ՊԱՂՊԱՂԱԿԸ ՕԳՏԱԿԱ՞Ր ԹԷ ՎՆԱՍ
Պաղպաղակը՝ որպէս սառած կաթնամթերք, շատ սիրուած ուտեստ է, յատկապէս ամռան օրերուն:
Ան զովացուցիչ աղանդերային սննդամթերք է, կը պարունակէ սնունդի անհրաժեշտ սպիտակուցներ, ճարպեր, հանքային աղեր, կենսանիւթեր, պտուղի տեսակներ նաեւ տուրմ, ընկոյզ, նուշ եւ այլ բուրումնաւէտ նիւթեր:
Պաղպաղակի խառնուրդը կը պատրաստուի յատուկ բաղադրութեամբ, ետքը կը սառեցուի սառցարանին մէջ, որպէսզի ստանանք կակուղ պաղպաղակ մը, որ մինչեւ 60 առ հարիւր համեմատութեամբ կը վերածուի սառոյցի մանրագոյն բիւրեղիկներու, երբ ջերմաստիճանը կը հասնի 4,5՛ C, իսկ երբ ջերմաստիճանը 10էն -20՛ C կը հասնի, պաղպաղակը կը պնդանայ:
100 կ. պաղպաղակը 240 ջերմուժ (քալորի) կը պարունակէ:
Պաղպաղակի Օգտակար Յատկութիւնները
-Կրածինի (քալսիոմ)-ի աղբիւր է, որովհետեւ կը պարունակէ կաթ, հետեւաբար հարուստ է կրածինով, լուսակիրով (ֆոսֆոր), որոնք կը մարսուին եւ կ’իւրացուին մարմինին կողմէ։ Կրածինը անհրաժեշտ է ոսկորներու եւ ակռաներու ամրութեան համար:
– Պաղպաղակը ջերմուժով հարուստ է։ Շաքարը արագ ջերմուժ հայթայթող սնունդ մըն է, որ լրիւ կը մարսուի եւ կ’իւրացուի: Իսկ ճարպին մէկ կրամը 9 ջերմուժ կը հայթայթէ։ Ուստի շատ օգտակար է յատկապէս փոքրերուն՝ ամռան տաք օրերուն:
– Ուրախութիւն կը պարգեւէ եւ ճնշուածութիւնը կը նուազեցնէ:
– Իր հաճելի համն ու հոտը եւ զովացնող ազդեցութիւնը տրամադրութիւն կը բարձրացնեն:
– Պաղպաղակը սառեցնող ազդեցութիւն ունի, կրնայ մեր մարմինի ջերմաստիճանը ժամանակաւորապէս նուազեցնել:
Պաղպաղակին Վնասները
-Պաղպաղակը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ շաքար, որ կրնայ յառաջացնել ակռաներու բորբոս, արեան ճնշումի բարձրացում, յատկապէս շաքարախտէ տառապողներուն մօտ, նաեւ պատճառ կը դառնայ գիրութեան:
-Ճարպերու եւ ջերմուժի բարձր պարունակութիւնը. յատկապէս իւղոտ պաղպաղակի պարագային, պատճառ կը դառնայ գիրութեան եւ սրտի հիւանդութիւններու զարգացման։
-Պաղպաղակի որոշ տեսակներ կը պարունակեն արհեստական նիւթեր, բոյրեր, գունաւորող նիւթեր, սննդային յաւելումներ, որոնք կրնան յառաջացնել մորթային զգայնութիւն:
-Շատ արագ կամ մեծաքանակ պաղպաղակ ուտելը կը յառաջացնէ կոկորդի բորբոքում, գլխացաւ (Brain freeze), մարսողական դժուարութիւն, յատկապէս եթէ մարսողական հարցեր ունիք:
Ինչպէ՞ս Վայելել Պաղպաղակը Առանց Վնասուելու
-Ընտրեցէ՛ք բնական նիւթերով պատրաստուած պաղպաղակ՝ առանց արհեստական նիւթերու եւ յաւելուածներու:
-Պաղպաղակը սահմանափակ քանակով կերէ՛ք՝ շաբաթը 1-2 անգամ, փոքր քանակով:
-Ամենակարեւորը կրնաք պատրաստել տունը պատրաստուած պաղպաղակներ՝ պտուղով, կաթնեղէնով, պանանի կամ ելակի սառեցուած խոյսով:
Շատ ուշադիր պէտք է ըլլաք պաղպաղակը պահելու պայմաններուն, քանի որ հալած եւ կրկին սառեցուած պաղպաղակը իր մէջ մանրէներ կը պարունակէ:
Պաղպաղակը ճիշդ պահելը կարեւոր է, ուշադիր պէտք է ըլլաք ոչ միայն համի այլեւ սննդային ապահովութեան, որպէսզի չթունաւորուիք:
ԵԼԱԿՈՎ ՊԱՂՊԱՂԱԿ
Բաղադրութիւն
1 ջուրի գաւաթ սառած ելակ
1 թէյի գաւաթ թթուասեր (սեր)
1 կիտրոնի հիւթ
1 թէյի գաւաթ կաթ
2 ապուրի դգալ մեղր
Պատրաստութիւն
Սառած ելակը, ապա կիտրոնի հիւթը հարիչին մէջ դնել ու հարել, մինչեւ որ միատարր զանգուած մը ըլլայ, աւելցնել թթուասերը, մեղրը եւ կաթը ու շարունակել հարել։
Ստացուած հիւթը դնել սառցարանը մինչեւ որ սառի եւ պաղպաղակի վերածուի։ Կարելի է նաեւ կաղապարներու մէջ տեղադրել, որպէսզի տարբեր ձեւերով պաղպաղակ ունենաք։
Բարի ախորժակ։