Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջնակարգի աւարտական կարգի՝ պրովէի եւ երկրորդականի աւարտական կարգի՝ պաքալորիայի ուսանողներուն պետական քննութիւններու ընթացքին հետեւելու շարք մը կարևոր ցուցմունքներու:
Ցուցմունքները, որոնց պատճէնը ստացած է ՍԱՆԱ-ն, կը ներառէ քննութեան հարցաթերթիկը ուշադրութեամբ կարդալու, որևէ հարցումի պատասխանը աճապարանքով չգրելու եւ հարցումին թիւը պատասխանի թերթիկին վրայ յստակօրէն նշելու կարեւորութիւնը: Նախարարութիւնը կը թելադրէ նաեւ հարցումներուն պատասխանելու ժամանակը ճիշդ բաշխել, հարցումներուն ու պատասխաններուն վերանայիլ նախքան քննութեան թուղթը յանձնելը, որպէսզի ոչ մէկ հարցում մոռցուած ըլլայ, ինչպէս նաեւ քննութեան սրահէն դուրս ելլելու համար չաճապարել, այլ լիարժէքօրէն օգտագործել յատկացուած ժամանակը:

Նախարարութեան համաձայն, պրովէի քննութիւնները կը սկսին 21 Յունիսին, իսկ պաքալորիայի քննութիւնները 12 Յուլիսին: