ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԽՈՒԱՆ ԿԱՐՍԻԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ԴԱՐՊԱՍԱՊԱՀ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան պաշտօնապէս յայտարարեց դարպասապահ Խուան Կարսիայի հետ պայմանագրի ստորագրումը։ Պայմանագրութիւնը ստորագրուած է Spotify Camp Nou-ի գրասենեակին մէջ եւ նախատեսուած է մինչեւ 2030: Ստորագրման արարողութեան ներկայ եղած են ակումբի նախագահ Խուան Լափորթա, փոխնախագահ Ռաֆայէլ Իւսթէ, մարզական տնօրէն Տէքո, համակարգող Պոյան Քրկքչ եւ տնօրէն Խուան Սոլեր։ Արարողութեան
ներկայ եղած են նաեւ Կարսիայի ընտանիքի անդամները եւ ներկայացուցիչները։ Կարսիա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է. «Շատ ուրախ եմ այս կարելիութեան համար եւ անհամբեր կը սպասեմ խումբի հետ յաջողութիւններու գրանցման»: Անցեալ մրցաշրջանին, Կարսիա մաս կազմած էր Սպանիոլ խումբին եւ դարձած Լա Լիկայի առաջատար դարպասապահներէն մէկը։ Խուան Կարսիա կը միանայ Հանսի Ֆլիքի խումբին 13 Յուլիսին՝ բժշկական քննութիւն կատարելէ ետք։ Անոր նորամուտը հաւանաբար տեղի ունենայ Ասիական շրջագայութեան ընթացքին:

ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂԱԿԱՆ
ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒ ՏԱՍՆԵԱԿԸ
Անգլիական FourFourTwo պարբերականը կազմած է համաշխարհային ֆութպոլի լաւագոյն պաշտպանողական խաղացողներու տասնեակը: Առաջին տեղը կը գրաւէ Անգլիոյ ախոյեան «Լիվըրփուլի» խաղացող Վիրճիլ վան Տէյքը։ Տասնեակին մէջ են նաեւ Ուիլիըմ Սալիպա «Արսենալ»,
Ալեսանտրո Փաստոնի «Ինթըր», Կապրիէլ Մակալիաս «Արսենալ», Իպրահիմա քոնաթէ «Լիվըրփուլ», Անթոնիո Ռիւտիկէր «Ռէալ Մատրիտ», Մարքինիոս «Փարիզ Սան Ժերման» , Բաու Քուպարսի «Պարսելոնա», Տին Հոյսէն «Ռէալ Մատրիտ» եւ Ռուպէն Տիաս «Մանչեսթըր Սիթի»: Անցեալ մրցաշրջանին Վան Տէյք մասնակցած է 49 հանդիպումի, նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած 1 կոլային փոխանցում:

ՎԻՆԻՍԻՈՒՍ ԺՈՒՆԻԸՐ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ՀԵՏ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պրազիլի հաւաքականի յարձակող Վինիսիուս Ժունիըր երկարաձգեց պայմանագրութիւնը Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտին հետ, որուն մասին տեղեկութիւնները փոխանցեց Madrid Zone-ը։ Պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու աւարտին: 24-ամեայ ֆութպոլիստի նոր պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2030։ Նախորդ պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2027։ Transfermarkt-ը Վինիսիուս Ժունիըրի փոխադրութեան արժէքը սահմանած է 170 միլիոն Եւրո: