Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանը գտնուող յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ ահաբեկչական յարձակման հետևանքով զոհուեցան 13, վիրաւորուեցան 53 քաղաքացիներ։

Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Telegram-ի իր պաշտօնական ալիքով հրապարակուած գրառման մէջ յայտնեց. «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ենթակայ մահապարտ-ահաբեկիչը մտած է մայրաքաղաք Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանը գտնուող Սուրբ Եղիա եկեղեցի, կրակ բացած աղօթողներու վրայ, ապա ինքզինք պայթուցիկ բաճկոնով պայթեցուցած»։
Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը աւելցուց «Նախնական տեղեկութիւնները կը վկայեն, որ շարք մը քաղաքացիներ զոհուած են, ուրիշներ վիրաւորուած»։
Ապահովութեան ստորաբաժանումները շտապած են դէպքի վայր, ամբողջութեամբ շրջափակած տարածքը, իսկ մասնագիտական խումբերը սկսած են ապացոյցներ հաւաքել և հետևիլ յարձակման հանգամանքներուն։
Առողջապահութեան նախարարութեան վերջին տուեալներով, զոհերուն թիւը հասած է 13-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 53-ի։