Կիրակի, 29 Յունիս2025-ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Ս. Եւ անմահ պատարագին, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին առիթով հայրապետական մաղթանք կատարեց,որուն ներկայ գտնուեցան հալէպէն ժամանած ՀՄԸՄ-ի Ս. Շրջ. Խորհուրդի ատենապետ Նազօ Խաչոյեան, խորհրդական Բեկի Պալմանուկեան եւ Շրջ. Խմբապետներ` Ռաֆֆի Կարապետեան եւ Թամար Աւետեան։

Այնուհետեւ Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հոգեշնորհ հայր սուրբը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը։

Հանդիպումին ներկայ էին Թաղական կազմի ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդան Անի Սարգիսեան, Գամիշլիի վարչութեան եւ Սկաուտ խորհորդի անդամներ, մասնաճիւղի խմբապետուհին եւ աստիճանաւորական կազմը։

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը անցնող օրերուն այցելած էր Հասիչէի եւ Տերիքի ՀՄԸՄ-ի կորիզները, որոնց մասին զեկոյց ներկայացուց հոգեշնորհ հայրսուրբին յայտնելով իր խանդավառութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները։

Հոգեշնորհ հայրսուրբը ողջունեց ներկաները,բարձր գնահատելով ՀՄԸՄ֊ ի բեղուն աշխատանքը մաղթելով իրենց ծրագիրներուն յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք։
Հանդիպումը ընթացաւ սիրալիր եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Աւարտին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը յուշանուէր յանձնեց պատուիրակութեան։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն