Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կարեւորութեամբ կ’ուզենք յիշեցնել, որ
մեր եկեղեցիները կը գործեն եւ եկեղեցական կեանքը կը շարունակուի իր բնականոն ընթացքով։

Երկրի ներկայ պայմաններէն մեկնած, զգուշութիւն ցուցաբերելով հանդերձ, հարկ է չտարուիլ տարաձայնութիւններով, այլ՝ հեռու մնալ անոնցմէ, միշտ վստահ ըլլալով որ անհրաժեշտ թելադրանքներն ու ցուցմունքները կը
կատարուին Ազգ. Առաջնորդարանին եւ անոր լրատուական պաշտօնական միջոցներով միայն։

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Հալէպ, 27 Յունիս 2025