Սուրիական օդուղիներու ընկերութիւնը շեշտեց, որ տարածաշրջանի բախումնային զարգացումներուն հետեւանքով, Կիրակի, 15 Յունիսին Շարժայէն Դամասկոս ուղղուող RB 502 թռիչքը իր ուղին փոխեց եւ վայրէջք կատարեց Սէուտական Արաբիոյ Թապուք օդակայանը, իսկ ճամբորդները ապահովական նկատառումներով առժամաբար փոխադրուեցան Թապուք քաղաքի հիւրանոցներէն մէկը:
Այս առիթով ընկերութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ՝ իր ցուցաբերած գործակցութեան համար:
Աւելի ուշ, Սուրիական օդուղիներու ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ իրարայաջորդ հրթիռակոծումներուն հետեւանքով Դամասկոս-Շարժա-Դամասկոս թռիչքները վաղուընէ սկսեալ կը յետաձգուին, մինչդեռ այսօրուան նախատեսուած թռիչքը ժամերու փոփոխութեամբ պիտի իրականանայ: