Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պերիս Էքինճ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցան, յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Հանդիպումի ընթացքին անոնք կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ:

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նախապէս պատասխանելով «Ազատութիւն» կայանի հարցումին, չէր հերքած, որ հետագային վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Թուրքիա՝ հանդիպում ունենալու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հետ:

Յիշեցնենք, որ 5 Յունիսին, Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Էրտողանի հետ։ Անոնք քննարկած էին Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերող հարցեր ու համաձայնած՝ շարունակել երկխօսութիւնը: Փաշինեան վերջին անգամ աշխատանքային այցելութեամբ Թուրքիա մեկնած էր Յունիս 2023-ին եւ ներկայ գտնուած Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան: