«Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն վերջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալաս ըսած է, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է խորացնելու Հայաստանի հետ իր գործընկերութիւնը, աւելցնելով որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումին Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ քաղաքական համաձայնութիւն ձեռք բերուած է գործընկերութեան օրակարգին շուրջ, որ կը սահմանէ կողմերու առաջնահերթութիւնները՝ տնտեսութեան, անվտանգութեան եւ դիմակայունութեան զարգացման առումներով։

Քալաս անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ գործող ԵՄ դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան կարեւորութեան՝ շեշտելով, որ առաքելութիւնը ներդրում կը կատարէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան գործընթացին։

Անոր համաձայն, Հայաստանի յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան սկզբունքներու պահպանման կենսական նշանակութիւն ունի։