար այս տղան, անկարելի է որ պտոյտներու ընթացքին իր երեւակայութեան ճոխ երանգապնակը կազմած չըլլայ Պոլսոյ նկարագեղ տեսարաններէն, Չամլըճայի հովանուտ բարձունքներէն, Ոսկեղջիւրի ջուրերուն ցոլացիկ շքանկարներէն, Վոսփորի վերեւ բռնկող վերջալոյսէն, Պէյքոզի գեղաքանդակ աղբիւրէն կամ Սեւ ծովու մրրկակոծ ապալեր ափունքներէն:
Արդէն ուշագրաւ էր գեղագիտական կանխահաս հասկացողութեամբ ու ճաշակով: Իր հեղինակաւոր կեցուածքն ու անձնավստահութիւնը, դեռ փոքր տարիքէն, խստամբեր ինքնատպութեան մը պիտի պատրաստէին զինք:
Ահա թէ ինչու, երբ տարիներ ետք յետադարձ նայուածք մը կը նետեմ մանկութեան իր պատկերին, այնտեղ ամէն արտայայտութիւն տարօրինապէս համապատասխան կը գտնեմ այսօր այլեւս կազմաւորուած արուեստագէտի իր պայծառ դիմագծութեան:
Այսպէս, իր գործերուն տիրապետող մեթոտի, ճշգրտութեան եւ աւարտունութեան յատկանիշները կու գան մանկութեան պարտականութիւններուն համար իր ցոյց տուած ծայրայեղ բծախնդրութենէն:
Դարձեալ, տղայ օրերուն իր տարօրինակ քմայքները, իսկ անձին հանդէպ դժգոհութիւնը եւ դժուարահաճութիւնը կազմած են արուեստագէտի իր ինքնատպութիւնը եւ յղացումներուն զարտուղի նկարագիրը:
Դեռ կան նկարագրի ուրիշ գիծեր ալ, ինչպէս խստամբեր աշխատանքի վարժութիւնը, համադրելու ճաշակը, տեսողական արտակարգ յիշողութիւնը եւ զուարթախոհութիւնը, որոնք մանկութենէն արդէն կը զարգանային իր մէջ:
Երբ այս տպաւորութիւնները կ’արձանագրէի այստեղ, դպրոցական վաղեմի ընկերոջ մը հետ իմ վերհանդիպումիս առիթով, նպատակ չունեցայ երբեք կենսագրական իր գիծերուն մէջ ներկայացնել զայն, ոչ ալ դրուատել անոր նկարչական արուեստը կամ թեքնիքը:
Միայն փորձեցի փնտռել, անցեալէն յառնող իր պատկերին վրայ, բոլոր այն նախանշանները, որոնք արուեստագէտ մը կը պատրաստեն դժուարին ու միանգամայն պատասխանատու պարտականութեան մը. ինչպէս է այսօր պարագան «Հայ նկարիչներու եւ արձանագործներու պատմութիւն»-ին, զոր հազուագիւտ տաղանդով մը հայ եւ օտար արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ մեր սիրելի բարեկամը՝ նկարիչ Օննիկ Աւետիսեան:
Մարուշ Երամեան