Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ի երեկոյեան Ազգ. Ս.Նահատակաց վարժարանի «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2024-2025 տարեշրջանի մանկապարտէզի հանդէսը: Ներկայ էին Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը, Ազգ. Ս. Նահատակաց Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը եւ Լաթաքիոյ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հայերէնով բացման խօսք արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Ցոլին Պալեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ մանկապարտէզէն ներս փոքրիկներու երեք տարուան ճանապարհին, որ իրենց ուսումնական կեանքի առաջին ու կարեւորագոյն հանգրուանն է։ «Մանկապարտէզէն ներս սորվելու գործընթացը ներկայացուեցաւ որպէս խաղ, ստեղծագործութիւն եւ բացայայտում: Անոնք այսօր հրաժեշտ պիտի տան իրեց տաքուկ, արեւոտ եւ անամպ ծաղկաստանին», ըսաւ ան։
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Շաքէ Մանճեան։
Այնուհետեւ հանդէսի յայտագիրը սկսաւ փոքրիկներուն դողդոջուն խօսքերով։ Անոնք հայերէն եւ արաբերէն արտասանեցին, իրենց զգացումները յայտնեցին որպէս արքասիքը մանկապարտէզի երեք տարիներու ուսուցման, ապա գեղեցիկ եւ անմեղ շարժումներով պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր, ետքը դաշնամուրի ընկերկցութեամբ երգեցին եւ խանդավառեցին ներկաները։
Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեան շնորհաւորեց ծնողները, գնահատեց հոգաբարձութեան կազմը եւ աշխատանքը նուիրեալ ուսուցչուհիներուն, որոնք այս տարուան ծանր պայմաններուն մէջ չխնայեցի ոչ մէկ բան խնայեցին փոքրիկներուն սորվեցնելու եւ ուրախ պահեր ստեղծելու համար։ Ապա հրաւիրեց քահանայ հայրը եւ մնակապարտիզպանուհին վկայականաց բաշխում կատարելու։

Աւարտին Տէր Վազգէն Ա. Քահանան շնորհաւորեց հոգատար ծնողները, մաղթելով որ իրենց զաւակները բարձրագոյն կրթութեան արժանանան։ Հանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Նայիրի Կարապետեան