Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան դատապարտեց Էջմիածինի մէջ հինգշաբթի օր տեղի ունեցածը, երբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան անդամները եւ իրաւապահները մտած էին վեհարանի տարածք, կ՛ուզէին ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը:

Պատրիարքը նշած է, որ խստագոյնս կը դատապարտէ Էջմիածինի, Հայոց սրբութեան սրբոցի հանդէպ վերջին օրերու ամօթալի ու անպատուաբեր դրսեւորումներն ու գործողութիւնները:

«Կոչ կ՛ուղղենք կանգ առնելու հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ, առանց նոր լարուածութիւն ստեղծելու, սթափ ու զուսպ հոգիով, այլապէս այս ճամբան, եթէ շարունակուի, մեզ անդունդը պիտի տանի:

«Պէտք է խնայել թէ՛ ազգը, թէ՛ եկեղեցին` խուսափելու համար նոր ու աւելի ծանր աղէտներէ, եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին մէջ նոր բաժանումներ եւ պառակտումներ ստեղծելու վտանգէն», նշուած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: