Դամասկոսի յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքը Սուրիոյ ընկերային հիւսուածքը քայքայելու կոչուած նողկալի կոտորած մըն էր։
Պատերազմի աւարտէն ետք նման արարքները երեւան կը բերեն երկրէն ներս քաղաքացիական ապահովութեան մշակոյթի խոցելիութիւնը։
Քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը այս հանգրուանին պետութեան եւ ժողովուրդին դիմաց ցցուած կարեւորագոյն մարտահրաւէրն է։ Այս ապահովութիւնը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է ապահովական մարմիններ-ժողովուրդ գործակցութեան մեքանիզմներ ստեղծել եւ աստիճանաբար զարգացնել քաղաքացիական պաշտպանուածութեան մշակոյթը։
Այս պաշտպանուածութիւնն է առաւելաբար, որ ճամբայ պիտի հարթէ երկրի վերականգնումին, այլապէս՝ եթէ չերաշխաւորուի մարդկային կեանքի ապահովութիւնը, չի զարգանար տնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, ներդրումներու հոսքը, տեղահանուածներու վերադարձը եւ այլն։
Ուստի եթէ երկիրը քայլ առ քայլ պիտի յառաջանայ, այդ յառաջացումը պիտի ըլլայ ժողովուրդ-պետական մարմիններ ձեռք-ձեռքի տալով, միասնաբար, իրարու թեւ-թիկունք կանգնելով, որպէսզի անորոշութեան, վախի, անապահովութեան դրսեւորումները աստիճանաբար վերանան ու ապահովական համակարգին մէջ խախտումներ յառաջացնել ջանացողները ճեղքեր չգտնեն ոճրային նման արարքներ գործելու համար։
Պետական մակարդակով անհրաժեշտ է ապահովական ուժերու վերապատրաստումն ու հզօրացումը՝ շարունակաբար վերակազմակերպելով ոստիկանութիւնը եւ ներքին ապահովութեան ուժերը՝ ահաբեկչական սպառնալիքներ կանխելու եւ անոնց անմիջապէս արձագանգելու համար։ Հետախուզական համակարգի զարգացումը եւս՝ տեղեկատուական հոսքերու վերահսկումով, կասկածելի շարժումներու դիտարկումով եւ ահաբեկչական ցանցերու ներթափանցման արգիլումով, կրնայ կանխարգիլել նման ոճիրներ։ Այլ առումով կարեւոր է սրբավայրերու եւ հանրային վայրերու պաշտպանութիւնը, վերահսկողութեան կէտերու կամ նկարահանման սարքերու տեղադրումը եւ այլն, որոնցմով զգալիօրէն կրնայ նուազիլ վտանգը։
Եւ վերջապէս հասարակութեան իրազեկումով եւ պատրաստութեամբ վնասները կարելի է նուազագոյնի իջեցնել։ Պետութիւնը կրնայ կազմակերպել հանրային իրազեկման արշաւներ՝ սորվեցնելու համար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ճանչնալ կասկածելի վարքագիծ ունեցողները, ինչպէ՞ս արձագանգել արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին եւ այլն։
Ժողովրդային մակարդակով քաղաքացիները պէտք է տեղեկութիւն փոխանցեն կասկածելի անձերու կամ գործողութիւններու մասին։ Հասարակութեան զգօնութիւնը միշտ բարձր պէտք է պահուի։
Անհրաժեշտ է նաեւ արգիլել անծանօթ անձերու մուտքը սրբավայրեր կամ այլ հաւաքավայրեր՝ անձնագրեր ստուգելով եւ այլն։
Մարդկային կեանքը արժէք է, անկախ թէ մարդը ի՞նչ կրօնքի, ցեղի կը պատկանի։ Այս տրամաբանութիւնը առկայ էր սուրիական ընկերութեան մէջ, սակայն պատերազմի տարիներուն, ցաւօք, որքան կառոյցներ քանդուեցան, նոյնքան ալ մարդկային ու կրօնական արժէքներ խեղաթիւրուեցան։ Քաղաքացիական պաշտպանութեան համակարգը հարկ է վերակառուցել, հետեւաբար ալ ուրուագծել երկրի յառաջիկայ ճանապարհը, թէ երկիրը ինչպէ՞ս պիտի զարգանայ, ի՞նչ տեսլականով, ռազմավարական ինչպիսի՞ ծրագիրով։
Այս մշակոյթի տարածման մէջ մեծ դեր վերապահուած է ոչ միայն ապահովական մարմիններուն, այլեւ կրթական եւ տեղեկատուական մարմիններուն, մզկիթներուն եւ եկեղեցիներուն։
Այս ողբերգութիւնը պէտք է վերածել համախմբման եւ վերակազմակերպման առիթի։