ԵՄ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, այսօր՝ 17 Յունիսին տեսակապով ոչ-պաշտօնական նիստ պիտի գումարեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը քննարկելու՝ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ սրող հակամարտութեան լոյսին տակ: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, այս մասին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Անուար ալ-Անունին՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Կայա Կալասի ներկայացուցիչը։
Անոր խօսքին համաձայն, Եւրոմիութիւնը կողմ հանդէս պիտի գայ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ պիտի շարունակէ դիւանագիտական միջոցներով կարելի ամէն ինչ ընել լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ Իրանի միջուկային ծրագիրի լուծումը գտնելու համար։