Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, Կիրակի, 15 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, <<Գ. Եսայեան >> սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի Զ. կարգի աշակերտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը, որուն աւարտին՝ հաստատագրերու բաշխումը։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ։

Հանդիսութեան սկիզբը շրջանաւարտները ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններով սրահէն բեմ բարձրացան։

Օրուան հանդիսավարն էր ուսուցչուհի Լիա Քիլէճեան-Մաթոսեան։

Բացման խօսքով ուսուցչուհի Մարալ Ապլաքեան-Քէչէճեան յիշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ 2025 տարին հռչակուած է «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի», շեշտելով որ ազգ մը կը պահպանուի եւ իր դիմագիծը անաղարտ կը պահէ մայրենի լեզուով, մշակոյթով, կրօնական ու ազգային աւանդութիւններով, հոգեկան ու իմացական ապրումներով եւ արժէքներով։ Ան անդրադարձաւ հայ դպրոցի դերին՝ որպէս առողջ միջավայր, ուր նորահաս սերունդները հասակ կ՛առնեն, ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան եւ կը հաղորդուին Մեսրոպեան տառերով, նաեւ անդրադարձաւ հայ կրթական մշակի գիտակից աշխատանքին եւ նուիրուածութեան, ապա շրջանաւարտներուն բարի երթ եւ լուսաշող ապագայ մաղթեց։

Հանդիսութեան յայտագիրը կ՚ընդգրկէր հայերէն եւ արաբերէն՝ ազգային ու հայրենասիրական երգեր, ոտանաւորներ, պարեր, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներուն կողմէ ուղղուած երախտագիտական սրտի խօսք։

Աշխոյժ ու կայտառ շրջանաւարտները ներկայացուցին խմբային <<Երազ Իմ Երկիր>>, <<Իմ Հայաստան >>, <<Խաղաղութիւն>>, <<Եկեղեցին Հայկական >>, <<Ով Մեծասքանչ Դու Լեզու >>, <<Վերջին Զանգ>>, <<Ձայն Տուր, Ո՛վ Ֆետայ>>, <<Թիկունքդ Լայն>>, <<Պետօ Ղեւոնդեանի Յիշատակին>>, <<Արիւնոտ Դրօշ>>, <<Սուրիա Ժաննէ>> եւ <<Լա Մուսթահիլա>> երգերը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան- Քահքէճեանի, ապա ասմունքով հանդէս եկան շրջանաւարտներ՝ ներկայացնելով Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պար» եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» քերթուածները, նաեւ արաբերէն «Քասիտէթ Իհտա Լիմատինէթ Հալապ» ոտանաւորը։

Շրջանաւարտները երգերու եւ քերթուածներու ընդմէջէն շեշտեցին հայ մշակոյթի կարեւորութիւնը, անդրադարձան հայոց լեզուի դերին, որպէս ազգի մը ամբողջականութիւնն ու յաւերժութիւնը երաշխաւորող ազդակ, նաեւ հայ եկեղեցւոյ դերին՝ որպէս ապահով միջնաբերդ, եւ հայ դպրոցին՝ որպէս հայ աշակերտի ազգային դիմագիծը պահող հիմնական կռուան։ Անոնք խաղաղութեան կոչ ուղղեցին եւ խնդրեցին Բարձեալն Աստուծմէ, որ համայն աշխարհին խաղաղութիւն պարգեւէ։

Շրջանաւարտները երախտագիտական խոր զգացումներով իրենց սրտի խօսքը յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն, որոնք գիտելիքներու անսպառ աղբիւր եւ յոյսի ու լոյսի ծով են։ Ապա ազգային ոգիով ներշնչուած, թշնամիին ուղղելով իրենց խօսքը շեշտեցին, որ միշտ պահանջատէր պիտի մնան մեր հազարաւոր նահատակներու արիւնաթաթախ հողերուն եւ պիտի դատապարտեն այն՝ ինչ որ թշնամին կը կատարէ մեր հայրենիքին, հողին եւ ժողովուրդին նկատմամբ։

Հանդիսութեան ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցան շրջանաւարտ աշակերտներուն վեց տարուան առօրեայէն ու աշխատանքէն քաղուած պատկերներ։

Յայտագիրին ընդմէջէն մեր եռանդուն աշակերտները ներկայացուցին <<Սասնայ Պար>>, իսկ քնքոյշ աշակերտուհիները՝ <<Ռաքս Թուրասի>> պարերը։

Աւարտին շրջանաւարտները հպարտանքով <<Արիւնոտ Դրօշ>> խմբերգը երգեցին, խոստանալով որ ձեռք ձեռքի տալով միշտ բարձր պիտի պահեն հայ ազգը, անոր սուրբ պատիւը եւ եռագոյն դրօշը։

Այնուհետեւ տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ մշակոյթի դերին՝ ազգի պահպանման եւ գոյատեւման առումով։
Ան ըսաւ. «Մենք պատահական ազգ մը չենք, մենք մեր լեզուին, մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կառչած, նուաճումներ արձանագրած հզօր ազգ մը եղած ենք։ Ուրեմն պահենք մեր աւանդութիւնները, որովհետեւ անոնք ժողովուրդի մը ինքնութիւնը կը հաստատեն եւ կ՛երաշխաւորեն անոր միասնականութիւնն ու ամբողջականութիւնը»։

Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան, խրատներուն եւ օրհնաբեր այցելութիւններուն համար եւ երախտագիտական խօսքերով գնահատեց բոլոր այն բարերարները, որոնք նեցուկ կանգնեցան եւ օժանդակեցին վարժարանիս։ Տնօրէնուհին այնուհետեւ գնահատեց ուսուցիչները, որոնք հերոսաբար, ծով համբերութեամբ, կատարեալ նուիրումով եւ ծայրայեղ բծախնդրութեամբ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանը յաջողութեամբ աւարտին հասցուցին։
Հուսկ, իր խօսքի աւարտին, շնորհաւորեց շրջանաւարտները մաղթելով, որ իրենց դիմաց բացուող բոլոր ճամբաները ըլլան լուսաւոր, իսկ հայ դպրոցին տուած աւանդով նուաճեն նոր բարձունքներ։

Այնուհետեւ հայր սուրբին ձեռամբ կատարուեցաւ հաստատագրերու բաշխում, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր աշակերտի հաստատագիր ստացած պահուն մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի հանդիսութեանց անհատական պատկերները ցուցադրուեցան։

Բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի հոգաբարձական կազմի ատենապետ Մինաս Մինասեան՝ պարգեւատրելու վաստակաշատ ուսուցչուհի Մարալ Չէրչեանը, որ բոլորեց իր ծառայութեան տարիները եւ հանգստեան կոչուեցաւ։

Հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնն ու սրտի խօսքը ուղղեց բոլորին, դիտել տալով, որ «շրջանաւարտները, զորս հայ ազգի հերոսներ կոչեց, այս դժուար օրերուն կրցան հայ մշակոյթը պահել։ Անոնք ֆիզիքապէս պիտի մեկնին դպրոցէն, սակայն իրենց գեղեցիկ յուշերով, դասերով, երգերով ու պարերով հոգեպէս ներկայ պիտի ըլլան դպրոցէն ներս»: Ան յորդորեց շրջանաւարտները հայ մշակոյթը միշտ վառ պահել, որովհետեւ մշակոյթով ու հայոց լեզուով կը զօրանան, կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն։ Ապա սրբազան Հօր անունով շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ բարի երթ մաղթեց բոլորին։
Հայր սուրբը իր խօսքի աւարտին գնահատեց վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, բոլորին մաղթելով ուժ եւ կորով։

Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ ուսուցչական կազմը եւ հանդիսութիւնը <<Պահպանիչ>> աղօթքով փակուեցաւ, որմէ ետք շրջանաւարտներն ու վարժարանի անձնակազմը այս հանդիսութեան առիթով պատրաստուած կարկանդակը հատեցին։

Սեւան Տէյիրմէնճեան