Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ առաջին պատժամիջոցը 1979-ին կը սահմանուէր, երբ երկիրը «ահաբեկչութեան աջակիցներու» ցուցակին մէջ կը ներառուէր: Հետագայ տարիներուն պատժամիջոցները տարբեր ձեւերով կրկնապատկուեցան՝ ներառելով ելեւմտային, առեւտրական եւ այլ գործօններ, ինչպէս՝ դրամատնային սահմանափակումներ, երբ արգիլուեցան Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան եւ պետութեան ենթակայ ստորաբաժանումներու հետ գործառքները, արգիլուեցան արտարժոյթի ապահովումը  եւ փոխանցումները՝ ԱՄՆ, եւրոպական եւ յարակից ելեւմտական համակարգերով։
Ելեկտրական եւ քարիւղային ընկերութիւնները անջատուեցան արտաքին կապերէ։ Արգիլուեցաւ քարիւղի եւ կազի արտահանումը, միեւնոյն ատեն զանոնք վերամշակող  կազմածներու արդիականացումը։ Նոյնանման արգելքներու ենթակայ դարձան փոխադրամիջոցներու եւ կառուցապատման ոլորտներու ներդրումները։ Օտարերկրեայ այն ընկերութիւնները, որոնք կը գործակցէին Սուրիոյ վերականգնումի կամ կենսուժի նախագիծերու հետ, կ’ենթարկուէին նիւթական սահմանափակումներու եւ կ’արգիլուէր անոնց մուտքը ԱՄՆ շուկայ։
Այսօր, պատժամիջոցներու չեղարկումով, նոր առիթ մը կը բացուի Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին դիմաց։ ԱՄՆ-ի նախագահին կողմէ հրապարակուած հրամանագրով պատժամիջոցներու չեղարկումը պիտի նպաստէ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած մեկուսացման պատնէշի քանդումին՝ դրական ազդակներ ուղղելով միջազգային ելեւմտային եւ առեւտրային կեդրոններուն:
Ուստի կ’ակնկալուի.
-Դրամատնային համակարգի վերակենդանացում։
-Ներմուծման եւ սպառողական շուկայի աշխուժացում։ Այս շրջանին կ’ակնկալուի բազմազան ապրանքներու, դեղորայքի, ճարտարագիտական սարքաւորումներու հասանելիութեան աճ եւ գիներու կայունացում։
-Ներդրումային յատուկ նախագիծեր։ Այս ոլորտին մէջ  կը նախատեսուի միջազգային եւ յարակից երկիրներու հետ միացեալ ծրագրերու մշակում եւ իրականացում, յատկապէս ճամբաներու շինութեան, ելեկտրական ցանցերու, ջրային ենթակառոյցներու  վերականգնումի, ինչպէս նաեւ բնակարանաշինութեան ոլորտներուն մէջ։
-Սուրիական դրամի աստիճանական կայունացում, վերոյիշեալ քայլերու իրականացման լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ սկզբնականօրէն սուրիացի արտագաղթողներու ներդրումային ծրագրերու իրականացման եւ նիւթական փոխանցումներու աճին հետեւանքով։
Այս շրջանին երեւելի են նաեւ դրացի եւ Ծոցի երկիրներու ներդրումները.  այսպէս օրինակ՝ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար միատեղ վճարած են Սուրիոյ 15,5 մլն. տոլարի ժամկէտային պարտքը Համաշխարհային դրամատան՝ վերականգնելու երկրի արտաքին վարկանիշը։ Անոնք վճարած են նաեւ պետական պաշտօնէութեան ամսականներու նկատառելի մէկ տոկոսը եւ երկրի ելեկտրամատակարարման ենթակառոյցներու ծախսերը։ Միւս կողմէ Թուրքիա նախնական ծրագրեր մշակած է ճամբաներու, ջրամբարներու եւ կազատար խողովակներու վերականգնումին համար՝ Սուրիա ուղարկելով նաեւ համապատասխան մասնագէտներ։
Եւրոպական Միութեան կողմէ որոշ ընկերութիւններ շինարարութեան նոր ծրագրեր մշակած են Սուրիոյ համար՝ Եւրոպական միութեան մաքսային արտօնութիւններով եւ նիւթական երաշխիքներով։
Այս հանգրուանին, սակայն, աշխատանք կը տարուի եւ պէտք է կշռոյթով տարուի, ունենալու տնտեսութեան վերելքին նպաստող ճանապարհային քարտէզ, ուր անհրաժեշտ է որ ներառուին իրաւական բարեփոխումներ, ընդունուին օտարերկրեայ ներդրումները քաջալերող օրէնքներ։ Աւելին.  հաստատուի հաշուետուութեան համակարգ՝ միջազգային չափորոշիչներու կիրարկումով, աշխուժացուին համաշխարհային գործընկերութիւններ, իսկ ամենակարեւորը ապահովուի քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութիւնը ծրագրերու մշակման եւ իրականացման՝ ժողովուրդ-պետութիւն վստահութիւնը վերականգնելու համար։
Վերականգնումը երկար ճանապարհ է, սակայն դրական փոփոխութիւններու առաջին քայլերը արդէն նկատելի են։ Պետական մարմիններու թափանցիկ աշխատանքը, միջազգային աջակցութեան հետ զուգահեռ, կրնայ սուրիացիներուն կարելիութիւն ընծայել կառուցելու կայուն եւ ծաղկող երկիր։
Վերականգնումի այս փուլին հասարակութիւնը եւս պէտք է նախապատրաստուի, յատկապէս երիտասարդները մղելով աշխատանքի եւ ձեռներէցութեան ուսուցողական դասընթացքներու, մասնաւոր կամ պետական օժանդակութեան միջազգային նախաձեռնութիւններու ուսումնասիրման եւ այլն։
Այս բոլորին լոյսին տակ կարելի է արձանագրել, որ պատժամիջոցներու վերացումը պարզապէս առիթ մը կը բանայ երկրին դիմաց, իսկ վերականգնումի երկար ուղին՝ համախումբ ջանքերու, երկարաժամկէտ բարեփոխումներու, բայց մանաւանդ ապահովութեան եւ հասարակութեան համերաշխ գոյակցութեան մթնոլորտին մէջ կ’արդիւնաւորուի՝ յուսալից հորիզոններ բանալով երկրին ու ժողովուրդին դիմաց։