Սուրիա կը ջանայ թօթափել պատերազմի հետքերն ու աստիճանաբար վերականգնել առաջին հերթին երկրի քանդուած ենթակառոյցները, որպէսզի կարելի ըլլայ բանեցնել տնտեսութեան անիւը եւ աշխուժացնել յատկապէս ծառայողական դաշտը, յատկապէս ելեկտրականութեան մատակարարումը, որմէ մեծապէս կախեալ է տնտեսութեան վերականգնումը։
Անցումային կառավարութիւնը ստանձնեց պատերազմէն մաշած երկիր մը, որուն վերականգնումն ու կայունութեան ամրագրումը լարուած աշխատանքի եւ ժամանակի կը կարօտին։
Այս շրջանին Սուրիա կեդրոնացած է քանի մը կարեւոր ուղղութիւններու վրայ՝
-Քաղաքացիական համերաշխութիւն եւ անցումային արդարադատութիւն- Սուրիոյ մէջ ընթացիկ քննարկումներ կ’ընթանան այն հարցին շուրջ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է անցնիլ «ոչ պատերազմ» վիճակէն դէպի իրական խաղաղութիւն։ Այս գործընթացը կը ներառէ անցեալի բռնութիւններու վերանայում, պատասխանատուութեան սահմանում եւ սուրիական ընկերութեան վերամիաւորում։
-Փախստականներու վերադարձ եւ վերաբնակեցում Այս շրջանին երեւելի կը դառնայ տեղահանուածներու եւ փախստականներու վերադարձը, ինչ որ յոյսի ազդակ ըլլալով մէկտեղ պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ պետութեան վրայ՝ անոնց վերաբնակեցման եւ աշխատանքի առիթներու ստեղծման առումներով եւ այլն։
-Տնտեսական վերականգնում եւ միջազգային աջակցութիւն Սուրիա կը դիմագրաւէ տնտեսական ճգնաժամ, իսկ նոր կառավարութիւնը կը փորձէ ապահովել միջազգային աջակցութիւն՝ ենթակառոյցներու վերականգնումին եւ ներդրումներու ներգրաւման համար։
-Սուրիոյ արտաքին յարաբերութիւնները այս շրջանին կը բնութագրուին զգուշաւոր վերակառուցման եւ բազմակողմանի դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով՝ նպատակ ունենալով դուրս գալ երկարամեայ մեկուսացումէն եւ վերականգնել երկրին դիրքը միջազգային հարթակի վրայ։
Ընդհանուր առմամբ, Սուրիա որդեգրած է բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն՝ փորձելով հաւասարակշռել իր շահերը տարբեր ուժերու հետ։ Թէեւ այս շրջանին անկիւնադարձային համարուեցաւ դիւանագիտութեան դէպի արեւմուտք ուղղուածութիւնը՝ ԱՄՆ-ի եւ արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը, յատկապէս Սուրիոյ նախագահին Թրամփի հետ հանդիպումին ու վերջինիս կողմէ Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու չեղեալ համարումի յայտարարութեան լոյսին տակ։ Այդուամենայնիւ Սուրիա կը ջանայ ու պիտի ջանայ ռազմավարական գործակցութիւններ ստեղծել տարբեր երկիրներու հետ, յատկապէս՝ տարածաշրջանային եւ արաբական։
Իսրայէլ-Իրան պատերազմի սաստկացող լարուածութեան լոյսին տակ, Սուրիա, ըլլալով աշխարհագրականօրէն այդ երկիրներուն առնչուած, որդեգրած է զգուշաւոր չեզոքութիւն՝ փորձելով խուսափիլ լարուածութեան մէջ ներգրաւուելէ։