ՋՈՒՐ ԽՄԵԼՈՒ ՃԻՇԴ ԵՒ ՍԽԱԼ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ջուրը պարզապէս ըմպելի մը չէ, ան կրնայ պաշտպանել մարմինը շարք մը հիւանդութիւններէ։
Ջուրի ճիշդ օգտագործումը կարեւոր է մարմինը չորացումէ պաշտպանելու համար։ Այդուամենայնիւ կան սխալ սովորութիւններ, որոնց կիրարկումով թոյլ չենք տար մարմինին լիովին օգտուելու անկէ։
 Ահաւասիկ քանի մը խորհուրդ՝ ջուրի ճիշդ օգտագործման համար.
-Մէկ գաւաթ ջուր խմել քնանալէն մէկ ժամ առաջ։ Քնանալու ընթացքին մարմինը ինքնամաքրման փուլ կը մտնէ, իսկ ջուրը կ’օգնէ այդ գործընթացին, սակայն թերադրելի է որ քնանալէն անմիջապէս առաջ շատ ջուր չխմէք, որպէսզի գիշերուան ընթացքին քանի մը անգամ չարթննաք եւ հանգիստ քնանաք։
-Ջուրը մեծ քանակով չխմել, այլ օրուան ընթացքին քիչ-քիչ խմել, քանի մը անգամ, որպէսզի  ներքին օրկանները խոնաւ մնան եւ աւելի լաւ աշխատին։ Երբ ջուրը քիչ-քիչ խմենք, երիկամները չենք ծանրաբեռներ եւ մարմինը, այս պարագային, աւելի լաւ կը ներծծէ զայն, հետեւաբար արեան շրջագայութիւնը աւելի լաւ կ’ընթանայ։
-Խմելու ջուրը պէտք է ըլլայ սենեակի ջերմութեամբ, ո՛չ շատ պաղ, ո՛չ ալ տաք, որպէսզի մարսողութիւնը դիւրացնէ, օրկանիզմին թարմութիւնը պահէ եւ պաղարութեան նշաններ չյայտնուին կոկորդին կամ շնչառական օրկաններուն մէջ։
-Ջուրը պէտք է խմել ճաշէն կէս ժամ առաջ, որպէսզի մարսողական համակարգը աւելի լաւ աշխատի եւ սնունդը լաւ ներծծուի մարմինին մէջ։
-Իւրաքանչիւր անձ տարբեր քանակով ջուրի կարիք ունի։ Աշխոյժ, երկար ժամեր քալող անձը աւելի շատ ջուրի կարիք ունի, քան հանգիստ աշխատանք վարողը։
-Ջուրը պէտք է խմել մարզանքէն առաջ կամ անոր ընթացքին, որպէսզի մարմինը չպրկուի եւ վերագտնէ մարզանքի ընթացքին իր կորսնցուցած ջուրը, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռէ իր տաքութիւնը։
-Ջուրը պէտք է խմել հանդարտօրէն, որպէսզի հաւասարակշռուած ձեւով տարածուի մարմինին մէջ եւ ստամոքսին վրայ ճնշում չբանեցնէ։
-Խմեցէ՛ք մաքուր ջուր, ինչպէս նաեւ օգտուեցէ՛ք ակերու ջուրէն, որ հարուստ կ’ըլլայ մարմնին համար անհրաժեշտ մետաղներով։
Առաւօտեան ձեր օրը սկսէ՛ք մէկ գաւաթ ջուրով՝ օրկանիզմը վերակենդանացնելու համար։
Ձեր մարմինը միշտ կը յուշէ, թէ ե՛րբ ջուրի կարիք ունի, հետեւաբար լսեցէ՛ք զայն եւ փորձեցէ՛ք պահպանել ջուր խմելու կանոնները։
Սննդագիտական
Դեղձին Օգտակար Յատկութիւնները 
Դեղձը ոչ միայն համեղ պտուղ է, այլեւ հարուստ է կենսանիւթերով ու օգտակար յատկութիւններով։ Անոր քանի մը յատկութիւնը յիշենք ստորեւ.
-Հարուստ է կենսանիւթերով – դեղձը կը պարունակէ A, C, E, K, ինչպես նաեւ B խումբի կենսանիւթեր, որոնք օգտակար են մեր առողջութեան։
-Կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգը – կ’օգնէ նուազեցնելու արեան մաղձաճարպը (քոլեսթերոլ)։ Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը։
-Կը նպաստէ մարսողական համակարգին – կը պարունակէ մանրաթելեր, որոնք կը նպաստեն նիւթափոխանակումին եւ կը կանխեն պնդութիւնը։
ԽՈՀԱԳԻՐ
Դեղձով Բայ
Բաղադրութիւն
3-4 դեղձ
3 հաւկիթ
1 գաւաթ շաքար
1 գաւաթ մածուն
350 կրամ ալիւր
70 կրամ կարագ (սենեակի տաքութեամբ)
1 թէյի դգալ սոտա, պտղունց մը աղ
0,5 թէյի դգալ փխրեցուցիչ (BP)
Պատրաստութիւն
Դեղձը կեղուել, կորիզը հանել եւ բարակ շերտերու վերածել։ Իւղով պատուած թարթի կաղապարին յատակը շարել։ Կաղապարին կողմի պարը մոմուած թուղթով ծածկել։
Խմորը պատրաստելու համար հարել հաւկիթը, աւելցնել պտղունց մը աղ, շաքար, շարունակել հարել մինչեւ որ լուծոյթը ճերմակ դառնայ։ Աւելցնել կարագը, ապա գաւաթ մը մածունին մէջ աւելցնել սոտան եւ խառնել մինչեւ որ պղպջակներ գոյանան ու մածունը աւելցնել խմորի լուծոյթին վրայ ու կրկին հարել։ Ալիւրին վրայ աւելցնել փխրեցուցիչը (BP), խառնել եւ մաղէ անցընելով աւելցնել զանգուածին վրայ։ Փայտէ դգալով խառնել լուծոյթը ու աւելցնել կաղապարին մէջ, դեղձին վրայ, դգալով տարածել եւ ափսէն տեղափոխել փուռ։ Եփել 35 վայրկեան, 180 աստիճան տաքութեամբ։ Եփելէն ետք կաղապարը շրջել պնակի մը մէջ, սպասել որ պաղի, ապա կտրտել եւ մատուցել։