Այս գրքոյկը գրուած է Երուանդ Օտեանի գրիչով եւ նուիրուած Պօղոս փաշա Նուպարի: Հրատարակուեր է 1913-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ:
Գրքոյկին սկիզբը կենսագրական հակիրճ ծանօթութիւններ տրուած են Պօղոս փաշա Նուպարի հօր՝ Նուպար փաշայի մասին, որոնք այնքան հետաքրքրական են, որ ուզեցինք հրամցնել մեր ընթերցողներուն:
Նման գիրքերու մէջ նաեւ կարելի է հանդիպիլ այնպիսի մանրամասնութիւններու, որոնք կորսուած կը կարծուին ըլլալ հանրութեան համար, ինչպէս է պարագան Նուպար փաշայի մեծ արձանին, որ զետեղուած էր փաշային անունը կրող Աղեքսանդրիոյ պարտէզներէն մէկուն կեդրոնը:
Համացանցին մէջ պրպտումներս ինծի բերին յօդուած մը, որ խորագրուած է «Աղեքսանդրիոյ Շարժող Արձանները», գրուած 2016-ին, Ռայմոնտ Գոլէթի կողմէ:
Այս յօդուածին մէջ հեղինակը կ’ըսէ՝ «Նուպար փաշայի եւ Խտիվ Իսմայիլի արձաններուն նման, որոնք 1952 թուականի յեղափոխութենէն ետք անհետացան: Կը թուէր թէ այդ արձանները մոռացութեան մատնուեր են կամ … ձուլուեր: Բայց 2000 թուականին այդ արձանները յայտնուեցան տարբեր տեղերու մէջ: Նուպար փաշայի արձանը կը զարդարէ Աղեքսանդրիոյ օփերային մուտքը – նախապէս՝ Մուհամմետ Ալի հանդիսասրահ, աւելի ետք՝ Սայյետ Տարուիշ անուանուած – եւ իր փառայեղութեամբ մեծ շուք մը կու տայ այդ կառոյցին: Պատմութիւնը չի ջնջուիր, պարզապէս… կը տեղափոխուի»:
Արձանը, որուն հեղինակն է ֆրանսացի արձանագործ Denys Pierre Puech (1854-1942), կանգնուած է 1904-ին, պաշտօնական բացումը կատարուած 3 Յունիսին, որուն ընթացքին խօսք առեր է Պօղոս Նուպար փաշան: Պէտք է նշել նաեւ, որ նոյն արձանագործին յանձնուեր է Նուպար փաշայի շիրիմին յղացումն ու իրագործումը:
Երուանդ Օտեան իր տեղեկութիւնները մեծ մասամբ քաղեր է 1910-ին լոյս տեսած Էմիլ Պերթրանի գրիչով «Նուպար Փաշա» հատորիկէն, թարգմանուած նոյնինքն Նուպար փաշայի երկրորդ կարգի զարմիկին՝ Մեսրոպ Նուպարեանի կողմէ: Մեսրոպին եւ Նուպարին մեծ հայրերը երկու եղբայրներ եղած են:
Այս գրքոյկին տողատակի ծանօթագրութիւններէն մէկուն մէջ կը կարդանք.
«Տետրակիս հեղինակը Պ. Էմիլ Պերթրան՝ որ Նուպար փաշայի աւելի ներքին պարագաներով կը զբաղի քան անոր քաղաքական հոյակապ կեանքով, չյիշեր հոս թէ 1850-ին Լոնտրա ղրկուեցաւ ան Բրիտանական դահլիճին մօտ պայքարելու համար ինչ ինչ յաւակնութեանց դէմ, զորս Թուրքիա արժեցնել կ’ուզէր Եգիպտոսի դէմ, ու յաջողեցաւ իսկ ճանչցնել տալ փոխ-արքային իրաւունքները: Ասիկա առաջինն եղաւ այն բազմաթիւ յատուկ պատգամաւորութիւններէն, զորս կատարեց նա, գրեթէ ամէնքին ալ յաջողցնելով»:
Նուպարեանները իզմիրցի վաղածանօթ գերդաստան մըն են: Պօղոս փաշայի հայրը՝ մեծն Նուպար ծնած է Իզմիր. իր հայրն էր Մկրտիչ Նուպարեան, որ անցեալ դարուն (19-րդ) կ’ապրէր եւ իր ժամանակին ազատական եւ յառաջդիմասէր անձնաւորութիւն մը եղած է, եւրոպական կրթութիւն առած ըլլալով:
Նուպար տակաւին պատանի հասակին մէջ խնամեալ կրթութիւն մը ստանալէ ետք, կը ղրկուի Եգիպտոս, ուր իր մօրեղբայրը՝ Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան, ինքն ալ բնիկ իզմիրցի մը, արդէն փայլուն դիրքի մը տիրացած էր Խտիվական հարստութեան հիմնադիր Մուհամմետ Ալիի քով:
Պօղոս Պէյ տեսնելով իր քրոջորդւոյն ուշիմութիւնն ու արտակարգ կարողութիւնները, չի վարանիր իր պաշտպանութեան ներքեւ առնել զայն եւ 1842-ին կը ներկայացնէ Մուհամմետ Ալիի, որ իսկոյն Արտաքին Գործերու Նախարարութեան թարգմանիչներու դիւանին մէջ պաշտօնի կը կոչէ խելացի պատանին, որ հազիւ 17 տարեկան կար:
-Քեզ տեսնեմ, աշխատէ՛ ու մարդ եղիր,- կ’ըսէ անոր Մուհամմետ Ալի:
Քիչ ատենէն աննշան պարագայ մը Նուպարի բախտը կ’որոշէ:
Ռակուշայի դուքսը նամակ մը կը գրէ Եգիպտոսի փոխարքային. գիրը այնքան գէշ ու անընթեռնելի էր, որ ոչ ոք կրնայ կարդալ պալատին մէջ: Ի վերջոյ կը բերեն պատանի հայ քարտուղար-թարգմանիչը, որ իսկոյն կը կարդայ ու կը թարգմանէ նամակը: Ասիկա բաւ կ’ըլլայ, որպէսզի ծերունի փոխարքան իր համակրանքը եւ կատարեալ վստահութիւնը շնորհէ քարտուղարին, որուն բախտը այդ օրէն կը սկսի ժպտիլ:
Մուհամմետ Ալի այնքան մեծ համարում կ’ունենայ Նուպարի վրայ, որ անոր կը յանձնէ իր որդւոյն՝ Իպրահիմ փաշայի կրթութիւնը:
Երբ Իպրահիմ փաշա Եւրոպա կ’երթայ պաշտօնական այցելութիւն տալու Ֆրանսայի եւ Անգղիոյ արքունիքներուն, իրեն կ’ընկերանայ Նուպար, եւ Փարիզ, Լուի-Ֆիլիփի պալատին մէջ, պատանի հայազգին մեծապէս կը գնահատուի: Թագաւորը հետը խօսակցելով կը զարմանայ անոր զարգացումին եւ մտային կարողութեան վրայ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Լուի-Ֆիլիփ դեռ գահ չբարձրացած, երբ աքսորուած էր Անգղիա, վարժապետութիւն կ’ընէր ապրելու համար, ուստի գիտէր գնահատել երիտասարդ իմացականութեան մը արժէքը:
Ֆրանսական կառավարութիւնը շատ երիտասարդ կը գտնէ Նուպարը պատուիրակութեան միւս անդամներուն հետ անոր ալ պատուանշան տալու համար եւ կ’որոշեն թագաւորին կողմէ իբր նուէր զոյգ մը ատրճանակ տալ իրեն, պատուանշանի տեղ:
Բայց վերջին վայրկեանին, երբ Իպրահիմ փաշա իր հետեւորդներով դուրս կ’ելլէր Թիւյըրիի պալատի սրահներէն, ուր եկած էր հրաժեշտ տալու թագաւորին, Լուի-Ֆիլիփ չկրնալով համակրութեան զգացումը զսպել, մարդ կը ղրկէ հայ երիտասարդ քարտուղարին ետեւէն, զայն քովը կանչել կու տայ եւ իր քով գտնուող պաշտօնակալի մը կուրծքէն պատուոյ Լէգէոնի խաչը առնելով, Նուպարի լամբակին վրայ կ’անցընէ ըսելով.
-Ըսէ՛ք ձեր վեհապետին, որ չէ թէ ֆրանսական կառավարութիւնը, այլ անձնապէս թագաւորը իր ձեռքով այս պատուանշանը տուաւ:
Նուպար այն ատեն հազիւ քսան տարեկան կար:
Անկէ տարիներ ետքը, Նուպար կը ստանայ նաեւ պատուոյ Լէգէոնի մեծագոյն ժապաւէնը:
Այս առթիւ սրամիտ խօսք մը ըրած է մեծանուն հայը, զոր կը յիշէ Էմիլ Պերթրան իր կենսագրականին մէջ եւ որ կ’արժէ կրկնել այստեղ:
Սուեզի ջրանցքին շինութեան մասին կատարուած բանակցութիւնները յաջողցնելու համար Փարիզ գացած ըլլալով, Նուպար գրեթէ ամէն կէտերու վրայ գոհացում կը ստանայ, բայց բնականաբար կը ստիպուի քանի մը զոհողութիւններ ընել, որոնցմէ մին վաթսուն միլիոնի կը նստէր Եգիպտոսի կառավարութեան:
Նուպար փաշա ակամայ համակերպած էր այդ զոհողութեան: Բանակցութիւնները վերջացած, Փարիզէն մեկնելու ատեն իր հրաժեշտը կու տայ Մօռնիի դուքսին, որ իրեն կ’իմացնէ, թէ Նափոլէոն Գ. կայսրը Լէգէոնի հրամանատար անուանած էր զինքը եւ կ’ուզէ ինք անձամբ անոր վիզը անցնել պատուանշանի փողկապը: Նուպար բարձրահասակ էր, իսկ Մօռնիի դուքսը ընդհակառակը՝ կարճահասակ: Որպէսզի գործողութիւնը կարելի ըլլայ, Եգիպտոսի հայ նախարարը կը պարտաւորուի բաւական ծռելու. այն ատեն կամաց մը կը փսփսայ դուքսին.
-Դո՛ւքս, վզիս վրայ ծանրացող վաթսուն միլիոնները կը ստիպեն զիս գլուխս խոնարհել:
Մուհամմետ Ալիի մահուընէն ու Իպրահիմ փաշայի խիստ կարճատեւ իշխանութենէն ետքը Խտիվ կը հռչակուի Ապպաս փաշա, որուն իշխանութեան ժամանակ Նուպար, դեռ խիստ երիտասարդ եւ տակաւին անկարեւոր դիրքի մը տէր, թէեւ խոստմնալից ապագայով, Պոլիս կու գայ:
Հոն յարաբերութիւն կը հաստատէ Գարաքեհեա (Երամեան) Գէորգ պէյի հետ: Երիտասարդ Նուպարը որքան խելացի, նոյնքան գեղադէմ ու ֆիզիքապէս օժտուած էր, շուտով ուշադրութիւնը կը գրաւէ Գէորգ պէյի աղջկան՝ Օր. Ֆուլիկի եւ ահա՛, հակառակ տակաւին իր համեստ վիճակին, Նուպար կը փեսայանայ Գէորգ պէյի, որ ժամանակին մեծահարուստ հայերէն մին էր: Կ’երեւայ որ Նուպար նախապէս Իզմիր ըրած մէկ ուղեւորութեան միջոցին մեծ համակրութիւն յայտնած էր ծանօթ ընտանիքէ հայ օրիորդի մը եւ ամուսնութիւն իսկ խոստացած անոր: Բայց Գէորգ պէյի աղջիկը մոռցնել կու տայ իրեն իր նախկին խոստումը:
Ամուսնութենէն ետքը երիտասարդ ամոլը կը վերադառնայ Եգիպտոս, ուր Նուպար փաշա հսկայաքայլ կը յառաջդիմէ իր ասպարէզին մէջ:
Այս ամուսնութենէն ծնած են երեք զաւակներ՝ անդրանիկը՝ Պօղոս (աւելի ուշ՝ Պօղոս փաշա Նուպար, ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր), միւսները աղջիկներ՝ Նոյեմի եւ Զիպա1:
2025 թուականը կը նշէ այս մեծ հայուն՝ Նուպար փաշա Նուպարեանի ծննդեան 200-ամեակը (1825-1899), որուն գլխաւոր նուաճումներէն մին, որ մինչեւ այսօր կը յիշուի իր քաղաքական դերակատարութեան առընթեր, «խառն դատարաններ»-ու իրագործումը եղած է:
Մարուշ Երամեան