بتمويل الجمعية الخيرية البابوية “عون الكنيسة المتألمة”
Aid to the Church in Need
وببركة وبيد صاحب السيادة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، قامت لجنة الإغاثة لمطرانية الأرمن الأرثوذكس بتوزيع المنحة النقدية لعشرين عائلة ناشئة، ضمن مشروع دعم العائلات الناشئة، وذلك يوم السبت الواقع في ٢١ حزيران ٢٠٢٥.
—————
«Aid to the Church in Need» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնը, ներկայիս տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ, շարունակելով նորապսակ զոյգերուն նիւթական օժանդակութեամբ քաջալեր հանդիսանալու ծրագիրը, Շաբաթ, 21 Յունիս 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի հայրական օրհնութեամբ եւ ձեռամբ, Թեմի Նպաստից յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ նորապսակ քսան զոյգերու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։ Ներկայ էր նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գօտեպնդեց նորապսակ զոյգերը եւ սիրով ու համերաշխութեամբ լեցուն տարիներ մաղթեց անոնց, ինչպէս նաեւ հրաւիրեց, որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն «ACN» մարդասիրական կազմակերպութիւնը եւ աղօթեն անոր համար, հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ յաջողութիւնը։ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց անցնող տարիներու ընթացքին «ACN» մարդասիրական կազմակերպութեան զանազան տարածքներու վրայ տարած մարդասիրական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ գնահատեց կազմակերպութեան Հալէպի պատասխանատու տիար Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրանը՝ Թեմին հետ իր համագործակցութեան եւ աշխատանքի եռանդին համար։
Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբի ատենապետ տիար Յարութ Հայրապետեանի եւ յանձնախումբի անդամներուն աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր երեք նորատիպ գիրքերէն նուիրեց նորապսակ զոյգերուն։