Երուսաղէմ։ Կամ՝ Հայ Երուսաղէմ։ Կամ՝ Սրբոց Յակոբեանց վանք ու միաբանութիւն։ Կամ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն։
Այս անուններն ու անուանումները կ’ակնարկեն միեւնոյն հասցէին։ Պատմական ու դարաւոր հասցէ մը, որ կ’ամրագրէ հայոց փառաւոր ներկայութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ ու Հայ Եկեղեցիին կու տայ այն նոյն դիրքն ու պատիւը, զոր այնտեղ կը վայելեն մեզմէ տասնապատի՛կ անգամ աւելի հզօր ու մեծաթիւ համայնքները՝ յոյներն ու լատինները։
Գիտենք, որ Երուսաղէմի հայ պատրիարքութիւնը մէկն է Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն։ Ու գիտենք նաեւ, որ այդ պատրիարքութեան պաշտօնաթերթը կը կոչուի «Սիոն»։ Այս «Սիոն»-ն է ահա, որ մեզի խապրիկներ կը բերէ Երուսաղէմէն, Բեթղեհէմէն, Հայֆայէն ու Պաղեստինի միւս անկիւններէն։ Կրօնական, գրական ու բանասիրական պարբերաթերթ մը ըլլալու կողքին՝ անիկա գրեթէ միակ լրատուն է մեզի համար, ուրկէ լուրեր    կը քաղենք սաղիմահայ մեր նօսրացած գաղութին մասին, զեկոյցներ կը կարդանք Ժառանգաւորաց եւ Թարգմանչաց վարժարաններու գործունէութեանց շուրջ, բայց ամէնէն գլխաւորը՝ վերահասու կ’ըլլանք Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդադրում առաքելութեան, որ է՝ գիշեր-ցերեկ խստաբիբ հսկել մեր եկեղեցւոյ նուիրագործեալ իրաւունքներուն վրայ ու առիթ չտալ որ ճարպիկ կամ նենգամիտ օտար շրջանակներ ոտնձգութիւններ կատարեն այդ իրաւունքներուն շրջածիրէն ներս…։
Մեր նախնիները ի՜նչ զոհողութիւններով ու իմաստուն ջանքերով կրցեր են տէր դառնալ Ս. Երկրին մէջ նիւթական ու բարոյական արժէք ներկայացնող մեծղի հարստութեանց։ Իրերայաջորդ սերունդներն ալ պահպաներ են զանոնք նախանձախնդրութեամբ ու երբեմն ալ՝ արեա՛մբ։
«Սիոն»-ի հին թէ նոր իւրաքանչիւր թիւ ա՛յս հաստատումն է որ կ՛ընէ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով։
Մեր տրամադրութեան տակ է արդէն «Սիոն»-ի վերջին՝ նորագոյն թիւը։ Պաշտօնաթերթը թեւակոխեր է արդէն իր 96-րդ տարին (կը հրատարակուի 1927-էն սկսեալ, իբրեւ Նոր Շրջան)։
Եղիշէ Դուրեան մեծանուն պատրիարքն է որ հիմը դրած էր «Սիոն»-ին, զայն դարձնելով իր արդիւնալից գահակալութեան կարեւոր իրագործումներէն մին։ Այդ օրերուն, ան խմբագրապետի պաշտօնը յանձներ էր Արմաշու դպրեվանքի անդրանիկ հունձքի փայլուն դէմքերէն Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանին (հետագային՝ աթոռակից կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ)։ Բաբգէն սրբազան, բազմահմուտ եկեղեցական ու գրագէտ անձ, նորածիլ «Սիոն»-ը վերածեր էր աստուածաբանական ու բանասիրական որակաւոր հանդէսի մը։
Աւանդութիւնը կը շարունակուի այսօր ալ՝ նոր ու երիտասարդ ուժերով։
«Սիոն»-ի այժմու խմբագիրն է Ներսեհ վրդ. Ալոյեան։
Ի տարբերութիւն հին շրջաններու ամսագրային դրութեան՝ պարբերականը ներկայիս լոյս կ’ընծայուի եռամսեայ յաճախականութեամբ։ Նորագոյն թիւը կը կրէ Յունուար-Մարտ 2025 թուականը։ 130 էջ է։ Տպագիր օրինակէն զատ՝ անիկա հասանելի է նաեւ համացանցային իր տարբերակով։
Կը սկսինք թերթատել «Սիոն»-ը էջ առ էջ, հաճոյքով։
Խմբագրականը նուիրուած է Կաղանդի ծառին, պատմական ակնարկով ու աւանդազրոյցներու մէջբերումներով։ Կ’ըսուի, թէ անիկա կը խորհրդանշէ դրախտի «Կենաց ծառ»-ը, իսկ եղեւինը (զոր իբրեւ տօնածառ կը գործածենք) իր մշտադալարութեամբ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ անսպառ բարիքները եւ անհատնում շնորհները։
Չորս կարեւոր յօդուածներ, որոնք կ’ընթերցուին հետաքրքրութեամբ, հիմնականօրէն լեցուցեր են «Սիոն»-ի ներկայ թիւը։
Առաջին գրութիւնը կը պատկանի պոլսահայ բանասէր Սեւան սրկ. Տէյիրմէնճեանին, որ քանի մը տարիէ Երուսաղէմ կը մնայ եւ կ’ուսուցչագործէ այնտեղ։ Ան հրապարակեր է տարեցոյցներու նշանաւոր հրատարակիչ Թէոդիկի (1873-1928) նամակները Եղիշէ պատրիարք Դուրեանին։ Վանքին արխիւատունէն վերցուած այս նամակները գրի առնուած են 20-ական թուականներուն՝ յունական Գորֆու կղզիէն (ուր գացեր ապաստաներ էր Թէոդիկ քեմալական շարժումի օրերուն), Նիկոսիայէն, Փարիզէն։ Թէոդիկ մի՛շտ փորձած է Դուրեան սրբազանի աշխատակցութիւնը ապահովել իր Տարեցոյցին, բայց միաժամանակ բաղձանք յայտներ է որ պատրիարք սրբազանը զինք Երուսաղէմ կանչէ ու պաշտօնի կոչէ տեղւոյն տպարանին մէջ, որ փակ կը մնար 1915-էն ասդին։ Բոլոր նամակները օժտուած են շահեկան ծանօթագրութիւններով եւ ցոյց կու տան նամակագիր երկու սկիւտարցիներուն հոգեկան կապն ու մտերմութիւնը։
Երկրորդ գրութիւնը ստորագրուած է Արշակ աբղ. Ղազարեանի կողմէ (վանքի ձեռագրատան եւ թանգարանի այժմու տեսուչը)։ Ան երկարօրէն կը խօսի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի մեծաթիւ որմնանկարներուն եւ իւղաներկ նկարազարդումներուն մասին ու կը ջանայ ճշդել անոնց նկարիչ-հեղինակները։ Յա՛տկապէս կը կեդրոնանայ 1720-ական թուականներուն ստեղծագործած տաղանդաւոր նկարիչի մը՝ Տիրացու Յովհաննէսի ինքնութեան եւ վրձինին վրայ (այս անունին կը վերագրուի Տէրունական պատկերաշարք մը, որ կը բաղկանայ 23 մեծածաւալ կտաւներէ)։ Գրեթէ ամբողջական ուսումնասիրութիւն մըն է այս, ուր տաճարին պատերէն անդին՝ քննութեան կ’ենթարկուին նաեւ խորաններու քանդակազարդ խաչկալներուն, գմբէթակիր չորս սիւներուն եւ առաստաղի զարդանկարները, որոնք կը ներկայացնեն Հին ու Նոր Կտակարաններէն դրուագներ, Քրիստոսի երկրային կեանքէն տեսարաններ եւ սուրբերու նկարներ։ Ասոնցմէ շատեր ստեղծուեր են ԺԸ. դարէն առաջ։ Յօդուածագրին եզրակացութիւնն այն է՝ թէ «Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարն այն բացառիկ կոթողներից է, որտեղ պահպանուել է Հայ Առաքելական եկեղեցու պատկերագրութեան կանոնական աւանդոյթը»։
«Սիոն»-ի էջերը մի՛շտ ալ ընդգրկած են ու կ’ընդգրկեն գրական կամ գրականագիտական ուսումնասիրութիւններ։
Պաշտօնաթերթին հայաստանցի երիտասարդ խմբագիրը՝ Ներսեհ վրդ. Ալոյեան, յառաջապահներէն մին է այս բնագաւառին, գո՛նէ սա վերջին քանի մը տարիներուն։ Ակնբախ է, որ Հ. Ներսեհ ունի գրական լուրջ հետաքրքրութիւններ ու գնահատելի թեքում մը՝ պրպտելու, հետազօտելու, մեկնաբանելու մօտիկ անցեալի մեր գրականութեան պատմութեան ինչ-ինչ երեսները։
Այս անգամ ան սեւեռումի ենթարկած է «Արեւմտահայ ռոմանթիկական պատմավէպի ժանրային առանձնայատկութիւնները» (վերնագիրն է)։ Ընդարձակ այս յօդուածը, ամբողջովին, կը պտտկի պոլսեցի արեւմտահայ յայտնի վիպագիր Ծերենցի (բժ. Յովսէփ Շիշմանեան) 1877-1881 քառամեակին հրատարակած երեք պատմավէպերուն շուրջ՝ «Թորոս Լեւոնի», «Երկունք Թ. դարու» եւ «Թէոդորոս Ռշտունի»։ Գիտենք, որ յօդուածին վարդապետ հեղինակը նախապէս ալ, քանիցս, հայրենի գիտական այլ պարբերականներու մէջ, խորապէս քննած էր Ծերենցի վէպերը։ Կը թուի թէ իր նախասիրած նիւթն է այս, որուն մասին մի՛շտ նորութիւններ, ըսելիքներ ունի ան։ Դէպի խորացում առաջնորդող երթ մըն է այս, մեծապէս գնահատելի։
Երբ «պատմավէպ» կ’ըսենք, բնականաբար կը յիշենք Րաֆֆին՝ իր նշանաւոր վէպերով։ Ալոյեան վրդ. կ’ըսէ սակայն, թէ Ծերենց վիպական այդ սեռին մշակման մէջ կը կանխէ Րաֆֆին։ Երկո՛ւքն ալ իրենց պատմավէպերուն ընդմէջէն ուզած են պատգամներ տալ ներկային, պատմութեան խորերէն եկող իրենց հերոսները, անոնց վսեմ գործերը օրինակ ցոյց տալ այսօրուան սերունդներուն։ Ուզած են որ ընթերցողները իրենց նախնեաց մեծագործութիւնները տեսնեն, հետեւին անոնց առաքինութիւններուն, հեռու մնան մոլորութիւններէ։
«Սիոն» երբեմն տեղ կու տայ անգլերէն գրութեանց ալ։ Այդ է պարագան Նաւասարդ Մարտոյեանի ուսումնասիրութեան, որ նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ կը փնտռէ քրիստոնէից Ս. Գիրքին եւ իսլամաց Քուրանին միջեւ։ Յօդուածը իր տողատակի ծանօթագրութիւններով յղում կը կատարէ բազմաթիւ աղբիւրներու։ Շատ հետաքրքրական հետազօտութիւն մըն է այս, ուր կը տողանցեն բոլոր այն անունները (դէմքեր), որոնք յիշատակուած են Ս. Գիրքի եւ Քուրանի մէջ միաժամանակ։ Իցի՜ւ թէ այս յօդուածը հայերէնի թարգմանուէր ու տպուէր։
«Սիոն»-ի «Սուրբ Յակոբի ներսէն» մնայուն սիւնակը տեղեկութիւններ կու տայ մեզի վանքին ու պատրիարքութեան կեանքէն, իրադարձութիւններէն։ Զորօրինակ, կ’իմանանք որ անցեալ Փետրուարին Երուսաղէմի քաղաքապետարանը անիրաւօրէն փորձեր է ահռելի հարկեր գանձել հայոց պատրիարքութեան գոյքերէն կամ հակառակ պարագային՝ բռնագրաւել զանոնք։
Ս. Աթոռոյ դիւանին կողմէ 11 Մարտին հրատարակուած այլ հաղորդագրութիւն մը (էջ 95-96), սակայն, «Սուրիոյ մէջ շարունակուող խժդժութեանց եւ աւերիչ հակամարտութեանց» մասին, ուղղակի շշմեցուց մեզ։ Անտեղի ու վնասարար զեկոյց մըն է այս եւ կը բովանդակէ անիրաւ ու հիմնովին անիրական մատնանշումներ։ Հաւանաբար պատրիարքարանը զոհ գացեր է ապատեղեկատուական  դրդումներու…։ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը կայուն է աւելի քան երբեք, իսկ հայ (եւ քրիստոնեայ) բոլոր համայնքներն ալ կ’ապրին ու կը գործեն կատարեալ ազատութեամբ, անկաշկանդ եւ անդորր պայմաններու մէջ։ Երկրին նոր իշխանութիւնները բոլորին նկատմամբ կը ցուցաբերեն ազնիւ, բարեացակամ եւ օրինապահ վերաբերում։ Անկարելի է հաւատալ, որ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութիւնը սեւով ճերմակի վրայ գրէ, թէ Սուրիոյ հայերը «այժմ կանգնած են իրենց կեանքին ու ժառանգութեան սպառնացող վտանգի առջեւ։ …Անոնց եկեղեցիները, դպրոցները եւ տուները յայտնուած են շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի կրակի տակ եւ դարձեալ տեղահանումի վախ կայ»…։
Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որուն մայր թեմերէն մին է Հալէպը, երբեւիցէ կատարե՞ց նման ձախաւեր յայտարարութիւն: Ո՛չ: Թելադրելի է որ Երուսաղէմի պատրիարքարանը, նման պարագաներու, իր տուեալները քաղէ ու՛ղղակի Անթիլիասէն կամ Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանէն, փոխանակ ջուր խմելու պղտոր ակերէ…:
Թերթելով «Սիոն»-ը՝ վերահասու դարձանք նաեւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ծիսական, հոգեւոր առօրեայ գործունէութեան։ Մեր աչքին առջեւէն տողանցեցին անուննե՜ր, որոնք այսօրուան պահապաններն ու սպասաւորներն են վանքին։ Նուրհան պատրիարքին կողքին՝ այնտեղ պատնէշի վրայ են ծերունազարդ լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանը, Թէոդորոս եպս. Զաքարեանը, Կորիւն եպս. Պաղտասարեանը (կալուածոց տեսուչ), Սամուէլ ծ. վրդ. Աղոյեանը, Բարսեղ ծ. վրդ. Գալէմտէրեանը, Խադ ծ. վրդ. Ճունտուրեանը, Վանիկ ծ. վրդ. Մանկասարեանը, Ղեւոնդ ծ. վրդ. Յովհաննիսեանը, Կոմիտաս վրդ. Շէրպէթճեանը, Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ Գէորգ վրդ. Հայրապետեանը, Աղան վրդ. Գոգչեանը (դիւանապետ), Վազգէն վրդ. Ալէքեանը (աւագ թարգման), Տիրան վրդ. Յակոբեանը, Սիոն աբղ. Թաքուշեանը (գաւազանակիր) եւ այլն, եւ այլն։ Կան նաեւ մեծաթիւ սարկաւագներ ու դպիրներ։ Միաբանութեան շարքերուն մէջ մեծ է տոկոսը հայաստանցիներուն, բնականաբար՝ արեւելահայ արմատով ու բարբառով…։
Փակելէ առաջ այս արագ ակնարկը, ունինք փոքրիկ դիտողութիւն մը։
Հարկ է ուշադիր ըլլալ պաշտօնաթերթին ուղղագրութեան եւ լեզուական մաքրութեան, քանի որ, ինչպէս կը հաստատէ խմբագրութիւնը ի՛նք՝ «հայերէն յօդուածները ՍԻՈՆ-ի մէջ կը հրատարակուին դասական հայերէն ուղղագրութեամբ»։ Այս նորագոյն թիւին երեքուկէս էջանի առաջնորդող խմբագրականին մէջ մենք նկատեցինք հրէամետ, արաբամետ (պէտք է գրուին «է»-ով), ծիրանէնի, դեղձէնի, բալէնի, ձիթէնի, արմաւէնի բառերը (պէտք է գրուին «ե»-ով)։ Կային նաեւ քերականական անճշդութիւններ, խնդրառութեան սխալներ։ Օրինակ՝ «Հին եգիպտացիները կը պաշտէին Ռա չաստուծոյ» (պէտք է ըլլար «Ռա չաստուածը», հայց. հոլովով), «ինծի ալ առէք հետերնիդ» (ճիշդը՝ «զիս ալ առէք…», հայց. հոլովով), «ես քեզի պիտի մեծարեմ» (ճիշդը՝ «ես քեզ պիտի մեծարեմ», հայց. հոլովով), «Հովիւները կը փառաբանէին եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէին Աստուծոյ» (գործածուած զոյգ բայերը համասեռ չեն, ուստի պէտք է գրել՝ «հովիւները կը փառաբանէին զԱստուած եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէին Անոր»)…։
    Այսպիսի սխալներ, որոնցմով ողողուած է սփիւռքահայ բովանդակ մամուլը, դիւրաւ սրբագրելի են՝ եթէ ճիգ թափուի, հոգածութիւն ցուցաբերուի։
    Կը վստահինք «Սիոն»-ին ու անոր յարգարժան խմբագրութեան։
Լեւոն Շառոյեան