Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Շաբաթ, 7 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ
Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի «Երազանքներ» խորագիրը կրող վկայականաց բաշխման հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Վաչէ Ճուհարեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ատենապետ Կարպիս Պարտաքճեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ բժշկ. Ռաֆֆի Զէյթճեան, հոգաբարձութեան անդամներ, Վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան, Ծնողաց յանձնախումբը, հրաւիրեալներ եւ շրջանաւարտներու ծնողները։

Բացման խօսք արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Ուաատ Զգոյշեան, որ անդրադարձաւ մանկապարտէզի երեք տարիներու ուսումնակրթական ընթացքին, որուն աւարտին շրջանաւարտները այսօր պատրաստ են հաստատուն քայլերով մուտք գործելու ուսման բարձր կարգեր։
Ան անդրադառնալով հանդէսի խորագիրին, յայտնեց, թէ բոլորս մեր մէջ ունինք երազներու յատուկ աշխարհ եւ երազանքներ, որոնց կը ձգտինք։ Նոյնպէս մեր փոքրիկները ունին շատ մը երազանքներ, որոնց իրականացումը կը փափաքին։
Մանկապարտիզպանուհին շեշտեց, թէ ծնողները պէտք է անդրադառնան իրենց զաւակներուն երազանքներուն եւ հետեւին անոնց, որպէսզի իրականացնեն եւ յաջողցնեն իրենց երազանքները, որովհետեւ երազանքը յաջողութեան առաջին բանալին է։

Ան շնորհաւորեց ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան խնամակալութեան, վարժարանի հոգաբարձութեան, վաստակաշատ տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանին, Ծնողաց յանձնախումբին եւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին։
Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց ուսուցչուհի Նուէր Ներսէսեան-Տիրարեան։

Խումբ մը աշակերտուհիներ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրուած բարի գալուստի խօսք արտասանեցին։ Ապա,
խումբ մը փոքրիկներ արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեցին։
Գեղարուեստական յայտագիրը արգասիքն էր Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի ուսուցչական կազմի խմբային աշխատանքին:

Այս տարուան իւրայատուկ յայտագիրներէն մէկն էր՝ շուքով արտայայտուած պատկերը, ուր շրջանաւարտները մթութեան մէջ ներկայացուցին օրուան թեմային հետ կապուած գեղեցիկ պատկեր մը, ուր ընտանիքին հայրն ու մայրը, զոհողութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, իրենց զաւակները կը հասցնեն բարձր դիրքերու։

Շրջանաւարտ Նանար Յովակիմեան կիթառով նուագ մը նուագեց։
Ապա, աշակերտները միասնաբար ռիթմիկ նուագ կատարեցին` զանգակներով, երաժշտական գործիքներով եւ թմբուկի գաւազաններով։

Ապա, ներկայացուեցաւ օրուան խորագիրով պատրաստուած թատրոնը։ Երեք աշակերտներ երազները իրականացնողներն էին, անոնք եկած էին երազներու յատուկ աշխարհէն եւ կը հարցնէին թէ ի՞նչ են իրենց ընկերներուն երազանքները։ Իւրաքանչիւրը պատասխան մը տուաւ, մէկը` բժիշկ, միւսը՝ երկրաչափ, ուրիշ մը՝ տիեզերագէտ, ուրիշ մը ուզեց թագաւոր ըլլալ եւ տիրապետել քաղաքի մը, ուրիշ մըն ալ ուզեց կախարդական ցուպ ունենալ, որպէսզի կարենար ամէն ինչ արագ իրագործել, իսկ վերջինը՝ ուզեց մեր շատ սիրելի հայրենիքը` Հայաստան երթալ, ու վայելել անոր պայծառ երկինքը, ջինջ ջուրը, քաղաքին մաքրութիւնը, ան շեշտեց, թէ մեր հայրենիքին համն ու հոտը ուրիշ է։ «Երազ Իմ Երկիր» հայրենիք երգով փոքրիկները ցանկացին մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը տեսնել Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ։
Անոնք բանաստեղծութիւններով, երգչախմբային երգերով, հայկական, արաբական, օտար եւ եզրափակիչ խմբային պարերով հարստացուցին յայտագիրը եւ այդպիսով արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջիւններուն։

Վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան փոխանցեց իր խօսքը։ Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց հոգատար ծնողները։
Ան գնահատեց մանկապարտիզպանուհիին եւ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն նուիրեալ աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Իշխանութեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան խնամակալութեան, վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ծնողաց յանձնախումբին, մանկապարտէզին սատար կանգնող բոլոր մարմիններուն, Հալէպի սեփական դպրոցներու տնօրէնին, Հալէպի կրթական տնօրէնին եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահին։

Շրջանաւարտներու ձեռամբ ծաղկեփունջով գնահատուեցաւ մանկապարտիզպանուհի Ուաատ Զգոյշեանը՝ իր հոգատար աշխատանքին համար։
Յատուկ գնահատագիրով եւ ծաղկեփունջով տնօրէնութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ ուսուցչուհի Շողիկ Վարդանեան-Աթաշեան՝ մանկապարտէզէն ներս իր երկարամեայ նուիրեալ աշխատանքին համար։

Աւարտին, Սրբազան Հօր ձեռամբ վկայականի տուչութիւն կատարուեցաւ։
Իր սրտի խօսքը փոխանցելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, մեծապէս գնահատեց հանդէսին երեք լեզուներով ներկայացող շրջանաւարտները, որոնք այսօր համարձակ կանգնած՝ մեր բոլորին յոյս կը ներշնչեն։
Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ իր տուած բարիքներուն համար։ Ան գնահատեց վարժարանի տնօրէնին, մանկապարտիզպանուհիին եւ նուիրեալ ուսուցչուհիներուն աշխատանքը, որոնք որպէս երկրորդ ծնողք աշակերտները կը պատրաստեն հոգեւոր, իմացական, ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութեամբ։
Սրբազան Հայրը ներկաներու ծափողջոյններուն ներքոյ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանը, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, դպրոցի առաքելութեան նկատմամբ բացարձակ բծախնդրութեամբ եւ հայրական սիրով՝ իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը լաւագոյնս յառաջ կը տանի։ Ան մաղթեց, որ տնօրէնին օրինակով նուիրեալ ծառայողներ ունենանք։
Մակար Սրբազան շնորհաւորեց ծնողները եւ աղօթեց, որ իրենց զաւակները յառաջիկային բարձրագոյն կրթութեան հասնելով նոր գագաթներ նուաճեն եւ իրենց կեանքերը լաւագոյնս արժեւորեն։

Հանդէսէն ետք, Միութեան խնամակալութիւնը, Վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնը, մանկապարտիզպանուհին եւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմը կարկանդակ հատեցին Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան պարտէզէն ներս։