1- Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ՝ պատմական շարունակականութիւն եւ ներկայի անորոշութիւն
Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ կը ներկայացնեն Սփիւռքի գոյատեւման եւ փոխակերպման եզակի օրինակ մը՝ իբրեւ հին, բազմաշերտ եւ միջինարեւելեան հասարակութիւններու յատուկ դիմագիծով սերտօրէն ձեւաւորուած փոքրամասնութիւններ: Այս գաղութները, որոնց ներկայութիւնը ունի դարերու խորք, վերածուած են ոչ միայն մշակութային ինքնութիւն պահողներու, այլեւ՝ տնտեսական, կրթական եւ երբեմն նաեւ քաղաքական հաւասարակշռութեան բաղադրիչներու: Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Իրանի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու մէջ անոնք ձեւաւորած են ամուր համայնքային ցանցեր, հաստատած՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մշակութային կեդրոններ, որոնք երկար ժամանակ ծառայած են որպէս ինքնութեան վերարտադրութեան եւ համայնքային վերակազմաւորման հիմնական կռուաններ:
Սակայն այս շարունակականութեան հիմքերը վերջին տասնամեակներուն խիստ խախտուած են: Տարածաշրջանային լայնածաւալ տատանումները, ինչպէս՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, Լիբանանի տնտեսական եւ պետական փլուզումը, Իրաքի ներքին անկայունութիւնը եւ իրանեան համակարգի փակ միջավայրը, նպաստած են թէ՛ գաղութներու հիւծումին եւ թէ՛ զանգուածային արտագաղթի ալիքներու: Այս երեւոյթը չի սահմանափակուիր ֆիզիքական տեղաշարժով, այլ կը յանգի նաեւ քաղաքական ազդեցութեան նուազման, կրթական եւ մշակութային ենթակառուցուածքներու թուլացումին եւ հասարակական մասնակցութեան զգալի նահանջին:
Տեսականօրէն Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ նմանօրինակ համայնքները պէտք է դիտուին որպէս շարժական, ցանցային եւ բազմակողմանի պատկանելիութեամբ վարուող քաղաքական առարկաներ: Սակայն Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները, հակառակ իրենց պատմական վերապրումի կարողութեան, ներկայիս կը գործեն յատուկ մարտահրաւէրներու պայմաններու մէջ, ուր միաժամանակ գոյութիւն ունին ներքին կազմակերպական տկարացում եւ արտաքին ճնշման աւելացում: Միեւնոյն ժամանակ համայնքներու ներգրաւուածութիւնը տեղական քաղաքական համակարգերու մէջ (օրինակ՝ լիբանանեան համայնքային համակարգին մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններու դերը) ենթադրած է այնպիսի ներգրաւում մը, որ պատմական շարունակականութիւն ապահովելու փոխարէն՝ երբեմն բերած է ինքնաթելադրման եւ նոր սերունդի հետ կապի խզման:
Հայ համայնքները Միջին Արեւելքի մէջ կը գտնուին փուլի մը մէջ, ուր տեղի կ’ունենայ միաժամանակ երկու գործընթաց. մէկ կողմէ՝ բազմասերունդ կայուն ներկայութեան ժառանգութեան պահպանման փորձ, միւս կողմէ՝ անոր արագ կորուստ: Այս ճնշումը կը ստեղծէ նոր հարցադրում. ինչպէ՞ս կարելի է վերարժեւորել հայկական ներկայութիւնը՝ իբրեւ ռազմավարական արժէք ոչ միայն ազգային ինքնութեան պահպանման համար, այլեւ՝ իբրեւ տարածաշրջանային քաղաքացիական արժէքի դրսեւորում:
Միջին Արեւելքը, ուր տեղի կ’ունենայ փոքրամասնութիւններու լայնածաւալ վերադասաւորում, այլեւս չի բաւարարուիր պատմական յուշերով: Ան պահանջ կը դնէ արդիական քաղաքական եւ մշակութային ռազմավարութիւններու, որոնք կրնան հայկական ներկայութիւնը վերածել ապագայաբանուած քաղաքականութեան մասի:
2. Հայկական գաղութներու իրավիճակը՝ վերլուծական մօտեցում
Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու ներկայ իրավիճակը անհրաժեշտ է դիտարկել զանոնք բաղդատելով տարբեր երկիրներու այլ գաղութներու հետ: Տարբեր երկիրներու համայնքներու առկայութիւնը պայմանաւորուած է՝ յատկապէս տեղական պետական համակարգերու կառուցուածքով, ներքին հակամարտութիւններու բնոյթով եւ համայնքային ինքնակազմակերպման մակարդակով: Այս վերլուծական մօտեցումը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս նոյն պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը կրող խմբակներ կրնան զարգանալ տարբեր ուղղութիւններով՝ կախուած հիւրընկալ պետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային մթնոլորտէն:
Լիբանանի պարագային, հայկական համայնքը կը ներկայացնէ ոչ միայն տարածաշրջանի, այլեւ համաշխարհային Սփիւռքի ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկը: Երեք մեծ քաղաքական կուսակցութիւններու՝ Դաշնակցութիւն, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններու գործունէութիւնը զուգակցուած է լայն կրթական ցանցով եւ եկեղեցական հաստատութիւններով, որոնք դարերէ ի վեր ապահոված են ինքնութեան փոխանցում եւ հասարակական ներգրաւուածութիւն: Այս համայնքը ձեւաւորած է նաեւ համասփիւռքեան քաղաքական օրակարգերու, ներառեալ Հայ Դատի համակարգման եւ պետական յարաբերութիւններու միջնորդութեան գործօն ծիր մը: Սակայն վերջին տասնամեակի ընթացքին եւ յատկապէս 2019-էն ետք բռնկած տնտեսական ճգնաժամին, դրամավարկային փլուզման, պետական կառոյցներու կաթուածահարութեան եւ համատարած արտագաղթի պատճառով լիբանանահայ համայնքը կը գտնուի վերարտադրողական ճգնաժամի մէջ: Երիտասարդ սերունդի զանգուածային արտագաղթը, դպրոցներու ֆինանսաւորումի դժուարութիւնները եւ կրթական ու մշակութային նախաձեռնութիւններու շարունակականութեան նկատմամբ աճող անորոշութիւնը խորացուցած են համայնքի ապագայի վերաբերեալ մտահոգութիւնները:
Սուրիոյ մէջ, ուր հալէպահայ գաղութը երկար ժամանակ եղած է տարածաշրջանի կարեւորագոյն հայկական կենսամշակութային գօտիներէն, 2011-ին սկսած քաղաքացիական պատերազմը կործանարար ազդեցութիւն ունեցած է: Համայնքի զգալի մասը բռնի տեղահանուած է, կամ՝ արտագաղթած, մեծ թիւով շէնքեր, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ քանդուած են, կամ՝ անգործածելի դարձած: Հակառակ անոր որ որոշ հատուածներ վերադարձած են պատերազմէ ետք եւ՝ համայնքային վերակառուցման փորձեր ըրած, ընդհանուր վստահութիւնը ապագայի նկատմամբ կը մնայ տկար: Համայնքին ներգրաւուածութիւնը վերածուած է գոյատեւման ռազմավարութեան, ուր գերակայ դեր կը խաղան՝ միջազգային օժանդակութիւնը, մարդասիրական ցանցերը եւ սահմանափակ ներուժով կրթական վերածրագրաւորումը: Այս համայնքը կը պայքարի ոչ միայն ֆիզիքական վերակառուցման, այլեւ՝ պատկանելիութեան վերիմաստաւորման հարցին հետ:
Իրանի պարագային, հայկական համայնքը կը գործէ բոլորովին տարբեր կառուցուածքի մէջ: Այստեղ հայերը ճանչցուած են իբրեւ օրինական կրօնական փոքրամասնութիւն՝ խորհրդարանական ներկայացուածութեամբ եւ մշակութային-դպրոցական ազատութիւններու սահմանափակ գօտիով: Համայնքը ընդհանուր առմամբ պահպանած է իր դպրոցները, եկեղեցիները եւ բարեսիրական ցանցերը՝ առանց բացայայտ հետապնդումներու: Սակայն համակարգային հսկողութիւնը, քաղաքացիական ազատութիւններու սահմանափակումը եւ արտաքին աշխարհի հետ կապերու խիստ վերահսկումը սահմանափակած են քաղաքական ու մշակութային զարգացման հնարաւորութիւնները: Այս «կայունութեան սահմանափակուածութիւնը» ստեղծած է փակ մթնոլորտ, ուր համայնքը կը պահպանէ իր ներկան, բայց դժուարութեամբ կը սերմանէ ապագայի զարգացման ծրագիրներ:
Ի վերջոյ, Իրաքի մէջ հայկական գաղութը վերածուած է ցրուած, մասնատուած եւ գործնականօրէն գոյատեւման մակարդակի իջած խմբաւորումի: 2003-ի պատերազմը, հետագայ տարիներուն բռնութիւնները, համայնքային թիրախաւորումները եւ ահաբեկչական յարձակումները հիմնովին կազմալուծած են համայնքային ենթակառուցուածքները: Թէեւ որոշ հայկական հաստատութիւններ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, յատկապէս՝ Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ, սակայն անոնք ունին զուտ պահպանողական առաքելութիւն եւ կրթական կամ մշակութային զարգացում իրականացնելու կարելիութիւն չունին: Համայնքի անդամներուն մեծ մասը կա՛մ արդէն արտագաղթած է, կա՛մ կը ծրագրէ հեռանալ, որուն պատճառով նոր սերունդին կապը հայկական ինքնութեան հետ զգալիօրէն թուլցած է:
Վերլուծական մօտեցումով կարելի է եզրակացնել, որ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները կը գոյատեւեն չափազանց տարբեր պայմաններու մէջ՝ անկայունութենէ մինչեւ սահմանափակ կայունութիւն: Սակայն բոլոր պարագաներուն ալ գերակշռող միտումը համայնքային նօսրացումն է, քաղաքական ու կազմակերպական ճկունութեան անկումը եւ ապագայի շուրջ աճող անորոշութիւնը: Այս իրողութիւնը կը պահանջէ վերանայուած ռազմավարութիւն՝ ներառելով տեղային ինքնակազմակերպման նոր ձեւեր, փոխճնշումներու դիւանագիտութիւն եւ Հայ Դատի ռազմավարական հարթութեան վերանորոգուած ըմբռնում՝ համապատասխան նոր տարածաշրջանային վերաձեւումներուն, ինչ որ մինչեւ օրս հորիզոնի վրայ չենք տեսներ:
Վերա Եագուպեան