ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը 97 – 89 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Հոմսէն ժամանած Քարամէի կազմէն: Մրցումը ընթացաւ խաղացողներու միջեւ լարուած մթնոլորտի մէջ, իսկ իրաւարարները հեռու էին մրցումի մարզական անհրաժեշտ մակարդակէն, հետեւաբար անոնց սուլիչները պատճառ դարձան մթնոլորտի սրումին: Աւելցնենք, որ հանդիպումի հիմնական ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ 85 – 85 հաւասարութեամբ, եւ կազմերը դիմեցին յաւելեալ ժամու խաղարկութեան:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներու շրջագիծին մէջ, ՀԵԸ-ի պասքեթի տղոց խումբը 56 – 53 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ պասքեթի նորակազմ Ռուատ խումբէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆ
ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԵՐԱԶԸ

Եւրոպայի Չեմփիընզ լիկի խաղարկութեան 2024/2025 մրցաշրջանի եզրափակիչ մրցումին, Գերմանիոյ Պայերն Միւնէխի «Ալիանս Արենա» մարզադաշտին վրայ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի Փարիզ Սան Ժերմանը կրցաւ իրականացնել տարիներու սպասուած երազը եւ տիրանալ Չեմփիընզ Լիկի բաժակին, աւարտական մրցումին 5 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իտալիոյ ներկայացուցիչ Ինթըր Միլանը: Հանդիպման հաշիւը 12-րդ վայրկեանին բացուած յայտարարեց Աշրաֆ Հաքիմին դառնալով Չեմփիընզ լիկի եզրափակիչ մրցումներու առաջին այն ֆութպոլիստը, որ կը յաջողի կոլ նշանակել իր նախկին խումբի դարպասին:
ՕՍՄԱՆ ՏԵՄՊԵԼԷ ՉԵՄՓԻԸՆԶ
ԼԻԿԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂ ԴԱՐՁԱՒ

Չեմփիընզ լիկի յաղթող, Ֆրանսայի բազմակի ախոյեան եւ գաւաթակիր Փարիզ Սան Ժերմանի ֆրանսացի յարձակող Օսման Տեմպելէ Եւրոպայի Չեմփիընզ լիկի աւարտած մրցաշրջանի լաւագոյն խաղացող դարձաւ: 28-ամեայ ֆութպոլիստը Չեմփիընզ լիկի մրցաշրջանին մասնակցած է 15 հանդիպման, նշանակած է 8 կոլ եւ կատարած 6 կոլային փոխանցում։
Ռաֆֆի Սիւլահեան