ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին հրաւէրով այցելած է Կիպրոս՝ որպէս հիմնական բանախօս հանդէս գալու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 107-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նախաձեռնութեան։
Կիպրոս այցելութեան մասին Արթուր Խաչատրեան գրած է.
«Անցնող շաբաթ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի հրաւէրով այցելած եմ Կիպրոս՝ որպէս հիմնական բանախօս հանդէս գալու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 107 ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառումին։
Հայաստանին սպառնացող մարտահրաւէրներու եւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» գործընթացին մասին զեկոյցէն բացի նաեւ քանի մը խիստ կարեւոր հանդիպումներ ունեցած եմ Կիպրոսի խորհրդարանի եւ Եւրոխորհրդարանի Կիպրոսէն ընտրուած պատգամաւորներու հետ, որոնք կը ներկայացնէին Կիպրոսի համարեա՛ ամբողջ քաղաքական ներկապնակը։ Մասնաւորապէս Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հանդիպած եմ Կիպրոսի խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ, Կիպրոսի ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Մարինոս Սիզոփուլոսի եւ խորհրդարանի արտաքին եւ եւրոպական յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, Ժողովրդական շարժում (Democratic Rally Party) կուսակցութեան փոխնախագահ Խարիս Եորղատիսի հետ։
ՀՅԴ գրասենեակին մէջ հանդիպած եմ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրոպական պահպանողականներու եւ ռեֆորմիսթներու (ECR – European Conservatives and Reformists) խումբի Բիւրոյի անդամ Եատիս Եատիի եւ Կիպրոսի ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Եւրոխորհրդարանի ընկերվարներու եւ ժողովրդավարներու (Progressive Alliance of Socialists and Democrats) խումբի պատգամաւոր Քոսթաս Մավրիտեսի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին ներկայացուցած եմ իրավիճակը Հայաստանի սահմաններուն, եւ մեր վերապահումները «խաղաղութեան գործընթացի» մասին։
Շեշտած եմ, որ մենք խաղաղութեան դէմ չենք եւ չենք կրնար ըլլալ, սակայն պնդած եմ, որ խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ արժանապատուութեան վրայ եւ երաշխաւորէ հակամարտութեան կողմերու կենսական շահերը։ Խօսած եմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական քաղաքականութեան, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքներու, Պաքուի մէջ շարունակուող դատավարական ցուցական գործընթացի մասին։
Կիպրոս այցս սկսած եմ Մեծի Տան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիպրոսի թեմի առաջնորդ, կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արքեպիսկոպոսին այցելութեամբ։ Նաեւ այցելած եմ «Նարեկ» վարժարան եւ հարցազրոյց տուած եմ Կիպրոսի պետական ձայնասփիւռի հայկական խմբագրութեան»: