Համքարութիւնները գոյութիւն ունեցած են անյիշատակ ժամանակներէ եւ ճանչցուած են որպէս համախմբուած եղբայրութիւններ, արհեստակցական ընկերութիւններ, էսնաֆութիւններ եւ վերջապէս այսօր սէնտիքաներ: Յիշատակուած է նաեւ Նոր Կտակարանի մէջ, գործք Առաքելոց (Եփեսոսի մէջ խռովութիւն, համար 23՝ հատուածը): Համքարութիւնները՝ ընկերային խմբաւորումներ էին, որոնք կը գտնուէին ամէն երկիր եւ քաղաք ու կը հետապնդէին հաւաքականօրէն դիմագրաւել դժուարութիւնները, օգնել զիրար, աղքատ արհեստակիցին, հարթել ներքին անհամաձայնութիւնները, դասաւորել արհեստի դժուարութիւնները, յարաբերութիւնները վարել եւ պետական հրահանգները գործադրել: Իսկ Հայ պանդուխտը կը կարեւորէր համքարութիւնը օտարութեան մէջ, որպէս հայրենակցական եղբայրութիւն՝ աւանդութիւնները, բարքերը եւ սովորութիւնները պահպանելու միջոց, իր սովորական պարտականութիւններուն կողքին:
Հայը ուր որ գտնուած է, կազմած է եղբայրութիւններ՝ մասնաւորապէս երբ արհեստի մը մէջ մեծամասնութիւն եղած է: Յատկապէս XVII դարէն սկսեալ՝ երբ տեղաբնակ եւ պանդուխտ հայեր պատկառելի թիւ մը կազմած են Հալէպի մէջ եւ վարած մենաշնորհուած արհեստներ, կազմած եւ ունեցած են տեղական էսնաֆութիւններ, որոնց պետերը ճանչցուած են ինչպէս՝ գույումճիպաշի, թերզիպաշի, էքմէքճիպաշի եւ տեղական լեզուով «շէյխ»: Սասունցի պանդուխտները, որոնք մեծ թիւ մը կը կազմէին, ունեցած են իրենց էսնաֆութիւնը, որ համախմբած էր՝ փռապանները, ջաղացպանները, հացթուխները եւ ցորենի վաճառականները: Կային նաեւ ոսկերիչներու, դերձակներու, ջուլհակագործներու, կօշկակարներու, ներկարարներու եւ վերջապէս վաճառականներու համքարութիւններ:
Նոյնիսկ 1915-էն ետք, երբ Հալէպահայ գաղութը նոր արհեստներու կիրարկման մէջ մեծամասնութիւն դարձած է, այսինքն հայ արհեստաւորը կազմած է արհեստի մը փաղանգին մեծամասնութիւնը, կամ աշխատած է մենաշնորհուած արհեստ մը, մտահոգուած ու համախմբուած է սէնտիքաներու հովանիին ներքեւ, որպէս լրացուցիչ նախաքայլ մը իր ներկայութեան: Այսպէս օրինակ՝ վարորդներու, մեքանիքներու եւ լուսանկարիչներու սէնտիքաները: Հայութիւնը մասնակից դարձած է նաեւ այլ սէնտիքաներու ստեղծման Սուրիոյ նոր պատմութեան մէջ, ինչպէս՝ ճարտարապետական ընկերութիւնը 1934-ին, եւ ապա ճարտարապետական սէնտիքան 1950-ին, որուն առաջնեկ հայ ճարտարապետներէն են Արշակ Գալէմքեարեան, Մարտիրոս Տէմիրճեան եւ Արամ Սալաթեան: Վերջապէս հայը միշտ ալ համոզուած է սէնտիքայի կարեւոր դերակատարութեամբ՝ արհեստի յառաջդիմութեան եւ այժմէականութեան համար:
1946 – 47 թ. Սուրիոյ անկախութիւնը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրաւ երկիրը։ Պետութիւնը 57/1952 թուակիր հրամանագրով որոշում ընդունեց արտօնել միայն 22/24, 21/24, 18/24, 14/24 յարգերով ոսկիի շրջանառութիւնը: Սակայն ոսկերիչ արհեստաւորները պատրաստուած չէին նման նախաքայլի, անոնք հիմնուած էին հինէն եկող սովորութեան մը վրայ՝ ոսկիի յարգը չափել փորձաքարով, որ հին արեւելեան բանաձեւ մըն է, հիմնուած մարդու անմիջական զգայարանքներու սահմաններով, բաղդատական սկզբունքի վրայ ու լայն տատանումներով: Ճանիկ Օսկանեան՝ որ օրուան ոսկերիչներու սէնտիքայի ոսկերիչ նախագահն էր, լաւ գիտակցելով պետական որոշումի այժմէականութեան, արհեստաւորին ընդունած ժամանակավրէպ բանաձեւին եւ գիտութեան զօրութեան ու արդիականութեան հրամայականին, որոշեց հիմնել արդի մետաղի տարրալուծարան մը ոսկիի ստուգման համար: Սակայն ինչպէ՞ս՝ պատկերացում չունէր էութեան մասին:
Ճանիկ ձեռնարկեց առաջ երթալու քայլին, կը մնար գիտնալ եւ ճանչնալ արդի ստուգման եղանակները եւ միջոցները, հայթայթել նիւթական կարողութիւն, պատրաստել հասարակութեան համոզումը եւ վերջապէս ունենալ վարժ ու փորձառու մարդուժ:
Օսկանեան ցերեկը գիշերուան խառնելով սկսաւ պրպտել, սէնտիքայի վարչական ընկերներէն երկու անձ իր անձնական պիւտճէով ուղարկեց Պէյրութ եւ Գահիրէ՝ ճանչնալու հոն ընդունուած եւ գործող միջոցները եւ պրպտելու կարելիութիւնները:
Ժամանակը արագ կը սահէր եւ թիւ 20 – 41280/1956 պետական որոշումը չուշացաւ: Ան կը պնդէր, որ ոսկիի շրջանառութիւնը պէտք էր ըլլար միայն՝ 950/1000 – 900/1000 – 800/1000 – 600/1000 յարգերով, որուն համար կը նախատեսէր 6 ամիս՝ սկսելու գործի եւ պէտք էր ընթանար անփոփոխ եւ ունենար յայտարարուած յարգ եւ տատանում: 1957 – 58-ին, Ճանիկ Օսկանեան ճիշդ ու յստակ պատկերացում կազմած էր գործին բնոյթին մասին: Օրական կը ստուգէր շուկայի յարգերը եւ կը քարոզէր բոլորին առանձնապէս ոսկերիչին: Անհրաժեշտ էր նուրբ գործիքներ, ինչպէս՝ կշիռք, փուռ եւ քիմիական հեղուկներ. վերջապէս կ՛որոշէ ու կ’ընդունի Պէյրութի բանաձեւը:
1959-ին, Ճանիկ ոսկերիչները կը հրաւիրէ ընդհանուր հաւաքի մը, օրուան նիւթ ունենալով՝ ոսկերչական տարրալուծարանի մը անհրաժեշտութիւնը, որպէս օրուան հրամայական ու անոր իրագործման գործադիր եղանակի որոշում: Հաւաքը կը շիկանայ, կը փոթորկի, վերջապէս ոտքի կը կանգնի ոսկերիչ Արամ Տէմիրճեան եւ կը խոստանայ մասնակցիլ եւ տարրալուծարանին նուիրել անհրաժեշտ փուռը: Այս անակնկալ պարգեւէն քաջալերուած, Ճանիկ Օսկանեան անմիջապէս կը կազմէ երկու յանձնախումբ իր ատենապետութեամբ, առաջինը՝ իրագործելու տարրալուծարանը, որուն անդամներն էին ինք Ճանիկ, Արամ Տէմիրճեան եւ Ռոպեր Պօղոսեան. իսկ երկրորդին պարտականութիւնն էր դրամահաւաքը՝ տարրալուծարանի հիմնադրամին ճամբով, այն պայմանով, որ պիտի հաւաքուէր ոսկերիչներէն որպէս պարտք եւ վերադարձուէր ոսկերիչին՝ տարրալուծարանի աշխատանքէն ետք գոյացած գումարով:
1959-ին որպէս հինադրամ նուիրահաւաքէն կը գոյանայ 1700 ս. ոսկի։ Միշէլ Շաատ կը նշանակուի տարրալուծարանի փորձագէտ եւ գործավար: Ան 1961-ին երկու ամիսով կ’ուղարկուի Պէյրութ՝ աշխատանքին ծանօթանալու ու մասնագիտանալու համար: 1962-ին արդէն տարրալուծարանը պատրաստ է աշխատանքի եւ որպէս յաջող ձեռնարկ մինչեւ 1968 երկարող իր պարտքերը կը փակէ:
Պէյրութի բանաձեւը կը կազմէ մետաղալուծարանի եղանակը, որ կ’առաջադրէ յարգը ստուգել ծանրութեան համեմատութեամբ օգտագործելով՝ կապար, րոպաս (մաքուր արծաթ), ինչ որ հին յունական միջոց մըն է մինչեւ օրս շարունակուող. արդիւնքներու տատանումը կը կազմէ (1,5 00/0) այսինքն (0,036) բաղդատաբար 24 կարատի:
Օրէնքով լիազօրուած պատասխանատու կ’ըլլայ Հալէպի ոսկերչական սէնտիքան, որուն առաջին ներկայացուցիչ կ’ընտրուի տիար Մինաս Մինասեան (Պարխոյեան), ընդհանուր փորձագէտ-գործավար՝ տիար Միշէլ Շաատ, առաջին փորձագէտ՝ տիար Տաուտ Մաշանի, երկրորդ փորձագէտ՝ Ֆայէզ ալ-Պէք, երրորդ փորձագէտ՝ տիար Յովհաննէս Տէօքմէճեան: 1968 թուականէն գործադիր կազմը կ’արձանագրուի ընկերային ու աշխատանքի ապահովագրական տոմարին:
Մետաղալուծարանի պաշտօնական, վաւերացուած ու երաշխիք ստուգանիշի պատկերը կը կազմէ արաբերէն Հալէպ բառը, որուն Պէ գիրին մէջ կը յիշատակուի յարգի թիւը (արժէքը). կ’որոշուի նաեւ աստղ (*) ստուգանիշը՝ շուկայի մէջ գտնուող հին արտադրութիւնները զանազանելու:
Մետաղալուծարանի ստուգուած յարգին տատանումի սահմանները կը կազմեն +/- (1,5 00/0) (0,036 / 24) որպէս որակի գնահատական:
Աւելին կ’իմանանք սէնտիքայի նամակատուփէն՝ 1964 – 1965 երկարող բանակցութիւնները՝ Սուրիոյ Պարենաւորման Նախարարութեան, Դամասկոսի սէնտիքային եւ Հոմսի սէնտիքային միջեւ, ուր Դամասկոս կ’առաջարկէ ընդունիլ +/- 5 00/0 իսկ Հոմս +/- 2 00/0 որպէս հաստատ տատանում, իսկ Հալէպի սէնտիքան կը պնդէ ընդունիլ 1,5 00/0, որպէս նրբութեան որակ Սուրիական շրջուն ոսկիին: Եւ քանի որ վերջին խօսքը կը պատկանի գիտութեան ուժին, վերջապէս 1965 թուի Պարենաւորման Նախարարութեան թիւ 255 որոշումով կ’ընդունուի Հալէպի ոսկերչական սէնտիքայի յանձնարարականը, որպէս յայտարարուած որակ Սուրիոյ շուկաներուն եւ Սուրիական ոսկիի երաշխիք:
Ահաւասիկ՝ տասը տարիներու եւ աւելի կեդրոնացած աշխատանք մը՝ մետաղի առաջին տարրալուծարանը, որուն արգասիքը կը վայելէ Սուրիական ոսկերչութիւնը մինչեւ օրս, աւելին՝ կը վայելէ նաեւ համաշխարհային վստահութիւն:
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան