Համազգայինի Էսդրատային նուագախումբը բոլորեց իր գործունէութեան 20-ամեակը։ «Ն․ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան յառաջացուցած այս խումբը երկրի տարաբնոյթ պայմաններուն մէջ գործեց ու հալէպահայ հանրութեան հրամցուց հայկական էսդրատայի, ինչպէս նաեւ եւրոպական եւ արաբական երաժշտութեան ընտիր նմոյշներ։

Նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեան իր նուիրեալ աշխատանքով տարիներ շարունակ նուագախումբին շուրջ համախմբեց հալէպահայ տարբեր սերունդներու արուեստասէրներ եւ մեներգողներ, որոնք այսօր հանդէս կու գան տարբեր բեմահարթակներու վրայ Սուրիայէն Հայաստան, ԱՄՆ, Քանատա եւ այլուր։

Նուագախումբի այս տարուան ելոյթները, որոնք նուիրուած էին իր հիմնադրութեան 20-ամեակին, տեղի ունեցան Շաբաթ եւ Կիրակի, 21 եւ 22 Յունիս 2025-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն․ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին։

Ելոյթներուն ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տէր Կոմիտաս Վրդ․ Տատաղլեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւետիսեան, Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Ազգ․ Վարչութեան, Պատկան Մարմինի, Սուրիոյ Շրջ․ Վարչութեան, հալէպահայ մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէրներ։

Բացման խօսքով մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Վանենի Մինասեան-Պէպէճեան ըսաւ․
«Երաժշտութիւնը մարդու հոգին, զգացումներն ու ներաշխարհը ազնուացնող այն ազդակն է, որուն ճամբով մարդկային հոգին թռիչք կ՛առնէ եւ երեւակայութեան նոր հորիզոններ կը նուաճէ:
Հայ երգն ու երաժշտութիւնը, հայոց դարաւոր պատմութեան հետ առնչուելով, հայ ժողովուրդին անցեալը կը կամրջեն ներկային՝ հայկական մշակոյթի արմատներուն վրայ յենելով, միաժամանակ նորարարութեան հետ քայլ պահելով»: Ապա յայտնեց, որ նուագախումբը քսան տարի շարունակ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, սուրիահայութեան ներկայացուց հայկական ժողովրդական, գուսանական եւ աշուղական երգերու, ինչպէս նաեւ օտար երգ ու երաժշտութեան ընտրանի մը:
Պէպէճեան յիշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2025 տարին «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման Տարի» հռչակելու առիթը յայտնեց, որ մշակութային մեր աւանդութիւններն ու արժէքները պահպանելու եւ զանոնք նոր սերունդներուն փոխանցելու աշխատանքը առաւել հունաւորելու եւ արդիւնաւորելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք։ Իր խօսքի աւատին, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանին, նուագախումբի երաժիշտներուն, մեներգողներուն եւ երաժշտական յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, ՀԵՄ-ի վարչութեան,«Ռատիո Երազ»-ի անձնակազմին եւ բոլոր անոնց որոնք սատար հանդիսացան ելոյթի յաջողութեան:

Օրուան հանդիսավարն էր Քարէն Գատէհճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բանաստեղծին հետեւեալ տողերը մէջբերելով․

Ուրա՞խ է կեանքը,
Տխո՞ւր, դաժա՞ն է՝
Մի՜շտ ժողովրդից երգն անբաժան է
Նա միշտ երգով է բանում ու դատում,
Սիրում ու ատում,
Վիշտը փարատում.
Երգով է կնունք հարսանիք անում
Երգով է օրը բացվում- տաքանում,
Երգով է նորից օրն իրիկնանում….
Գատէհճեան իւրաքանչիւր երգի սկիզբը հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ երգին ու անոր երաժիշտին մասին՝ սկսելով Խաչատուր Աւետիսանէն, անցնելով Կոմիտասէն, հասնելով մինչեւ Ֆէյրուզ եւ Պեթհովէն։

Յայտագիրի առաջին բաժինով հնչեց Խ․ Աւետիսեանի «Որտեղ Գտնեմ Զեզ»-ը Բիւզանդ Պէպէճեան մենակատարումով:

«Դու յաւերժ մօտ ու հեռու
Մեր Մասիս սարը լինես,
Ես նայեմ այրուեմ անվերջ,
Ու քեզնից անհաս մնամ»
Այս երկտողը արտասանելով բեմավարը հրաւիրեց Գարօլ Քէշիշեանը՝ մեներգելու «Elegia» հայկական ժողովրդական եղերերգը:

Այնուհետեւ նուագախումբը հնչեցուց Կոմիտասի «Շողեր Ջան», «Կաքաւիկ», «էրւում Եմ», մենակատարութեամբ Արշի Տիլպէլեանի։

Ետքը ներկաները ունկնդրեցին արաբ աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզի շարք մը երգերը, մենակատարութեամբ Այտա Խաչերեան-Ասատուրեանի:

Բեմավարը այնուհետեւ ներկայացուց Torna a Surriento երգը, դիտել տալով որ ան նեապոլիտանական երգ է, գրուած 1894-ին իտալացի երաժիշտ Էրնեսդո տէ Կուրտիսի կողմէ: Երգը կ’արտացոլէ քաղաքի գեղեցկութիւնը եւ քաղաքացիներու սէրն ու կիրքը։ Այս երգի մենակատարն էր Եղիա Քիլէճեան:

Երաժշտական Յանձնախումբը պատրաստած էր տեսերիզ մը, որ մերթ ընդ մերթ կը ներկայացնէր հնչող երգերու նախկին տարիներու տարբերակներէն պատկերներ, ինչպէս նաեւ նուագախումբի Սուրիայէն դուրս գտնուող նախկին անդամներուն խումբի յոբելիանին առիթով ուղղած բարեմաղթութիւնները։

«Ջութակի իսկական առաքելութիւնը մարդկային խօսելակերպի ընդօրինակումն Է։ Ջութակը վաստակած է “երաժշտական գործիքներու թագաւոր” տիտղոսը»: Չարլզ Պէրիոթի այս խօսքերը արտասանելով, բեմավարը հրաւիրեց երկու ջութակահարներ՝ Սամաան Մաքտիս եւ Ժան Պուլոս կատարելու “Song Of Imagination”-ը։

Ակնյայտ էր գեղարուեստական ղեկավար Ռաֆֆի Ապէճեանի յայտագրի ստեղծագործութիւններու հարուստ ու հնչեղ գործիքաւորումն ու վերամշակումը, որոնց շնորհիւ նուագախումբի իւրաքանչիւր գործիք ներդաշնակութեամբ կը միանար միւսներուն ու երաժշտութիւնը կը դարձնէր հնչեղ ու բազմերանգ։

Յայտագիրի յաջորդ բաժինով նուագախումբի 20 տարուան վաստակաւոր մեներգող Կարօ Պէրէճիքլեան հրամցուց Tom Jones (Medley)-ի “She’s a lady”, “ Delayla” զոյգ երգերը, զորս ներկայացուցած էր նաեւ 2008-ին:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով Ժողովրդական երգերու շարան մը ներկայացուց ջութակահար Սարօ Լիպարեան, նուագակցութեամբ Ներսէս Մէլէտեանի:
Ապա նուագախումբը հնչեցուց “Adagio’ Իտալերէն երգը, մենակատարութեամբ Կասիա Պաղտիկեանի:

Իսկ “Ode an Die Frude” երգը, որ կը մարմնաւորէ ուրախութեան, եղբայրութեան եւ մարդկութեան տօնախմբութիւնը, մեներգեց բժիշկ Պերճ Գասապեան:

«Հալէպեան ժողովրդական երգեր»-ու շարքը, որ մեծ համբաւ կը վայելէ յատկապէս Հալէպի ժողովուրդին կողմէ, մեներգեց Լիւսի Յովհաննէսեան:
«A Night in Tunisia» ստեղծագործութիւնը, որ դարձած է ճազային չափանիշ, մեներգեց Արգինա Շէօհմէլեան, իսկ ընկերակցող երաժիշտները մենանուագներով յատուկ գոյն տուին երգին։

Ելոյթը փակուեցաւ Երեւանի սիրով եւ հայրենիքի կարօտով, «Սէր Իմ, Երեւա՛ն» մենակատարներու խմբային եզրափակիչ երգով:

Աւարտին, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Անի Գալտնեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վաստակաշատ ղեկավար բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանին, որ սիրով եւ բծախնդիր հետեւողականութեամբ ղեկավարեց նուագախումբը, ի կատար ածելու Համազգայինի առաքելութիւնը՝ պահել ու սերունդներուն ոգեշնչման աղբիւրը դարձնել հայ մշակոյթը։ Ապա Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին ձեռամբ, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ Ապէճեան նուագախումբին հետ իր 20-ամեայ երախտարժան աշխատանքին համար գնահատուեցաւ խորհրդանշական յուշանուէրով։

Օրուան եզրափակիչ պատգամով Մակար Արք․ Աշգարեան գնահատեց նուագախումբի անդամներն ու մենակատարները, գեղ․ ղեկավարը, օրուան հանդիսավարը, մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երաժշտական Յանձնախումբն ու քուլիսներու ետին բոլոր աշխատողները, որոնց հաւաքական ճիգին արդիւնքն էին ելոյթները։ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ երաժշտական մշակումն ու գործիքաւորումը բարդ աշխատանք է, որ այս պարագային իրականացած է կարճ ժամանակի մը մէջ։ Արդարեւ, ղեկավար, երաժիշտներ ու մենակատարներ միասնաբար, տքնաջան աշխատանքով մեզի հրամցուցին այս գեղեցիկ համերգները, պայծառ գոյն մը հաղորդելով մեր առօրեային։

Իսկապէս ալ հանդիսականները հաճելի պահեր ապրեցան, երաժշտական տարբեր գոյներ ըմբոշխնելով։

Այս առիթով պէտք է արձանագրել, որ անյարիր էր կարգ մը հրաւիրեալներու բացակայութիւնը, առանց նախապէս տեղեակ պահելու կազմակերպիչ մարմինը, ինչ որ անտարբերութեան ցուցանիշ էր պարզապէս։ Նման պարագաներու գէթ պէտք է նախապէս տեղեակ պահուի կազմակերպիչ մարմինը, որպէսզի այլոց առիթ տրուի, ոչ թէ հրաւիրեալներու աթոռները անօգտագործելի մնան։

Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան