Նախապէս յայտներ էինք, որ «Ալիք» օրաթերթը տպագրական աշխատանքը կասեցուցած էր եւ երկրի իրավիճակին բերումով առցանց աշխատանքով կը բաւարարուեր։ Ներկայիս համացանցի դժուարութիւն ալ ունի, ուստի կայքէջի աշխատանքն ալ դադրած է:
21 Յունիս 2025-ին Շահնազարեան տեսագրութիւն մը հրապարակելով թերթի թելեկրամի ալիքին վրայ համայնքի մասին հետեւեալը յայտնեց. «Իրանահայ համայնքին անմիջական որեւէ վտանգ չի սպառնար: Համայնքը, Իրանի հասարակութեան նման, կ’ապրի պատերազմական մթնոլորտի յատուկ իրավիճակի մէջ: Թեհրանի հայութիւնը մեկնելով ապահովական իրավիճակէն քաղաքէն հեռացած է: Ազգային Առաջնորդարանը կեանքի կոչած է թէժ գիծ, որ շուրջօրեայ վարչակարգով կը պատասխանէ համայնքի զաւակները յուզող հարցերուն: Ազգային Իշխանութիւնը կեցութեան վայր ապահոված է արդէն այն հայրենակիցներուն, որոնք Թեհրանէն ելլելով կ’ուզեն աւելի անվտանգ վայրերու մէջ հաստատուիլ: Զոյգ վեհափառները անմիջական կապի մէջ են եւ անընդհատ կը հետաքրքրուին տեղի ունեցող իրադարձութիւններով, իրենց հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեն իրանահայ մեր հայրենակիցներուն: Պատերազմական վիճակը համընդհանուր է, բայց համայնքին մէջ խուճապ չէ ստեղծուած: Մարդիկ կը փորձեն ապրիլ իրենց առօրեայ կենցաղային իրավիճակով»: