ՆԱԽԱԲԱՆ
Եթէ բանիմաց մարդիկ ուշի-ուշով հետեւին աշխարհի եւ երկիրներու ճակատագիրին հետ խաղացողներու ըրածին ու չըրածին, շուտով կը հասնին այն եզրակացութեան, որ քիչ մը ամէն տեղ, տեղադրուած են բորբոսած եւ մգլոտած ուղեղներով պաշտօնատարներ:
Օրինակները թուելը հաստափոր հատորներու նիւթ կրնայ դառնալ: Կանգ առնենք քանի մը աղաղակող օրինակի վրայ:
Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ Տուն վերադարձէն ետք, անոր շուրջ կը թաւալին «հանճարե՜ղ» նախարարներ ու պաշտօնատարներ, որոնցմէ մէկը տոն-քիշոթեան արշաւ կը մղէ բժշկագիտութեան դէմ, տժգունացնելով Քենետի ընտանիքին վարկը, օտարերկրացիներու դէմ արշաւները կը փոխադրեն նոյնինքն երկրին վնասող դաշտեր, ուրիշներ կը կազմաքանդեն ընկերային ապահովութեան կառոյցներն ու կրթական համակարգը, այլք կը թմբկահարեն պատերազմներ…
ՆԱԹՕ-ի վերջին գերաստիճանը այլ օրինակ մըն է, եւ ցոյց տուաւ, որ բորբոսը վարկած է նաեւ անդամ երկիրներու շատերուն վարիչներուն ուղեղները: Որոշում տրուեցաւ մօտաւորապէս կրկնապատկելու անդամ երկիրներու պաշտպանութեան պիւտճէները (ոմանք ակամայ միացան որոշումին), եւ սա կը նշանակէ տուրք տալ, ի շարս այլոց ու մասնաւորապէս զէնքի ճարտարարուեստի տէրերուն: Եւրոպայի մէջ ցոյցեր ծագեցան, զանգուածներ արդարօրէն բողոքեցին, որ ժողովուրդին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող կալուածներ կ’արհամարհուին, զարկ կը տրուի կալուածի մը, որուն գլխաւոր «արդիւնաբերութիւնը»… մահ ու աւերի տարածման բազմապատկումն է:
…Երբ նախակրթարանի աշակերտ էի, ունէինք ուսուցիչ մը, որ դասը լաւ չպատրաստող աշակերտներու երեսին կը նետէր. «Այսօր խելքիդ ջուր խառնուած է»: Իսկ «ջրոտած ուղեղ»-ը կը հասնի բորբոսումի ու մգլոտումի:
Այս ախտը մենաշնորհը չէ իշխանականներու, այլ անով վարակուած են զանգուածներ, որոնք, ի տես բոլոր աղէտալի պատահարներուն եւ անոնց աղբիւրներուն՝ կը շարունակեն կուրօրէն քուէ տալ մգլոտած ուղեղներուն: Մեր հայրենիքն ու ընդհանրապէս հայութիւնն ալ զերծ չէ այս ախտէն…
ԱՆՑՆԻՆՔ ՆԻՒԹԻՆ
Այս ճշմարտութիւնները տեսնելով ու դատելով, կրնամ անվարան ըսել, որ Պսակաձեւ ժահրին տարածումէն առաջ ու անկէ ետք, անտեսանելի վարակ մը դարձած է տիրապետող, թէեւ անոր մասին ահազանգեր չեն հնչեր:
Ու մտքիս մէջ ծագեցաւ հարցում մը. եթէ նման համաճարակ մը կայ, արդեօք անոր դէմ ալ պատուաստ գտնուա՞ծ է:
Եւ որովհետեւ ո՛չ բժիշկ եմ, ոչ ալ գիտնական, յարմար նկատեցի դիմել արհեստավարժի մը կարծիքին, տեղեկութիւն քաղել նման բաներէ հասկցողէ, առանց մոռնալու, որ կարգ մը «տիտաններ», երէկ եւ այսօր, կը մերժեն ականջ տալ գիտութեան ձայնին: Հեռաձայնային գրաւոր պատգամի միջոցով կապ պահեցի դեղագործ բարեկամի մը՝ վաղեմի ընկերոջ մը հետ, հարց տալով, որ արդեօք մգլոտած, բորբոս կապած ուղեղները դարմանելու ձեւ մը կա՞յ, դեղ կամ պատուաստ գտնուա՞ծ է: Յիշեցուցի, որ սկովտիացի գիտնական-բժիշկ մը՝ Ալեքսանտր Ֆլեմինկ, պատմութեան անցած է, որովհետեւ եղած է մանրէասպան (antibiotic) առաջին դեղը գտնողը (Փենեսելին), անոր անուան կապուած են նման այլ գիւտեր: Անցեալ դարու 20-ականներէն ասդին, բժշկագիտութիւնը մեծ նուաճումներ արձանագրած է ախտերու եւ վարակներու դէմ պայքարի ճամբուն, նորագոյններէն էր Պսակաձեւին դէմ պատուաստին գիւտը:
Պատասխանը եղաւ մէկ տող՝ ծիծաղող դէմքի գծանկարներու շարք մը…:
Աշխարհն ու թրամփեան (ու նմաններու) քարոզչութենէն՝ այս ախտով վարակուած մարդիկը ձգենք իրենց ճակատագիրին, կեդրոնանանք մեր հայրենիքին վրայ: Ինչպէ՞ս բացատրել այն վիճակը, երբ մեր հայրենիքին հասած ու հասնելիք պատուհասներուն ի տես, տակաւին կան փաղանգներ, որոնք իրենք զիրենք պատանդ կը պահեն իշխանականներուն բորբոսած քարոզչամեքենային (սփիւռքցիներ ալ զերծ չեն այս ախտէն): Կը տեսնեն, որ Արցախը կորսնցուցինք, քաղաքականութիւն, դիւանագիտութիւն, բանակ եւ քիչ մը ամէն բան նահանջէ-նահանջ, կորուստէ-կորուստ կ’երթայ, եւ սակայն, «ապագայ կայ» սնանկացած նշանախօսքին կը հաւատան: Կը տեսնեն՝ որ իշխանապետն ու «ուսապարկեր»-ը քայլ առ քայլ կը գործադրեն թուրք-ազերիական ծրագիրները, որոնց ընդհանուր խորագիրն է համաթուրանականութիւն, եւ սակայն, կը մնան կրաւորական, ձեռքերը չեն միացներ հայրենիքի փրկութեան ԳՈՐԾին: Ընդդիմադիրներ, իշխանութեան ձախաւերութիւններն ու դաւաճանական արարքները քննադատողներ, բացայայտողներ՝ փաղանգ-փաղանգ կը ձերբակալուին, ազգապահպանման յենարաններ՝ կուսակցութիւններ ու եկեղեցի հալածանքի կ’ենթարկուին Ցեղասպանին ու Ստալինի ոճով, ՔՊ-ական մը կը սպառնայ Դաշնակցութիւնը արգիլեալ յայտարարել (*), եւ սակայն, դիմադրական քայլերը կը մնան մասնատուած, շատերու համար՝ անհաղորդ: Էջմիածինի վրայ յարձակումն իսկ չստեղծեց սպասուած՝ համընդհանուր շարժումը: Նոյնը եղած էր նոյնինքն ժողովուրդին վրայ յարձակումներուն պարագային, երբ, օրինակի համար՝ իշխանաւորին պահակները ձայնային ռումբեր արձակեցին խաղաղ ցուցարարներու վրայ, նահատակներու ընտանիքի անդամներ բռնութեան ենթարկեցին Եռաբլուրի մէջ: Վաղը, եթէ Ատրպէյճան ի վերջոյ Հայաստանի կոկորդն ի վար հրէ քանի մը հարիւր-հազար ազերիներու Հայաստանի մէջ բնակեցման իր «խոստումը», արդեօք «ազգընտիր»-ը՝ «մանտաթ ունիմ, ինչ որ ուզեմ՝ կ’ընեմ» ըսողը պիտի յայտարարէ՞, որ այդ ալ… նախկիններուն գործն է: Արդեօք քանի՞ «նախկին» իրեն հետ Թուրքիա գնաց քանի մը օր առաջ, նոր հրահանգներ ստանալու եւ նոր խոստումներ տալու համար: Բորբոս կապած ուղեղները պիտի շարունակե՞ն աչք ու ականջ փակել նոր պատուհասներուն վրայ:
ՓՈՇԻԻ ԱՄՊԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
ՔՊ-ապետին Թուրքիա այցելութենէն առաջ եւ մա՛նաւանդ անկէ ետք, Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ իրերայաջորդ փոթորիկներ պայթեցան, ստեղծեցին փոշի ամպեր, որոնք ներգրաւեցին քաղաքական մարդոց ու հասարակութեան ամբողջ ուշադրութիւնը: Մանրամասնութիւնները կրկնելն աւելորդ է:
Այս փոթորիկներուն բացայայտ բայց չյայտարարուած նպատակներէն մէկն ալ, անկասկած, ազգին ուշադրութիւնը հեռացնելն է վերահաս վտանգներէն ու հաւանական (համաձայնեցուած) կորուստներէն, որոնք պատրաստուած եւ թշնամիներու խոհանոցին մէջ, իսկ ճաշամատոյցի պաշտօնը ստանձնած են ՔՊ-ա(ն)պետն ու կողքին գործողները: Եթէ Դանիէլ Վարուժան այսօր մեզի հետ ըլլար, տարբեր մօտեցումով «վարդահեղեղ արշալոյսի մը ոտնաձայնը», դուք ըսէք՝ հայրենիքի արեւամուտին «աւետիսը» պիտի լսէր:
Սա աննախընթաց վիճակ չէ. փաստօրէն, թուրք-ազերիական իւրաքանչիւր պահանջի գործադրութենէն առաջ, այսպիսի «կողմնակի» փոթորիկներ կը սարքուին, որպէսզի ազգը, բարձրացած փոշիի ամպին փարատումէն ետք, տեսնէ, որ նոր կատարուած վիճակի մը՝ նոր նահանջի եւ կորուստի առջեւ կանգնած է:
Իշխանականներուն բարձրացուցած փոշիի ամպը միայնակ չէ, որովհետեւ իբրեւ բնական հակազդեցութիւն՝ ընդդիմադիր շրջանակին մէջ ալ ստեղծուած են, բնականաբար, ժամանակաւոր փոթորիկներ: Չենք կրնար ըսել, որ բորբոսը վարակած է ընդդիմադիր դաշտը, սակայն «ցուլը կոտոշներն բռնելով զսպելու» քայլը կ’ուշանայ: Իշխանաւորներուն պարտադրած շեղումներուն դիմաց, կան վախճանական նպատակէն շեղող, անխուսափելիին իրականացումը ուշացնող վիճակներ: Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ այս իշխանութեան օր առաջ հեռացումն ու ազգային շահերու պաշտպաններու վարչակազմով մը փոխարինումը անյետաձգելի հրամայական է, եւ սակայն, կը ստեղծուին, կամայ թէ ակամայ, կողմնակի վէճեր, հակադրութիւններ: Յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները կը դիտուին իբրեւ բարեշրջման մեկնակէտ:
Ուշացման, ուշադրութիւններու պարտադիր շեղումի այլ պատճառ մըն է (կը կրկնուի վերջին օրերուն), այս կամ այն ԱՆՀԱՏին շուրջ խմբուելու բանավէճերն ու կարծիքներու առատութիւնը: ԲՈԼՈՐ ԱՆՀԱՏՆԵՐՆ ալ կարեւոր են, սակայն ԱՆՀԱՏԱԿԵԴՐՈՆ վարքագիծին կառչած մնալը կը նմանի իշխանաւորներուն ըրածը անուղղակիօրէն օրինակելու: ՔՊ-ապետին իշխանազրկման քայլը, այս կամ այն անհատը բեմին կեդրոնը բերելու ճիգերէն աւելի՝ կը կարօտի ըստ կարելւոյն ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԸ, ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷԶԻ մը պատրաստութեան (հաւանաբար հոս-հոն կան մասնակի ծրագիրներ, որոնք պէտք է օր առաջ միաւորել մէկ տարազի մէջ), որպէսզի անհատներ ու քաղաքական խմբաւորումներ, կուսակցութիւններ, նա՛եւ անոնք՝ որոնք վերջին տարիներուն այս կամ այն պատճառով ինքնամեկուսացումի գացին, կարենան հերիսայի ՄԻԱՑԵԱԼ ԿԱԹՍԱՆ սարքել, ի հարկին որդեգրել Խրիմեան Հայրիկի պատգամը (**), իրենց միջոցներն ու կարողութիւնները, մանաւանդ հայրենանպաստ կապերը ի մի բերեն: Եւ այդ ծրագիրը, իր քաղաքական, տնտեսական, ապահովական-բանակային, մշակութային եւ բազում այլ ենթաբաժանումներուն շարքին, պէտք է ընդգրկէ ԱԶԳԻ ՎԵՐԱՄԻԱՒՈՐՈՒՄԸ, սեւ-սպիտակի, Հայաստան-Սփիւռք, հին-նորի եւ բազում այլ բաժանուածութիւններու դարմանումը: Նման քայլ, ի շարս շատ բաներու՝ պիտի դարմանէ նաեւ… բորբոս կապած զանգուածին ուղեղը, զայն պիտի ազատագրէ այսօրուան իշխանաւորներու սուտ ու կեղծ քարոզչութեան պատանդ մնալու թմրած վիճակէն:
Ասոր համար, նոր Ֆլեմինկներ չփնտռենք, այլ միացեալ ձեռքերով եւ անյապաղ կատարենք ախտահանման գործը:
(*) Սպառնացող ՔՊ-ականը անուղղակի խոստովանութիւն մը կատարեց, ըսելով, որ պիտի ստուգուի, թէ Դաշնակցութիւնը ահաբեկչական կուսակցութի՞ւն է: Թուրքիա միակն է, որ Դաշնակցութիւնը «ահաբեկչական» կ’որակէ…
(**) Այս տողերուն մէջ հակաօրինական քայլերու հրաւէրի նշոյլ պէտք չէ փնտռել, այլ մտաբերել, որ իշխանականները ամէն օր կ’ոտնակոխեն օրէնք ու արդարադատութիւն, մարդկային իրաւունքներ ու Սահմանադրութիւն: «Երկաթէ Շերեփ»-ի գործածութիւնը միակ ընտրանքը չէ, յամենայնդէպս, այլ մէկ մասնիկը՝ պետութիւնը կորուստէ փրկելու գործին:
Ս. Մահսերէճեան