13 Յունիս 2025-ին սկսած Իրան-Իսրայէլ պատերազմին 10-րդ օրը հետեւեալ յայտարարութիւնը կը լսենք, յայտարարութիւն, որ խորքին մէջ ամփոփում մըն է, սակայն շլմորեցնող եւ քիչ  մըն ալ անհասկնալի.
«Իսրայէլ կը հարուածէ Իրանը, Իրան կը հարուածէ Իսրայէլը, Ամերիկա կը հարուածէ Իրանը, Իրան կը հարուածէ Քաթարը, Ամերիկա շնորհակալութիւն կը յայտնէ Իրանին, Իրան ներողութիւն կը խնդրէ Քաթարէն. Քաթար կը միջնորդէ զինադադարի համար, Իսրայէլ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Քաթարին. Քաթար շնորհակալութիւն կը յայտնէ Իրանին, իսկ Ամերիկա կ’աւետէ՝ խաղաղութիւնը սկսաւ…»:
Բան մը հասկցա՞ք…
Ժողովուրդը չի գիտեր ի՛նչ ընել, որո՞ւ դէմ պատերազմիլ՝ փորձանքի՞ն, տգիտութեա՞ն, համաճարակներո՞ւն, սղաճի՞ն թէ անմարդկութեան… Մարդկային պատմութեան մէջ ասկէ աւելի դառն ժամանակաշրջան չէ եղած:
Այս ըսողները կ’երեւի ծանօթ չեն այն օրերուն, երբ Բրիտանական կայսրութեան մէջ մարդու միս … կը վաճառուէր, որովհետեւ… սպանուողները շատ էին, իսկ ուտելիք չկար…
«Սուրիան պարտուեցաւ մամուլի ճամբով, Իրաքը պարտուեցաւ մամուլի ճամբով, Ալճերիան պարտուեցաւ մամուլի ճամբով, Եգիպտոսն ալ պիտի պարտուի մամուլի ճամբով, զինուորական կերպով պարտուելէն առաջ», կ’ըսէ այս օրերուն վխտացող քաղաքական մեկնաբաններէն մէկը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ արաբական  բոլոր երկիրները ուշք չդարձուցին մամուլին, մամուլի պատերազմին, որ նորօրեայ զէնքերէն մէկն է, գլխաւորը, եթէ ոչ հզօրագոյնը…
«Սիրելի Ամերիկա,- կ’ըսէ իրանցի դեռատի աղջիկ մը,- անցնող 200 տարիներուն դուն խաղաղութիւն եւ տէմոքրըսի բերիր, շնորհակալ ենք, բայց… հիմա ատենն է որ փոխադարձենք՝ կը խնդրենք որ ա՛լ փոխես արտաքին քաղաքականութիւնդ. դո՛ւրս ելիր այս շրջանէն, դո՛ւրս ելիր Միջին Արեւելքէն. այս երկիրը չի նմանիր Միջին Արեւելքի մնացեալ երկիրներուն. Իրանը կա՛ր, կա՛յ եւ պիտի՛ մնայ… Իրանը չի՛ սիրեր յարձակիլ, քանդել, պատերազմիլ. Իրանի ժողովուրդը խաղաղասէր ժողովուրդ է, ոչ թէ քեզի նման՝ վայրագ, պատերազմներու սիրահար…»:
Պ՛էտք է իմանանք, թէ «Մարդկային կարեկցանքին անհետ կորսուիլը,  բարբարոսութեան մէջ իյնալու եզրին գտնուող մշակոյթի մը առաջին նշաններէն մէկն է»։
Մարդկային կարեկցանքը սակայն վաղուց է որ անհետ կորսուեր է, նորութիւն չես ըսեր, տիկին փիլիսոփայ Հաննա Ա.
Սպանիոյ վարչապետը կասեցուցեր է տնտեսական յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ…
«Իսրայէլի սիրելի համակիր. ծանր լուր մը ունիմ քեզի տալիք. գիտե՞ս թէ ինչ պատահեր է երէկ Նիւ Եորքի մէջ… Զահրան Մամտանի, իսլամ գաղթականը, որ թունդ ընդդիմադիր է սիոնիստականութեան, ընտրուեր է Նիւ Եորքի քաղաքապետ, Նիւ Եորքի մէջ, ուր հրէական մեծ գաղութ կայ եւ ուր 700 հազար հրեայ ընտրութեան մասնակցեր է… Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ. կը նշանակէ թէ կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան… Ճշմարտութիւնը կը կորսուի՜, կը կորսուի եւ ի վերջոյ ինքզինք կը գտնէ ո՞ւր… զանգուածային գերեզմաններու մէջ…»:
Ինչո՞ւ համար Արեւմուտքի մէջ կան բազմաթիւ կեդրոններ իսլամութիւնն ու արաբականութիւնը ուսումնասիրելու համար, իսկ արաբական երկիրներուն մէջ մէկ հատ նման կեդրոն չկայ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այնտեղ հաճոյքի կեդրոններ կան միայն…
Այս ամբողջ իրարանցումին մէջ յիմար, անտրամաբանական, անհաւատալի լուր մը շրջան կ’ընէ ընկերային ցանցերուն վրայ՝ Ամերիկայի Քոնկրէսը որոշում գոյացուցեր է -թիւ H.R.1161 (կրնաք ճշդել), նախագահ Թրամփին արտօնութիւն տալ Կրին Լէնտը գնելու եւ անունը փոխելու, թէեւ Կրին Լէնտը ըսած ըլլայ՝ «Մենք ծախու չենք…»: Եւ նախագահ Թրամփ ի՞նչ անուն որոշեր է Կրին Լէնտին համար… Կարմիր-Ճերմակ-կապոյտ երկիր Red White and Blue land…
«Ամերիկան ներսէն կը քանդուի կոոոոոոոոր» կը ճչայ մէկը, որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք պաշտօնականօրէն կեցութեան իրավիճակ չունին, դուրս դրուեր են: Ասոր հետեւանքը այն եղեր է, որ սեւ աշխատանք կատարողները պակսեր են… Կրնաք ստեղծուած քաոսը պատկերացնել:
Ի՜նչ հետաքրքրական է, որ Իսրայէլ բոլոր միջոցներով փորձեց պաղեստինցիները դուրս քշել երկրէն, բայց հիմա իսրայէլցիները իրենք են, որ գաղթականութեան ցուպը առած դուրս կու գան իրենց խոստացուած երկրէն (promised land)…
«Ինծի եթէ մնար, անցեալները, երբ Իրան հարիւրաւոր ռումբեր կ’արձակէր, մէկն ալ «սխալմամբ» կրնար Ագսա մզկիթին վրայ իյնալ, հիմնայատակ կործանել զայն եւ տեղ պատրաստել Երրորդ Տաճարին համար», կը յայտարարէ հրեայ լկտի քաղաքագէտ մը, որ նաեւ պետական պաշտօն ունի:
«Ես զիրենք Իսրայէլէն դուրս կ’ուզեմ տեսնել. ատոր համար կրնանք օգտագործել ամէն միջոց, ինչպէս օրինակ արգիլել բոլոր մարդկային օգնութիւնները. եթէ աշխարհի երկիրները զիրենք շատ կը սիրեն, շատ կը մեղքնան, թող իրենց քով առնեն»: Ասիկա ըսողը՝ Տանիէլլա Վայս (Daniella Weiss), թեկնածու է այս տարուան Նոպէլեան… խաղաղութեան մրցանակին, for her decades-long efforts in strengthening Jewish communities and promoting regional stability…: Ասկէ աւելի վաւերական զաւեշտ տեսա՞ծ էք: Բարեբախտաբար տակաւին կա՛ն բաց աչքերով դէպքերը դիտող մարդիկ, որոնք փոթորիկ բարձրացուցեր են ընկերային ցանցերուն վրայ այս խայտառակ թեկնածութեան համար, որ առաջարկուեր էր իսրայէլեան երկու համալսարաններու կողմէ: Հաւանաբար թեկնածութիւնը մերժուի:
Իսկ Քանատայի պետութիւնը ճիգ կը թափէ պաղեստինեան ինքնութիւնը ջնջելու, Պաղեստին ծնած անձերուն արգիլելով Պաղեստինը յիշել իրենց նորոգուած անցագրերուն վրայ, որպէս ծննդավայր: Պատմողը դեռատի գանատուհի մըն է, որ Քանատա ծնած իր մեծ մօր օրինակը կը բերէ, ցոյց կու տայ հին անցագրին նկարը, ուր յստակօրէն նշուած է՝ ծննդավայր՝ Ալ Պասսա Պաղեստին եւ կ’ըսէ՝ «Ասկէ ետք Քանատայի մէջ արտօնուած չես Պաղեստին ծնած ըլլալ»:
Սպանիոյ մէջ շրջանէ մը ի վեր խաչմերուկներու լոյսերուն կարմիրին վրայ գրուած է՝ Stop Israel, իսկ կանաչին վրայ՝ Free Palestine: Յիշեցում, որ ճշմարտութիւն ըլլալուն, թէեւ յիշեցումի պէտք չէ կարօտի, բայց դժբախտաբար այդպէս չէ:
Հրեայ թղթակից Կիտէոն Լէվի կ’ըսէ.
«Երեք սկզբունքային պատճառներ, որոնք հրեաները կը մղեն առանց խղճահարութեան ապրելու այս ահաւոր վայրագութեան մէջ.
Ա. Գրեթէ բոլոր իսրայէլցիները, եթէ ոչ բոլորը, խորապէս կը հաւատան, թէ իրենք Աստուծոյ ընտրեալ ազգն են, եւ կը տրամաբանեն՝ եթէ Աստուծոյ ընտրեալներն ենք, ուրեմն իրաւունք ունինք մեր ուզածը ընելու:
Բ. Պատմութեան մէջ շատ աւելի վայրագ պատերազմներ եղած են. աւելի երկար գրաւումներ եղած են, թէեւ այսօր Իսրայէլ իր գրաւումը կրնայ որպէս  մրցանիշ դիտել: Բայց չէ՛ եղած պատմութեան մէջ այնպէս, որ գրաւողը ինքզինք ոչ միայն որպէս զոհ ներկայացնէ, այլ որպէս ՄԻԱԿ զոհը ներկայացնէ: Ասիկա պատճառ կը դառնայ որ իւրաքանչիւր հրեայ իր կեանքը հանդարտօրէն, առանց խղճահարութեան շարունակէ:
Գ. Երրորդն ու ամէնէն վտանգաւորը՝ հերթականօրէն պաղեստինցիները ներկայացնել որպէս ոչ-մարդկային արարածներ… որովհետեւ եթէ անոնք ան-մարդկային արարածներ են, եթէ անոնք մեզի հաւասար մարդ չեն, ուրեմն մարդկային իրաւանց հարց չի մնար»:
Jeffrey Sachs1 «Կը կարծեմ թէ կարեւոր է գիտնալ, թէ այս պատերազմը ուրկէ՛ կու գայ. անիկա կու գայ Ուաշինկթընէն, ուր 2011 թուականին որոշուած էր գահընկէց ընել նախագահը: Խորքին մէջ սակայն որոշումը կու գար… Երուսաղէմէն, Իսրայէլի պետութեան փափաքը եղած է 25 տարիէ ի վեր. Նաթանիահուն կ’ուզէր Միջին Արեւելքը Իսրայէլի պատկերով «կերտել», քանդելով երկիրը շրջապատող մնացեալ երկիրները, որոնք հակառակ եղած են Ի.ին. Օպամային օրերէն ասիկա որոշուած է,  CIA-ի միջոցով ճիհատիսթներ մտցնել երկիրը եւ քաոս ստեղծել: Սուրիոյ պատերազմը մէկն է ծրագրուած վեց պատերազմներէն, Լիբանանի, Լիպիոյ, Իրաքի, միակ պատերազմը, որ չպատահեցաւ, Իրանի հետ էր (ինչ որ այսօր արդէն կատարուած իրողութիւն է…): Գործողութիւնը կը կոչուէր operation timber sycamore, որուն համար Ուիքիփետիան կ’ըսէ.
««Timber sycamore»-ը զէնքի գաղտնի մատակարարման եւ վարժեցման ծրագիր էր, որ կը վարէր ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հետախուզական գործակալութիւնը (CIA) եւ որուն կ’աջակցէին Մեծ Բրիտանիայի եւ որոշ արաբական հետախուզական ծառայութիւնները, ինչպէս Սէուտական Արաբիոյ հետախուզութեան ծառայութիւնը: Ծրագրին նպատակն էր Սուրիոյ նախագահը իշխանութենէ հեռացնել»:
Եւ վերջապէս՝ հրեայ երիտասարդ մը նկարեր է դիտելու հարթակ մը (viewing platform), ուր իսրայէլացիք կ’երթան Կազզայի ռմբակոծումները դիտելու… No comment.
(1)Ճեֆրի Տէյվիտ Սաքս ամերիկացի տնտեսագէտ եւ հանրային քաղաքականութեան վերլուծաբան է, փրոֆէսոր Քոլումպիայի համալսարանէն ներս, ուր նախապէս տնօրէն եղեր է։ Աշխատեր է կայուն զարգացման եւ տնտեսական զարգացման թեմաներու վրայ:
Մարուշ Երամեան