Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Կիրակի, 22 Յունիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի Ելն Ի Վիրապ եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօները հանդիսաւորապէս յիշատակուեցան Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, թափօր կազմած Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի, որուն մուտքին ան դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներուն կողմէ: Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան։
Դպրաց դասի հոգեպարար երգեցողութեամբ հնչեցին Հայ Եկեղեցւոյ հարուստ շարականները, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի։
Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքը կրող Ս. Խաչով Ջրօրհնէք կատարեց։
Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր, աւետարանական հետեւեալ հատուածը.
«Ով որ ինծի կը հաւատայ, անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (Յհ 7.38), որուն ընդմէջէն ան անդրադարձաւ աստուածային այն ներգործող զօրութեան, որմով լեցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ խոր վիրապի մէջ ճգնութեան, աղօթքի եւ ծոմապահութեան 13 տարիներու ընթացքին։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ կենսատու ջուրին աղբիւրը մեր մէջ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնն ու ներգործութիւնն է։ Սակայն, մկրտարանի աւազանին մէջ նոր մարդ դառնալով, երբ հոգեւոր իմաստով չենք դաստիարակուիր եւ աստիճանաբար չենք աճիր՝ առիթ չենք տար, որ Սուրբ Հոգին մեր մէջ կենսատու ջուրի աղբիւրի վերածուի։
Այլ խօսքով, որպէս քրիստոնեաներ մեզմէ կը պահանջուի քրիստոնէական հաւատքը գործնականապէս ապրիլ, մեր նմաններուն հետ յարաբերութեան մէջ մտնելով աստուածային առաքինութիւնները ի գործ դնել եւ մեզի տրուած աստուածատուր շնորհքն ու կոչումը կարելի եղած չափով ի սպաս դնել եկեղեցւոյ պայծառութեան, Աստուծոյ փառքին եւ մեր ազգի բարօրութեան համար։ Հետեւաբար, ժամանակն է, որ մէկ կողմ դնենք ծուլութիւնը, եսասիրութիւնը եւ հաւատքի մէջ անտարբերութիւնը եւ դառնանք լոյս աստուածգիտութեան, յիշելով Քրիստոսի մեզի տուած կատարեալ, սուրբ եւ ողորմած ըլլալու հրաւէրը։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ 13 տարի անմարդկային չարչարանքներ կրելով հանդերձ, իր կեանքի ամենաերջանիկ եւ կառուցողական ժամերը անցուց, որովհետեւ երկնքի հրեշտակներուն հետ եղաւ եւ հոգեպէս պատրաստուեցաւ, իսկ երբ դուրս եկաւ խոր վիրապէն, ան առաջին հերթին բժշկեց, ապա ապաշխարութեան հրաւէր տուաւ ժողովուրդին, հեթանոսները մկրտեց եւ Աստուծոյ խօսքը քարոզեց ու ուսուցանեց։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրինակին հետեւելու եւ քրիստոնէական եղբայրսիրութեամբ, անշահախնդիր ու անանձնական սիրով բարիք եւ օրհնութիւն դառնալու իրենց շրջապատին, ուր կ՚ապրին եւ կը գործեն։ Ան մաղթեց, որ Սուրբին բարեխօսութեամբ Ամենակալը օրհնէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, Սուրիան, Միջին Արեւելքը եւ ողջ աշխարհը։
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Գրիգոր անունը կրողները։
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր անդաստանի կարգ կատարեց, օրհնելով աշխարհի չորս ծագերը։
Աւարտին, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը այս առիթով կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարեց դահլիճէն ներս։