ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները կը չեղարկուին։

Սպիտակ Տունը հաղորդագրութեամբ ըսաւ. «Հրամանագիրին համաձայն, պատժամիջոցները չեղարկուած կը համարուին, բացի Պաշշար ալ-Ասատի, անոր գործակիցներու, թմրեցուցիչ նիւթերու առեւտրականներու, քիմիական զէնքեր օգտագործող կողմերու, ՏԱՀԵՇ-ի գործակիցներու եւ Իրանի գործակալներուն դէմ սահմանուած պատժամիջոցներէն»։

«Առիթ տալ Սուրիոյ յառաջընթացին» վերնագիրով հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ նաեւ. «Նախագահ Թրամփ կը զօրակցի միասնական, կայուն եւ խաղաղ ու խաղաղութիւն ներշնչող Սուրիոյ հանրապետութեան»։

Հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Թրամփ կ՚ակնկալէ, որ Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը յաջողի իրականացնել երկրի կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը, կը հաստատէ նաեւ, որ մեծ առիթներ կան գործակցելու Սուրիոյ հետ՝ վերջ տալու ծայրայեղութեան, յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը երաշխաւորելու։