Հայաստանի իշխանութիւններուն Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դէմ սկսած արշաւը բարոյական սկզբունքներու շղարշին տակ կը պահէ քաղաքական նպատակ՝ եկեղեցին քաղաքական իշխանութեան ենթակայ դարձնել, հակառակ Հայաստանի սահմանադրութեամբ սահմանուած եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան յստակ յօդուածներուն։ Այս հաստատումը կը կատարենք յատկապէս նկատի ունենալով մեր հոգեւոր պետերու մասնակցութեամբ 27 Մայիսին Պեռնի մէջ Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համագումարը, ապա որպէս հակադարձութիւն, Ատրպէյճանի հոգեւոր պետին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դերակատարութեան դէմ արտայայտութիւնները:
Հայաստանի իշխանութենէն կ’ակնկալուէր գէթ տէր կանգնիլ Արցախի հայկական հոգեմտաւոր ժառանգութեան, հայկական եկեղեցիներուն, ո՛չ թէ խափանել այդ ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը՝ ներքին անախորժութիւններ հրահրելով այդ ալ նոյնինքն եկեղեցականներու դէմ։
Եթէ ազգային մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար նուազագոյն մակարդակի վրայ անգամ գործակցութեան տրամաբանութիւնը պիտի չտիրէ, իրաւունքի պաշտպանութեան ամէն փորձ պիտի խափանուի արտաքին ազդեցութիւններու թաթով, ինչպէ՞ս պիտի պահպանուի երկրի ներքին զօրութիւնը՝ եկեղեցի-պետութիւն-ժողովուրդ ամրակուռ կապը, որ հիմնական երաշխիքն է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային դիմագիծի պահպանման։
Գաղտնիք չէ այսօր աշխարհը կառավարող ուժերուն եւ անոնց հետեւորդներուն բաժնելով տիրելու քաղաքականութիւնը, անոր ողբերգական արդիւնքներն ալ պարզ են ու մեկին տարբեր տարածաշրջաններու մէջ։
Այս իմաստով Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դերի աղաւաղման մէկ այլ փորձի դէմ յանդիման է մեր ժողովուրդը։ Այդուհանդերձ Հայաստանը ունի սահմանադրութիւն՝ իր ժողովուրդին կամքը արտայայտող եւ հոգեմտաւոր հսկայ ժառանգութիւն՝ որպէս քրիստոնեայ առաջին պետութիւն Հայաստանի դիմագիծը ուրուագծող։ Անոնց տիրութիւն ընելը առաջին հերթին ժողովուրդի ճիտին պարտքն է։