Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ձեռամբ եւ օրհնութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, տեղի ունեցաւ 82 դպիրներու եւ 21 կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան հոգեւորականաց դասը եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ։

Ձեռնադրութեան պահը խորհրդաւոր էր իր հոգեպարար արարողակարգով։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ծառայելու կոչուած 82 դպիր-դպրուհիներ եւ 21 կիսասարկաւագներ ձեռնադրուեցան:
Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին անդրադառնալով ծառայութեան կարեւորութեան:
Օրուան շարականի Բ. բաժինը բնաբան ունենալով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօր Քրիստոս անգամ մը եւս կը յուշէ մեզ, թէ ձեռնադրութեամբ դպիրներուն կեանքի ընթացքը կը փոխուի եւ նոր հունաւորում կը ստանայ, հետեւելով առաքեալներուն եւ առաջին սարկաւագի օրինակին, որոնք խոնարհութեամբ, ի գին նահատակութեան ծառայեցին։
Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով դպիրներուն եւ կիսասարկաւագներուն յայտնեց, թէ անոնք այսօր պատիւ ստացան ծառայելու Ս. Խորանին, հետեւաբար, պահն է վերանորոգելու իրենց ծառայութեան ուխտը, այնպէս ինչպէս Քրիստոս ծառայ դարձաւ։
«Այսօր դուք սուրբերու Սուրբին ծառայողները հանդիսացաք ձեռնադրութեամբ», աւելցուց ան։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ձեռնադրուողները աղօթական կեանք ապրելու, սրբութեամբ եւ Աստուծմով լեցուելու, եւ Քրիստոսի եւ Ս. Հոգիին հետ ընթանալու։
Սրբազան Հայրը գնահատեց Ազգ. Կրօնական Ժողովին յատուկ դասընթացք ընելու որոշումը, յատկապէս գնահատեց յանձնախումբը եւ անոր աշխատանքները գլխաւորող Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, նաեւ եկեղեցիներու դպրապետներ բարշ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանը, բարշ. Վաչէ սրկ. Գայթանճեանը եւ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանը, որոնք չորս ամիսներ աշխատեցան, որպէսզի դպիրները եւ կիսասարկաւագները քաղեն իրենց ծառայութեան պտուղը։
Սրբազան Հայրը Գնահատեց նաեւ դպիրներու ընտանիքներն ու ծնողները։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ձեռնադրեալներուն վկայագիր յանձնեց։
Աւարտին, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ տիկնաց յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։