Իրանի հայկական «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեան «Գանձասար»-ին յայտնեց, որ Իրան-Իսրայէլ բախումներու աւարտէն ետք, իրանահայ համայնքէն ներս լուրջ վնասներ չեն արձանագրուած, զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Նախօրօք «Ալիք» օրաթերթի խմբագրատան կողքի շէնքը հրթիռակոծուած էր, որուն հետեւեանքով «Ալիք»-ի շէնքի ապակիները կոտրած էին, այլ լուրջ վնասներ չեն արձանագրուած։ Թերթի տպագիր տարբերակը ժամանակաւորապէս դադրած է ապահովական նկատառումներով, աշխատանքը շարունակուած է առցանց, սակայն բախումներու վերջին օրերուն համացանցային ծառայութիւնն ալ դադրած է, հետեւաբար «Ալիք» օրաթերթի աշխատանքը առժամաբար առկախուած է։
««Արարատ» մարզաւանին մօտ ռմբակոծումներ եղած են, սակայն կառոյցը լուրջ վնասներ չէ կրած, պարզապէս ապակիներ փշռուած են։ Համայնքը պինդ է, ամուր է։
Նոր Ջուղայի շրջանն ալ նոյնն է։ Սպահանի արուարձանին մէջ գտնուող միջուկային կեդրոնը՝ «Նէթէնզ»-ը Նոր Ջուղայի մօտ կը գտնուի։ Կեդրոնի ռմբակոծումէն ետք Նոր Ջուղայի համայնքը չէ տուժած, Սպահանի համայնքը եւս։ Մեր կեդրոնները եւ եկեղեցիները վնաս չեն կրած, նոյնն է պարագան Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ»։
Շահնազարեանի խօսքով ժողովուրդին մօտ խուճապ չկար, սակայն հոգեբանական լարուածութիւնը առկայ էր։
Անոր համաձայն, Թեհրանի բնակչութեան մէկ մասը, յատկապէս ամառանոց ունեցողները, նախընտրած են քաղաքէն դուրս ելլել՝ աւելի ապահով վայրեր մեկնելու։ «Քաղաքը կը ռմբակոծուէր, այդ պատճառով ալ մարդիկ կը հեռանային։ Սակայն վերջին երեք օրերուն քաղաքը աստիճանաբար բնականոն հունի մտաւ»։