Երկուշաբթի, 24 Յունիսին Հալէպի յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ դիմաց տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ի յիշատակ Կիրակի, 23 Յոգնիսին Դամասկոսի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան նահատակներու հոգիներուն։
Ներկաները սուրիական ընկերութեան միասնութիւնը խորհրդանշող գրութիւններ պարզած էին։
Նման մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Դամասկոսի մէջ։