Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ Շրջանային 26-րդ Ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 29 Յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, ԱՄԺ Տան «Լ.Շանթ» սրահէն ներս,
ներկայութեամբ` Համազգայինի Կ.Վարչութեան անդամին, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչին, շրջանաւարտ Շրջանային Վարչութեան, նստավայրի (Հալէպ) եւ շրջաններու (Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ եւ Գամիշլի) մասնաճիղերու պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ Հայագիտական հիմնարկի, «Զուարթնոց» երգչախումբի , «Լ.Շանթ» թատերական եւ «Բ.Կանաչեան» երաժշտական միաւորներու ներկայացուցիչներուն։

Շրջանային վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագրերու ընթերցումէն ետք, տեղի ունեցան լուսաբանական հարցումներ եւ ըստ էութեան քննարկում, ապա ներկայացուեցան առաջարկներ յաջորդ շրջանին համար։

Շրջանային ժողովին այցելեցին թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.Տէր Մակար Սրբ.Արք.Աշգարեան եւ հոգշ. հայր Արմէն Աբղ. Գալայճեան։ Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութեամբ հեզասահ եւ բարեյաջող ընթացք մաղթեց ժողովին, որմէ ներկաները հրաւիրուեցան սրբազան հօր հետ յիշատակելի խմբանկար մը ունենալու։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն։ Ապա համազգայինի Կ.Վարչութեան եւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչները իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին։

Ժողովը փակուեցաւ ժամը 6։00-ին։

Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմը կը կրէ հետեւեալ պատկերը.

1_Ընկ.Ռաֆֆի Սիւլահեան՝ ատենապետ
2_ Ընկհ.Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեան՝ ատենադպրուհի
3_Ընկհ.Սեդա Աճէմեան՝ հաշուապահ
4_Ընկ.Բիւզանդ Պէպէճեան՝ Գանձապահ
5_Ընկհ.Հուրի Ճուհարեան-Մուսալլի
6_Ընկհ.Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան
7_Ընկ.Արամ Արամեան
8_ Ընկ.Վազգէն Պէլեան (Դամասկոս)
9_Ընկհ.Սարին Կիրակոսեան (Լաթաքիա)
10_Ընկհ.Սօսի Կարճիկեան (Քեսապ)
11_Ընկհ.Եւա Մանուկեան (Գամիշլի)

Դիւան
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային 26-րդ Ներկայացուցչական Ժողովի