Կիրակի, 29 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Յընթացս Ս. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ օրհնութեամբ կատարուեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն: Վեց կիսասարկաւագներ, խարտաւիլակ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի առաջնորդութեամբ, ծնրադիր բարձրացան Ս. Խորան, ուր ուխտեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Սեղանի ծառայութեան նուիրուիլ:
Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը անոնց ձախ ուսերուն վրայ զետեղեց սարկաւագութեան խորհրդանիշ ուրարները: Անոնց իշխանութիւն տուաւ Ս. Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու եւ բուրվառով Աստուծոյ անուշ բոյրը խնկելու:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը փոխանցելով յայտնեց, թէ երէկ եւ այսօր Բերիոյ Հայոց Թեմը Հալէպի մէջ կը ցնծայ, որովհետեւ երկու օրուան ընթացքին շարունակական իմաստով կատարեցինք դպիրներու, կիսասարկաւագներու եւ այսօր սարկաւագաց ձեռնադրութիւն։ Պատկերը գեղեցիկ է, որովհետեւ մեծ թիւով ընծայեալներ աստուածգիտութեան դառնալով պատրաստակամութիւն յայտնեցին Ս. Խորանին ծառայելու։
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ աղօթքի եւ ծոմապահութեան կարեւորութեան մեր կեանքին մէջ։ Խօսքը ուղղելով դպիրներուն, յայտնեց, թէ այսօր Ս. Հոգիին կողմէ կը կոչուին ծառայելու Ս. Խորանին։ Ս. Հոգիին հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով անոնք կը լսեն Աստուծոյ Հոգիին ձայնը, կը բացայայտեն Աստուծոյ կամքը եւ կը կատարեն զայն։
Սրբազան Հայրը հըաւիրեց ներկաները աղօթելու սարկաւագներուն համար, որպէսզի աւելիով Ս. Հոգիով լեցուին։
Ան շնորհաւորեց ձեռնադրուողները, անոնց ծնողները, ընտանիքները եւ հարազատները եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց բոլորին։
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ յուշանուէր յանձնուեցաւ իւրաքանչիւր սարկաւագի։