ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտեց Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումը եւ կոչ ուղղեց անյապաղօրէն դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ պահպանելու միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը։
«Իրանի վրայ միակողմանի յարձակումը խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէ։ Յատկապէս բանակցութիւններու յաջորդ փուլի նախաշեմին, յարձակումը կը վտանգէ խաղաղութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ընդհանուր կայունութիւնն ու համաշխարհային խաղաղութիւնը», ըսուած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան X-ի վրայ կատարուած գրառումին մէջ: