Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի թելադրութեամբ, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, միօրեայ այցելութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Եագուպիէ՝ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ եւ Ս. Աննա մատրան վերօծման նախապատրաստական աշխատանքները կատարելու։
Հայր Սուրբը դիմաւորուեցաւ Լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթիին, տեղացիներ՝ Ֆուատ Պիթառի, Սմբատ Քասիսի, Սուրէն Խէչոյի, Շաքէր Իտոքի եւ Մուսա Քամայեանի կողմէ։
Հայր Սուրբը այցելելով եկեղեցին եւ մատուռը, մօտէն հետեւեցաւ ներկայ իրավիճակին եւ հարկ եղած աշխատանքները կատարեց, առ ի պատրաստութիւն Ս. Աննայի ուխտի օրուան տեղի ունենալիք վերօծման արարողութեան։