Ափսո՜ս, 20-րդ դարու շեմին, Սուրիա (Հալէպ)-Լիբանան, որպէս մէկ տարածք ոչինչ ժառանգած էին իրենց անցեալի փառքէն որպէս շահաստան եւ վաճառականական տարածք:
Անոնք անդամալոյծ եղած էին նախորդ դարու միջազգային եւ տեղական դէպքերէն: Այնթապի հայ ներկարարները, որոնք մաս կը կազմէին Հալէպի վիլայէթին, մասնաւորաբար 1869-էն ետք, մեծ ջանքերով կը փորձէին թիկունք կանգնիլ օրէ օր մաշող հիւսուածեղէնի վաճառականութեան: Հայ ժողովուրդի զաւակներ, գործարարներ, չուշացան դրացի երկրի Հալէպ քաղաքին մէջ նոր ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ մշակելու:
Օրինակ՝ Թօփճեան ընտանիքի անդամները եղան գործադիրներ շինարարութեան եւ ճարտարարուեստի: Գրիգոր Մազլումեան եւ զաւակունք հիմնեցին Սուրիոյ (Հալէպ)- Լիբանանի առաջին միջազգային չափանիշեր վայելող պանդոկը: Յովհաննէս Տապպաղեան՝ խաղախորդութեան եւ կաշիի գործարանը (էլ Ֆէտ): Տոքթ. Ասատուր Ալթունեան՝ միջազգային համբաւ վայելող եւ Միջին Արեւելքի մէջ եզակի հիւանդանոցը:
Արաբ ճարտարագէտներու երկրորդ համագումարին, 1946-ին, ճարտգ. Վիքթոր Քորանլի իր արտասանած զեկոյցին մէջ կ’ըսէ. «Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ, Սուրիա(Հալէպ)-Լիբանան ճարտարարուեստի ոչ մէկ հետք կար, հոն կային միայն հնամաշ արհեստներ եւ կարեւորագոյնը ձեռային հիւսուածեղէնի թեզկեահներ (Սուրիա – Հալէպ – Լիբանան ընդամէնը 13. 000 ձեռային թեզկեահ), ձիթապտուղի ձէթի արտահանման նախնական աշխատանքներ եւ օճառի աշխատանոցներ։ Կարելի է ըսել, որ երկիրը աղքատ էր ճարտարարուեստի մարդուժով, վառելանիւթով եւ ատաղձով»:
Վերջապէս 1920-1945 շրջանի Union des ingeniers et techniciens de la France combattante – section du levant * 25 Ans D’Efforts Francais Au Levant-ի 1944-ի հրատարակութիւնը կը յիշատակէ, որ Ֆրանսական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին ու գործադրեցին լայնածաւալ աշխատանքներ՝ Սուրիա(Հալէպ)-Լիբանան հաստատելով երկրի կալուածատոմարը, երկրաբաշխութեան մեկնակէտերը, քաղաքաշինութիւնը, 1928-էն քաղաքներու մասնաւորաբար Հալէպի ելեկտրականացումը, վերահաստատեցին երկաթուղագիծեր, ասֆալթապատ ճամբաներ, շինեցին մեծ ու փոքր կամուրջներ, օդակայաններ, նաւահանգիստներ, շահագործեցին կուպրի, աղի եւ լուսածնատի հանքեր, Իրաքի քարիւղը փոխադրեցին ծովեզերք, կառուցեցին քարիւղի զտարան, ձիթապտուղի ձէթի արտահանման նոր աշխատանոցներ եւ պահածոյ ուտեստեղէնի գործարաններ, որոնք հանդիսացան նոր ճարտարարուեստի մարդուժի կերտման մեծ խթան երկրին համար: Այս վերաշինուող երկրին մէջ հայ անհատը միշտ ալ ներկայ էր իր համեստ ուժով ու կորովով: Օրինակ՝ Սուրիոյ առաջատար հաստատութիւններէն է «ՆշԱրթՎա»-ն, որ ծնունդ կ’առնէ որպէս միտք, երեք բնիկ տիգրանակերտցի երիտասարդներու միջեւ փոխանակուած նամակներուն մէջ, 1925-էն, ապա իրականութիւն կը դառնայ 1928-ին, երբ Հալէպ կ’օժտուի ելեկտրական հոսանքով, հանդիսանալով նախօրինակը Սուրիոյ նորագոյն ժամանակներու ճարտարարուեստին:
Երեք հայրենակիցներ՝ Նշան Փալանճեան, Յարութիւն (Արթին) Որբերեան եւ Վահան Աճէմեան ձեռք-ձեռքի տալով կը հիմնեն մետաքսի հիւսուածեղէնի գործարան մը, մկրտելով զայն «ՆշԱրթՎա» անունով, Նորգիւղի 4-րդ թաղամասին մէջ: Ան ունէր 2 յարկեր, գետնայարկը յատկացուած մետաքսի հիւսուածեղէնի (16/ 21/ 32) թեզկեահ մեքենաներով, իսկ առաջին յարկը յատկացուած տպածոյի (Պասմա), 2 սեղաններով: Ունեցած է նաեւ յարակից բաժիններ՝ փաթթող եւ մասրա լեցնող: Պիթիասի մէջ ունեցած է նաեւ այլ բաժանում մը, ուր կը պատրաստուէր մետաքսի ատաղձը շերամաբուծերու կողմէ եւ տնօրէնն էր Հրաչ Փափազեան: Իսկ պատրաստ ապրանքի վաճառումը եւ ցրուումը կ’ըլլար Համամ ալ-Թել, թիւ 18, Խան ալ-Հարիրի Խաչատուր Շահինի շէնքէն, հեռաձայն 2-33: Այս հաստատութիւնը իր տեսակին մէջ առաջատար ձեռնարկ մըն էր, որ կը դառնար մեծ բարիք մը, յոյսի ու բարօրութեան եւ նորակառոյց հայ ընտանիքի ամրապնդման ազդակ մը, տասնեակ տարաբախտ հայորդիներու, որոնք կարիքը ունէին աշխատանքի եւ օրապահիկի ապահովման: Պիթիասի բաժնի տնօրէնութիւնը կը վարէր Հրաչ Փափազեան, ինչպէս յիշուած է վերը, իսկ 1937 – 1947-ին գործարանի տնօրէնն էր Վահէ Սէթեան, իր կողքին, հաշուապահ ունենալով՝ Տիգրան Մակարեան եւ Յակոբ Ալեքսանեան:
1934-ին Յարութիւն Որբերեան կը քաշուի հաստատութենէն իր տեղը յանձնելով հայրենակից Դեղարարեան եղբայրներուն (Մարտիրոս, Զայրմայր եւ Պարգեւ)։
Սակայն 1942-ին Վահան Աճէմեան կը մահանայ, իսկ 1944-ին Նշան Փալանճեան՝ Եգիպտոս։ Մարտիրոսի եղբայրները եւս կը քաշուին գործէն։ Մարտիրոս առանձին կը շարունակէ մինչեւ 1947, որմէ ետք գործարանը իր մեքենաներով կը փոխադրէ Պէյրութ ու կ’աւելցնէ 8 նոր զուիցերական սարքեր, սակայն նոյն տարին իր ինքնաշարժով Պէյրութի մէջ ծովամոյն կ’ըլլայ։ Մարտիրոսի եղերական մահով 1948-ին վերջնականապէս կը փակուի «ՆշԱրթՎա» հաստատութիւնը, իր կարճատեւ ընթացքով Սուրիոյ Ճարտարարուստի էջերուն արձանագրելով յաջող փորձ մը:
Ցեղասպանութեան, ջարդի եւ տեղահանութեան ոճրագործութիւնը ոչ թէ միայն թողած էր 1,5 միլիոն զոհեր եւ տասնեակ հարիւրաւոր որբեր, այլ հազարաւոր աղէտեալներ, անկարողներ, հաշմանդամներ, աչազուրկներ եւ այլ ու այլ տարաշխարհիկ անակնկալներ:
Այս ոչ-սովորական պայմաններուն, ծնունդ կ’առնէր մէկ այլ տնտես հաստատութիւն մը «Աչազուրկներու Յառաջդիմասէր Միութիւն» անունով եւ իր կեդրոն աշխատանոցը կը հաստատէր Նորգիւղի (Իպն ալ-Ֆարէտ) փողոցին մէջ (ալ-Ֆայհաա) փողոցի երկարութեան:
Անոնք կը պատրաստէին զանազան տեսակի խոզանակներ ու վրձիններ աչազուրկներու ձեռքով, տեղական շուկային համար։ Հաստատութիւնը շարունակուած է թերեւս մինչեւ 20-րդ դարու վաթսունական թուականներ: Գործի տեսականի մը, որ նորութիւն էր նաեւ Սուրիոյ շուկային:
Նմանապէս Ծատուր Շահուէգիլեան անունով հայորդի մը Պուսթան Քլապի գլխաւոր փողոցին մէջ կը հիմնէ աշխատանոց մը, անդամազուրկներու յարադիր մասեր պատրաստելու: Գործ մը, որ բոլորովին նորութիւն էր Սուրիոյ համար։ Ան գործը շարունակած է մինչեւ 1940-ականներ, որմէ ետք աշխատանքը շարունակուած է իր պատրաստած սերունդներուն կողմէ, զայն դարձնելով հայու մենաշնորհուած արհեստ մը, որ ներմուծուած է Սուրիական շուկայ:
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան