Շաբաթ, 21 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայրերու օրուան նուիրուած յատուկ երգահանդէս, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ՝ Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ թաղականութեան:
Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան բացման բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք ըսաւ. «Հայրերը մեր կեանքի անհատելի բանաստեղծութիւնն են։ Անոնց խօսքը՝ մեր խղճմտանքի ձայնը։ Անոնց օրինակը՝ մեր ճամբան լուսաւորող ճրագը։ Անոնց սէրը՝ անշէջ կրակ մը, որ կը տաքցնէ մեր սիրտերը»: ապա, Քահանայ հայրը հրաւիրեց ներկաներուն ուշադրութեամբ ունկնդրել Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արքեպիսկոպոսի սրտի խօսքը եւ հայրական պատգամը, հայրերու տօնի առիթով ուղղուած ի մասնաւորի Գամիշլիահայութեան եւ ընդհանուր հայութեան:
Սրբազան հայրը տեսաերիզով իր հայրական ողջոյնը ուղղեց ներկաներուն ապա ըսաւ. «Հայրութիւնը ինքնին Աստուածային մեծագոյն կոչումներէն մէկն է, առաքելութիւն է, պատիւ է, մեծ արժէք է։ Երանի բոլոր անոնց որոնք ունին գիտակցութիւն եւ բարձրագոյն պատասխանատութեան հոգիով կը նուիրուին, կը փորձեն իրենց կարելին՝ արժեւորելու Աստուածատուր այս կոչումը եւ առաքելութիւնը»։
Իր խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, անոնց մաղթելով երկար եւ առողջ կեանք:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ։ Մարինէ Գրիգորեան բեմ հրաւիրեց երգչուհի Մարիա Չիչեանը՝ իր հայաշունչ, թաղցր ձայնով ճոխացնելու հայրերու օրուան երգահանդէսը: Անոր կ՚ընկերակցէին DJ Nareg-ը եւ երգահոնահար Ներսէս Թոփճեանը։
Յատնենք, որ սրահի յարդարանքը պատարստուած էր Թամար Շարոյեան – Սարգիսեան-ի (patils baloon decoration) կողմէ: