Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ աշ-Շարաա հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն բանագնաց Կիր Պետըրսընի հետ։
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի։
Պետըրսըն շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Սուրիոյ գործակցութիւնը արդիւնաւէտ դարձաւ, հաստատելով, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական ընթացքին յաջողութիւնը պարզապէս ընտրանք չէ, այլ անհրաժեշտ քայլ։ Ան շեշտեց, որ բոլոր այս զոհողութիւններէն ետք պարտութիւնը ընդունելի չէ։
Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ ՄԱԿ-ը պիտի շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Սուրիոյ։