Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախագահութամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Շաբաթ, 31 Մայիս 2025֊ ի երեկոյեան Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Եփրատ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, յարաբերական մարմնի, թաղականութեան, հոգաբարձութեան, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ ծնողներու հոծ բազմութեան։

Հանդէսի բացումին ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, որմէ ետք հնչեց Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։

Բացման արաբերէն եւ հայերէն խօսքերով հանդէս եկաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ հայ դպրոցի դերակատարութեան եւ կարեւորութեան իւրաքանչիւր երեխայի ազգային դաստիարակութեան համար, որովհետեւ դպրոց յաճախելով կը ձեւաւորուին ու կը զարգանան երեխայի աշխարհընկալումն ու ընդհանուր մտաւոր, հոգեկան եւ ընկերային կեանքը։
Ապա յայտնեց, որ 2024֊2025 տարեշրջանի հունձքը «Աւանդութիւններու Պաշտպաններ» կոչուեցաւ, նկատի ունենալով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրը։ Ան ըսաւ. «Աւանդութիւններու արմատները պէտք է առնչուած ըլլան Աստուածաշունչին, քրիստոնէական կեանքի վկայութեան, առաքելութեան, պատմութեան եւ այն բոլոր ուսուցումներուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն, որոնք կը կազմեն քրիստոնէական հաւատքի էութիւնն ու ինքնութիւնը»։ Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեշնորհ հայրսուրբին, քահանայ հօր եւ հոգաբարձութեան, որոնք զօրավիգ կանգնած են եւ սատար կը հանդիսանան մանկապարտէզի բոլոր աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միութիւններուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս ներդրում կատարած են մանկապարտէզին։ Ապա գնահատեց ուսուցչաց կազմն ու մանկապարտէզի մայրիկները իրենց գուրգուրանքին եւ նուիրեալ աշխատանքին համար։

Այնուհետեւ փոքրիկները հայկական աւանդութիւնները ներկայացուցին գեղեցիկ խօսքերով, պարերով եւ թատերական ներկայացումներով։

Աշակերտական երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ փունջ մը ազգային եւ մանկական երգերով, խմբավարութեամբ Ալին Արոյեան-խաչոյի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի։
Հուսկ, հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ գնահատեց հոգաբարձութեան հետեւողական աշխատանքը, մանկապարտէզի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը, որոնք անխոնջ եւ անսակարկ նուիրումով կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը։ Հայր սուրբը գնահատեց նաեւ փոքրիկներու տպաւորիչ կատարումը եւ հմայիչ արտասանութիւններն ու երգերը, մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ, միշտ բարձր պահելու ազգային դրօշը եւ կառչելու մեր աւանդութիւններուն եւ արմատներուն։
Հանդէսը հասաւ իր աւարտին «Պահպանիչ» աղօթքով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն