Իսրայէլի կողմէ Թեհրանի հրթիռակոծման հետեւանքով հայ համայնքէն ներս առայժմ վիրաւորներ կամ զոհեր չկան, այս մասին «Գանձասար»-ին յայտնեց Իվէթ Դանիէլեան, աւելցնելով որ այսօր Թեհրանի տարբեր վայրերու պետական եւ բնակելի շէնքեր թիրախ դարձած են Իսրայէլի կողմէ։
“Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի շէնքէն չորս շէնք անդին, նոյն փողոցին մէջ, բնակելի շէնքերու վրայ երկու հրթիռ ինկած է, կարգ մը շէնքեր ամբողջութեամբ փուլ եկած են։ «Ալիք»-ի շէնքի ապակիները եւ մուտքի փայտեայ դուռը ջարդուփշուր եղած են, բարեբախտաբար ոչ ոք վնասուած է, պաշտօնէութիւնը կէս ժամ առաջ արձակուած է։ Թերթի տպագիր տարբերակը օրերս լոյս պիտի չտեսնէ մինչեւ խմբագրութեան շէնքի վերականգնումը։ Առայժմ պիտի գործէ միայն առցանց տարբերակը։
Քաղաքին վիճակը մտահոգիչ է։
Յառաջիկայ երկու օրերը ծանր պիտի ըլլան», ըսաւ Դանիէլեան։