Արաբական եւ Եւրոպական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններն ու դեսպանատունները խստիւ դատապարտեցին Տուէյլըայի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումը:

Քուէյթի, Քաթարի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Իրաքի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի, Իտալիոյ, Պելճիքայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները իրենց խորին ցաւակցութիւնը յայտնեցին զոհերու ընտանիքներուն եւ ամբողջական զօրակցութիւնը՝ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան՝ ՏԱՀԵՇ զինեալ խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ: Անոնք կտրականապէս մերժեցին ահաբեկչական տարբեր միջոցները, որոնք ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը կը խախտեն:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան «X» հարթակին միջոցաւ խստիւ դատապարտեց ահաբեկչական յարձակումը Ս.Եղիա եկեղեցւոյ վրայ, ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն, Սուրիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին:
Ան դիտել տուաւ. «Չենք ընդունիր, որ Սուրիա անգամ մը եւս մղուի դէպի անապահով մթնոլորտ՝ այլ կողմերու ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու միջոցաւ: Մենք պիտի շարունակենք նեցուկ կանգնիլ սուրիական կարավառութեան՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ»:
Իր կարգին, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուըն խստիւ դատապարտեց սոյն ահաբեկչական պայթումը, իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց յարմար միջոցառումներ որդգրելու՝ նման յարձակումներ կանխելու եւ սրբավայրերը, հաւատացեալները եւ որեւէ համայնքի պատկանող սուրիացի քաղաքացիները պաշտպանեն, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդին միասնութիւնը գլխաւոր հիմքն է հարցերու կանխարգիլման եւ անոնց դրդապատճառներու ոչնչացման: