Տեսաբանական
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՐԴՈՒ
ԵՒ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Մարդու էական պահանջները կը ծնին եւ կ’աճին իր ֆիզիքական, մտային, զգացական եւ հոգեկան բնազդներէն: Ներկայ տեսաբանութիւնը կ’ընդունի մարդը որպէս հոգեկան եւ մարմնական մէկ ամբողջականութիւն կապուած եւ կախեալ տարբեր ազդակներէ:
Մարդուն ուտելու, տունով պաշտպանուելու, գիտութեամբ իր ծարաւը յագեցնելու, սիրելու, գուրգուրալու եւ կատարելագործելու պահանջները կախեալ են իր նմանին՝ մարդուն հետ ունեցած յարաբերութենէն եւ շփումէն:
Կենսաբանական պահանջներուն յաջորդող ամենախորունկ եւ կարեւոր տենչը մարդուն սիրել եւ նշանակութիւն ունենալն է: Անբաժանելի կապ մը կայ ինքզինք յարգելուն եւ ինքնաբուխօրէն ուրիշին տալու յարաբերութեան մէջ։ Մարդը իր ամբողջ կեանքին մէջ կը պայքարի դիմացինին հասնելու եւ անոր մէջ ստեղծելու իր «ես»-ը շոյող զգացումը, որ իրեն պիտի տայ կարեւորութիւն, ջերմութիւն եւ գուրգուրանք: Երբ այս կամուրջը հիմնուի, այն ատեն մարդը կրնայ սիրել եւ կատարելագործել իր կարողութիւններուն համեմատ:
Առանց այդ կամուրջին, սակայն, մարդը կը կքի եւ կը փճացնէ կամ ինքզինք կամ ուրիշները: Ճիշդ հոս է որ խմբային աշխատանքները սիրուելու կողքին կը սորվեցնեն նաեւ սիրել, որ նոյնքան խորունկ պահանջ է։
Խմբային աշխատանքները կ’ենթադրեն խմբային առողջ կեանք, որուն համաձայն.
-Բոլոր անդամները ազատ արտայայտուելու առիթ կ’ունենան:
-Առիթներ կ’ընծայուին, որ անդամները իրենց անհատականութիւնը ցուցաբերեն եւ փաստեն իրենց ունակ ըլլալը յարաբերական ոլորտին մէջ:
– Իւրաքանչիւր անդամ ազատ կ’ըլլայ ընտրելու իրեն մտերիմ ընկերները խումբին մէջ, բայց նաեւ պատասխանատու՝ ընդունելու ուրիշները, առանց մտերմանալու անոնց հետ:
Մարդ միայն իր նորածին շրջանին է, որ խմբային կեանքի կարիքը չունի: Սակայն փորձառութիւնն ու յարաբերութեան տեսակը մանուկին կու տան մտաւոր եւ զգացական աշխարհ: Ու որքան ծնողք եւ զաւակ յարաբերութիւնները ընտանիքէն ներս փոխադարձ հասկացողութեան վրայ հիմնուած ըլլան, այնքան հաւանական է որ երեխային արտաքին յարաբերութիւնները խումբին մէջ լաւ ընթանան:
Ընտանիքը սակայն միակ ազդակը չէ, որ պատանիին մտաւոր եւ զգացական աշխարհը կը սահմանէ. ընտանիքէն դուրս, դպրոցական, միութենական եւ թաղային խումբերն ալ իրենց կարեւոր դերը ունին:
Պատանեկութեան շրջանին ամէն շրջաններէ աւելի կը պարզուի խումբին մէջ ակներեւ մէկը ըլլալու, ինքզինք լսելի դարձնելու եւ խումբեր կազմելու զօրաւոր տենչը։ Այդուհանդերձ, բոլոր շրջաններուն ալ՝ մանկութեան, պատանեկութեան, երիտասարդութեան եւ ծերութեան, իւրաքանչիւր անհատ պէտք է կարենայ իր հոգեկան եւ ֆիզիքական գոհացումը ստանալ լաւ եւ որակաւոր խումբերու կամ խումբի մը հետ յարաբերելով:
Սննդագիտական
Ո՞Ր ԹՈՒԹԸ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏԱԿԱՐ Է՝
ՍԵ՞ՒԸ ԹԷ ՃԵՐՄԱԿԸ
Թութը այն քաղցր պտուղներէն է, որ շատ օգտակար է մեր առողջութեան։ Լաւագոյն թութը խոշոր ու քաղցրն է։
Կարմիր թութը կը պարունակէ մեծաքանակ կենսանիւթեր, ինչպէս՝ A,B1-B6, E,C,K, ինչպէս նաեւ կրածին, երկաթ, զինկ, ֆոսֆոր եւ այլն։
Սպիտակ թութը հարուստ է C կենսանիւթով, սպիտակուցներով եւ մանրաթելերով։
Իրականութեան մէջ, թութի երկու տեսակներն ալ հարուստ են հակաօքսիտանդներով եւ անոնց կանոնաւոր օգտագործումը կը նուազեցնէ արեան մաղձաճարպը (cholesterol) եւ օգտակար է սրտի հիւանդութիւններէ տառապողներուն։
Կարմիր թութը կը պայքարի սնկային հիւանդութիւններու դէմ, այդ իսկ պատճառով բժիշկները մանուկներու լեզուին վրայ յառաջացած սնկային մանրէներէն ձերբազատելու համար կը թելադրեն կարմիր թութի օշարակ քսել անոնց լեզուին, կամ ծծակին։
Վերջին ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ճերմակ թութի օգտագործումը կ’օգնէ օրկանիզմին պայքարելու ուռուցքային հիւանդութիւններու դէմ։
Թութի օշարակը օգտակար է նաեւ հազէ տառապողներուն։ Թութը զգուշութեամբ պէտք է օգտագործեն շաքարախտէ տառապողները, որովհետեւ ան մեծ քանակով շաքար կը պարունակէ։